Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, մեկնաբանելով Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն Տեր Լէյենի յայտարարութիւնը՝ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ՝ բանալու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանը, սակայն, Եւրոպան կապ չունի այս բոլորին հետ՝ անոր յայտարարութիւնը տարօրինակ համարելով:
Յիշեցնենք, որ ֆոն Տեր Լէյեն յայտնած էր, թէ ինք յոյս ունի, որ «Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ համագործութեան համար»: Զարմանք յայտնելով Ուրսուլա ֆոն Տեր Լէյենի այս խօսքին համար, Ալիեւ յայտնեց, որ՝ «շատ տարօրինակ էր, որովհետեւ այդ միջանցքը կայ, եւ Հայաստան անոր մէջ որեւէ դեր չի խաղար»:
«Մենք կրնանք հասկնալ եւրոպացի պետական պաշտօնեաներուն զգացմունքները Հայաստանի նկատմամբ, բայց քարտէսը կարելի չէ անտեսել: Եւ ինքնին մենք՝ Վրաստան եւ Ատրպէյճան, ստեղծեցինք այս ամբողջ ենթակառուցուածքը, որ այսօր Եւրոպային կարելիութիւն կու տայ կապ հաստատելու Կեդրոնական Ասիոյ հետ՝ վրացական ծովային նաւահանգիստները, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագիծը, ատրպէյճանական նաւահանգիստը Ալեաթի մէջ, Կասպեան նաւագնացութեան ընկերութիւնը, որ առանցքային նշանակութիւն ունի փոխադրութիւններուն համար: Այս բոլորը կ՛անտեսուին, բայց որքան գումար ներդրուած է: Մենք միայն կոչեր կը լսենք բանալու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանը: Ի՞նչ կապ ունի Եւրոպան ասոր հետ: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները անոնց գործը չէ: Եւրոպական Միութիւնը որքան հեռու ըլլայ այս հարցերէն, այնքան լաւ է բոլորին համար», յայտարարեց Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ քննարկուող նախագիծերէն մէկը Հայաստանը շրջանցող երթեւեկի հաղորդակցութեան կապի կառուցումն է, որ Նախիջեւանը Իրանի տարածքով պիտի կապէ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին: