
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է ժողովրդային արշաւի մը՝ կոչ ընելով նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ ջնջելու Ամերիկայի Արտածման-Ներածման (EXIM) դրամատան անպատասխանատու որոշումը՝ 339 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգին հովանիին տակ գործող Silk Way West օդանաւային ընկերութեան, որ զէնքի առեւտուրով կը զբաղի եւ հայութեան դէմ գործածուած զէնքեր հասցուցած է Ատրպէյճան։
Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններուն, որ մասնակցին anca.org/exim կայքէջին միջոցով իրականացուող արշաւին, որպէսզի կասեցուի նշեալ օդանաւային ընկերութեան կողմէ յաւելեալ Boeing օդանաւեր գնելու փորձը։
Silk Way-ը սերտ կապեր ունի Պաքուի եւ բազմաթիւ առիթներով զէնքեր փոխադրած է հակամարտութեան գօտիներ, ներառեալ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին՝ 2020ին եւ 2023ին։
Զէնքի փոխադրութիւնները փաստագրուած են Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ զեղծարարութեան լրատուութեան նախագիծին (OCCRP), «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» կայանին (RFE/RL), The Washington Post-ի եւ այլոց կողմէ։
«Այս վտանգաւոր եւ խորապէս անպատասխանատու վարկը կ՛երաշխաւորէ մահաբեր բեռներու առաքումը, զէնքի շարունակական փոխադրութիւնը Ատրպէյճանի ցեղասպան Ալիեւի վարչակարգին», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով. «EXIM դրամատան որոշումը ոչ միայն բարոյապէս անընդունելի է, այլ նաեւ ռազմավարական առումով կարճատես է. անիկա պիտի օժանդակէ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն, դէմ է ամերիկեան օրէնքներուն եւ մեր միջազգային պարտաւորութիւններուն ու համընդհանուր մարդասիրական արժէքներուն: Նախագահ Թրամփ պէտք է անյապաղ կասեցնէ այս վարկը եւ պահպանէ Ամերիկայի յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան եւ հալածուած քրիստոնեաներու պաշտպանութեան նկատմամբ»:
Նշենք, որ RFE/RL-ի, OCCRP-ի եւ The Washington Post-ի կողմէ հետաքննական լրագրութեան փաստերը կը հաստատեն, որ Silk Way-ի օդանաւերը բազմաթիւ առիթներով զէնքի առաքումներ իրականացուցած են Իսրայէլէն Պաքու, ներառեալ առնուազն վեց թռիչքներ միայն 2025ի առաջին ամիսներուն:
EXIM դրամատունը 2014ին 420 միլիոնի, իսկ 2017ին մէկ միլիառ տոլարի վարկեր տրամադրած է Silk Way-ին, որ գումարները օգտագործած է յաւելեալ օդանաւեր գնելու եւ ընդարձակելու հակամարտութեան գօտիներ, ներառեալ՝ Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելք, զէնք տեղափոխելու իր գործունէութիւնը:
«Ամերիկահայերը չեն կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ մեր կառավարութիւնը վարկեր կը տրամադրէ այն ընկերութեան, որ մեղսակից է քաղաքացիներու ռմբակոծման եւ մեր պապենական հայրենիքի ոչնչացումին», եզրակացուց Համբարեան: