Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ, 11 Ապրիլին, 15 հայ ռազմագերիներ, ինչպէս նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործով «տուժող» նկատուող ատրպէյճանցի քաղաքացիներ հարցաքննուելու սկսան:
Անկախ լրատուամիջոցներու, փաստաբաններու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեան ընթացող դատավարութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդեց պետական «Ազերթաճ»ը` տեղեկացնելով, որ Ստեփանակերտի նախկին բնակչուհի, տուժող 72ամեայ Նազէյքա Աթաքիշիեւա պատմեց, որ Ղարաբաղի Մետաքսի գործարանին մէջ՝ իբրեւ ջուլհակ աշխատած է: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան նոյն գործարանին մէջ իրեն հետ կ՛աշխատէր եւ սարքեր իւղելու գործով կը զբաղէր, աւելի ուշ Քոչարեան դարձաւ կոմսոմոլի քարտուղար, ապա հակաատրպէյճանական շարժումին՝ առանցքային մասնակցողներէն մէկը:
Աթաքշիեւա նաեւ պատմեց, թէ Ստեփանակերտի մէջ այդ օրերուն լաւ վերաբերում չէին ցուցաբերեր ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ, իսկ 1988էն ետք վիճակը աւելի վատթարացաւ: Ըստ անոր՝ հայերը իր վրայ քարեր կը նետէին: 72ամեայ ատրպէյճանցին պնդած է, թէ 1988ին իր տունը թալանած են եւ քանդած, որմէ ետք ստիպուած ընտանիքով հեռացած է Աղդամ:
Նախօրէին Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ ատրպէյճանցի մեղադրողին հարցումներուն պատասխանեցին Հայաստանի 6 քաղաքացիներ` Լեւոն Բալայեան, Մելիքսէթ Փաշանեան, Դաւիթ Ալաւերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Վասիլի Բեգլարեան եւ Էրիկ Ղազարեան: Անոնք Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հետ կը մեղադրուին ահաբեկչութեան, ապօրինի խմբաւորում ստեղծելու, անդամակցելու եւ ռազմական շարք մը ծանր յանցագործութիւններու մէջ:
2023ին, Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումէն ետք գերի դարձած Դաւիթ Ալաւերդեան, պատասխանելով ատրպէյճանցի մեղադրողին հարցումներուն՝ տեղեկացուց, որ ինք ուսանած է Ստեփանակերտի համալսարանին մէջ, զինուորական ծառայութիւն կատարած է Ասկերանի մէջ: 2020էն սկսեալ, պաշտօններ վարած է գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ, եղած է Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարի խորհրդական: Ըստ «Ազերթաճ»ի՝ Դաւիթ Ալաւերդեան ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցորեն կ՛աճեցնէին եւ զայն կ՛ուղարկէի Հայաստան: Ի դէպ, Դաւիթ Ալաւերդեան, նախօրէին հարցաքննուած Մելիքսէթ Փաշայեանի համագիւղացին է, Ասկերանի Սզնէք գիւղէն:
Նոյն գիւղէն է նաեւ Ատրպէյճանի դատարանին առջեւ կանգնած Գուրգէն Ստեփանեան: Հակառակ անոր որ ան ծնած է Ջերմուկ, սակայն բնակած է Արցախի մէջ, աշխատած է իբրեւ վարպետ թէ՛ Սզնեքի եւ թէ Ստեփանակերտի մէջ:
Հարցաքննուած Հայաստանի այլ քաղաքացի մը` 46ամեայ Լեւոն Բալայեան, պատմեց, որ ծնած է Պաքու, մասնակցած է 2020ի 44օրեայ պատերազմին: Հարցաքննութեան ատեն ան դժուարացաւ պատասխանել ատրպէյճանցի դատախազին հարցումներուն: Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար, գերեվարուած Դաւիթ Բաբայեան, ըստ «Ազերթաճ»ի, փորձեց օգնել Լեւոն Բալայեանին եւ այդ պատճառով զգուշացում ստացաւ դատաւորէն։ Անկէ ետք Լ. Բալայեան ըսաւ, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք ծառայած է պաշտպանական բանակին մէջ եւ ստացած 400-500 ամերիկեան տոլար աշխատավարձ:
Դատարանին առջեւ կանգնած Հայաստանի այլ քաղաքացի մը` Էրիկ Ղազարեան, պատմեց, որ 2021ին գացած է Ստեփանակերտ Ղափանէն՝ զինուորական ծառայութեան կատարելու նպատակով: Ինք Ստացած է ամսական 400 հազար դրամ աշխատավարձ: Ղազարեան, ըստ «Ազերթաճ»ի, բացատրեց, որ Հայաստանի ոեւէ քաղաքացի կրնար Արցախի մէջ դիմել զինուորական ծառայութեան, անոր համար կար մէկ նախապայման` փոխել բնակութեան եւ արձանագրութեան վայրը: