Փոխնախարարը Կը Պնդէ, Թէ Կրակոցները Անհասցէ Են
Ատրպէյճանի բանակին` գրեթէ մէկ ամիսէ ի վեր շարունակուող ամէնօրեայ կրակոցներուն թիրախը այս անգամ դարձաւ Սիւնիքի մարզի Խնածախ գիւղի Մշակոյթի տունը, որ վնասներ ստացաւ:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը կողքին նաեւ լուսանկարներ հրապարակեց՝ յայտնելով, որ կրակոցները սկսան երեկոյեան ժամը 10:20ի սահմաններուն մէջ, եւ վիրաւորներ չկան:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը, որ անցեալ շաբաթներուն յաճախ կը պնդէր, որ ատրպէյճանցիներուն կրակոցները վտանգաւոր չեն եւ դէպի Հայաստանի տարածքը չեն ուղղուած՝ Պաքուէն պարզաբանում կ՛ակնկալէ. «Ադրբեջանական կողմին կոչ ենք անում հետաքննել Խնածախի մշակոյթի տան գնդակոծման փաստը եւ հանդէս գալ հրապարակային պարզաբանումներով»:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը միայն արձագանգեց` պնդելով, թէ հայկական կողմը անհիմն եւ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւն մը տարածած է: Պաքուէն նաեւ վստահեցուցին, թէ՝ «համարժէք միջոցներու կը ձեռնարկուի միայն ատրպէյճանական դիրքերը ռմբակոծող հայկական զինուած ուժերու սադրանքներուն իբրեւ պատասխան»:
«Մենք անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները երբեք կրակ չեն բանար քաղաքացիներու եւ քաղաքացիական կառոյցներու վրայ», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Մինչ այդ, Սիւնիքի սահմանամերձ բնակավայրին մէջ մարդիկ օրերը կը հաշուեն եւ կը սրտնեղին, որ շուտով պիտի ամբողջանայ մէկ ամիսը, երբ ատրպէյճանցիներուն արձակած փամփուշտները չեն դադրիր: Անոնք նոյնիսկ կը մտածեն շրջանէն հեռանալու մասին:
Մինչ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ մարդիկ գրեթէ ամէնօրեայ կրակոցներու մասին պաշտօնատարներէն յուսադրող լուրի մը կը սպասեն՝ պաշտպանութեան փոխնախարար Արման Սարգսեան 14 Ապրիլին խորհրդարանին մէջ իր յայտարարութեամբ առաւել մտահոգեց զանոնք. Սարգսեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին դարձեալ վստահեցուց, որ սահմանին իրավիճակը կայուն է՝ կրակոցները անհասցէ են: «Այս պահին յարաբերականօրէն կայուն է իրադրութիւնը, այդ ձեր վկայակոչած կրակոցները, երբեմն որոնք տեղի են ունենում, դրանք ոչ նշանառու կրակոցներ են, անհասցէ, սակաւաթիւ` կարող եմ ասել, եթէ անգամ, դուք ասում էք, կրակոցներ կան», ըսաւ Սարգսեան։ Արձագանգելով դիտարկումին, թէ մարդիկ կը խօսին ամբողջ գիշերը կրակոցներու մասին՝ Սարգսեան ըսաւ. «Ես շատ լաւ գիտեմ: Իմ եւ մեր լրատուական ծառայութեան կողմից տրամադրուած տեղեկութեան միջեւ որեւէ հակասութիւն չկայ»:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան անընդունելի համարեց այն, որ երբ պաշտօնատարներ, այն ալ` ռազմական գերատեսչութեան, ազնիւ չեն սահմանին ապրող մարդոց նկատմամբ։ Ըստ անոր՝ թիրախային թէ ոչ-թիրախային` Ատրպէյճան կրակոցներով յստակ նպատակ կը հետապնդէ: «Եթէ նոյնիսկ օդ են կրակում, իրենք հոյ հէնց էնպէս օդ չեն կրակում, դա եւս տեռորի (ահաբեկչութեան) նշանակութիւն ունի, դա եւս կոնկրետ (յստակ) թիրախաւորման նշանակութիւն ունի, այսինքն` մարդկանց վախի մթնոլորտում պահելու նշանակութիւն ունի»: