

Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար՝ Հայկազեան համալսարանը 4էն 12 Ապրիլին կազմակերպեց հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի աշխատանոցներ: Արդարեւ, Հայկազեան համալսարանը հրաւիրեց թանգարանի երկու աշխատակիցներ՝ փայտաքանդակի վարպետ Վահէ Մնացականեանը եւ փոխտնօրէն Գայիանէ Ասլանեանը, որոնք այցելեցին լիբանանահայ դպրոցներ եւ շուրջ երկուքուկէս ժամնոց աշխատանոցներու միջոցով աշակերտ-աշակերտուհիներու ծանօթացուցին եւ սորվեցուցին հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի արուեստի առաջին հմտութիւնները:
Մասնագէտները աշխատանոցներ կազմակերպեցին Հայ Աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ Աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի, Եղիշէ Մանուկեան Ազգային քոլեճի, Միացեալ Ազգային վարժարանի, Թրիփոլիի Նուպարեան-Խրիմեան Ազգային վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի, Համազգայինի Հայկ եւ Մ. Արսլանեան ճեմարանի, ԹՄՄ Վահան Թէքէեան վարժարանի եւ ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ, ուր աշակերտներուն տրամադրուեցան փորագրութեան գործիքներ եւ 10×10 սմ. քառակուսի չափով պատրաստուած լորենիի տախտակներ: Աշակերտներուն կը մնար փորագրել փայտերուն վրայ արդէն իսկ գծուած զարդանախշը:
Այս աշխատանոցներուն մասնակցեցան շուրջ 450 աշակերտներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, իսկ կրթարաններու պատասխանատուներ փափաք յայտնեցին աշխատանոցային երկրորդ առիթ մը յառաջացնել աշակերտներու աւելի մեծ թիւ մը ընդգրկելու համար:
Հայկազեան համալսարանին մէջ, մասնագէտները կազմակերպեցին երէցներու համար երեկոյեան յատուկ աշխատանոց մը, որուն մասնակցեցան 15 անձեր:
Յաջորդական չորրորդ տարին է որ Հայկազեան համալսարանը Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ այսպիսի աշխատանոցներ, որոնք, ի միջի այլոց, կը նպատակադրեն նորահաս հայ սերունդները արուեստի եւ մշակոյթի կապերով եւս հարազատացնել հայ արուեստի զանազան դրսեւորումներուն:
Տեղին է յիշել, թէ Ասլանեան յանուն թանգարանին` լիբանահայ երիցագոյն պղնձագործ Զաւէն Գազանճեանին յանձնեց պղնձագործութեան ոլորտին մէջ ժողովրդական վարպետի կոչումի հաստատագիրը. ասիկա առաջինն է, որ կը տրուի ոեւէ սփիւռքահայու մը: Ուրախալի է նաեւ, որ մուսալեռցի Ծաղիկ Եսայի Աբրահամեանի յետնորդները թանգարանին նուիրեցին խոզակներով յարդարուած առաւել քան ութսունամեայ թաւշեայ կտաւ մը:
(Հաղորդագրութիւնը՝ Հայկազեան համալսարանէն)