
Վատիկանի Հայրապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ (Հռոմի Յիսուսեան հայրերու համալսարանի սրահներէն մէկը Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը դրամով վարձու առած էր, որպէսզի իրենց կեղծ դասախօսութիւնը կատարէ) տեղի ունեցող «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին վերաբերող բողոք արտայայտեցին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ դատապարտելով հակահայ այդ նախաձեռնութիւնը։
Ստորեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի դատապարտումը.
«Սոյն թուականի Ապրիլի 10ին Հռոմի պապական Գրիգորեան համալսարանում Սուրբ Աթոռում Ադրբեջանի դեսպանութեան եւ ադրբեջանական որոշ կազմակերպութիւնների նախաձեռնութեամբ տեղի է ունեցել «Քրիստոնէութիւնը Ադրբեջանում. պատմութիւն եւ արդի ժամանակներ» վերտառութեամբ միջոցառում` տարբեր երկրների ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ:
«Միջոցառման ընթացքում ադրբեջանական քարոզչամեքենայի նախաձեռնութեամբ հերթական անգամ փորձ է արուել ժխտելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հայկական պատկանելութիւնը, խեղաթիւրելու պատմական իրողութիւնները` այն հետագայում իւրացնելու չարամիտ նպատակով:
«Այս ամէնը տեղի է ունենում, երբ տակաւին միջազգային հանրութեան կողմից պատշաճ գնահատականներ չեն տրուել Ադրբեջանի իրականացրած ցեղասպան գործողութիւններին, Արցախից բռնի տեղահանուած ողջ հայութեան հիմնարար իրաւունքների ոտնահարմանը, Բաքուի բանտերում պահուող հայ ռազմագերիների նկատմամբ իրականացուող անօրինական ու նուաստացուցիչ գործողութիւններին, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ հայկական հետքերի իսպառ ոչնչացման դէպքերին:
«Ցաւում ենք, որ կաթոլիկ բարձրագոյն կրթական հաստատութեան հարկից ներս թոյլատրուել է կազմակերպել նման հակագիտական միջոցառում:
«Այս առնչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միջեկեղեցական հաղորդակցութեան ընկալեալ շրջանակներում նախաձեռնելու է անհրաժեշտ քայլեր»:

Արամ Ա. կաթողիկոս 11 Ապրիլին, Վատիկանի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատուին՝ կարտինալ Ք. Կիւճերոթիին ուղղած իր նամակին մէջ իր խոր ցաւը եւ ընդվզումը կը յայտնէ, եւ թէ յիշեալ համագումարին միակողմանի կերպով կազմակերպումը՝ անոր քննարկելիք նիւթերուն եւ դասախօսներուն, յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հետ աղերս ունեցող նիւթերուն վերաբերեալ, եւ հայ դասախօսներու բացակայութիւնը՝ բացայայտ անարդարութիւն մըն է պատմական ճշմարտութեան դէմ:
Արամ Ա. կարտինալ Կիւճերոթիին, որ յայտնի հայագէտ մըն է, կը յիշեցնէ, որ քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ սերտ յարաբերութիւն գոյութիւն ունեցած է հայ եւ աղուանից եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ գործօն ու կազմակերպ ներկայութիւնը Արցախի մէջ մինչեւ ներկայ օրերուն: Նոյն նամակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը նաեւ կը յիշեցնէ Ատրպէյճանի իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած բռնի տեղահանումը Արցախի հայ ժողովուրդին՝ իբրեւ արդիւնք անոր ցեղասպանական քաղաքականութեան: Նոյն ատեն, կաթողիկոսը կընդգծէ, որ Վատիկանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած դրական մօտեցումը Արցախի հայութեան վերաբերեալ հարցերուն նկատմամբ՝ յայտնելով, թէ ինք վստահ է, որ Վատիկանի իշխանութիւնները չեն բաժներ յիշեալ համագումարին միակողմանի եւ անճիշդ մօտեցումները: