Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ վերամիաւորումը կարելի է, եթէ Վրաստանի ժողովուրդը համբերատար ըլլայ, «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:
«(Վրաստանի) տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, կը կարծեմ, իրատեսական է, եթէ մենք համբերութիւն ցուցաբերենք, եւ այս համբերութիւնը ղեկավարէ մեր քաղաքականութիւնը: Այս հարցին լուծումը, անշուշտ, կախեալ պիտի ըլլայ տարբեր գործօններէ, սակայն համբերութեամբ եւ ճիշդ քաղաքականութեան պարագային ամէն ինչ կարելի է», ըսաւ Քոպախիծէ: