
Հրամանաւ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, փոյթեռանդ աշխատասիրութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասի անդամներէն Լաս Վեկասի Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Հայկ եւ Նորա Ադամեաններուն, Արեւմտեան թեմին հովանաւորութեամբ լոյս տեսաւ նոր հրատարակութիւն մը, Աւագ Շաբթուայ արարողութիւններէն՝ «Խաւարման Կարգ»ը՝ գրաբար, արեւմտահայերէն, արեւելահայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով:
Խաւարման կարգը յիշատակութիւնն է Քրիստոսի ձերբակալութեան, դատապարտութեան եւ խաչելութեան: Արարողութեան ընթացքին Ս․ խորանին վրայ կը վառին 12 մոմեր, որոնք կը խորհրդանշեն Քրիստոսը եւ Առաքեալները: Յուդան խորհրդանշող մոմը կը մնայ անվառ: Արարողութեան ընթացքին կ՛ընթերցուին Աւետարանէն հատուածներ, որոնք կը նկարագրեն Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Քրիստոսի աղօթքը, Յուդայի մատնութիւնը, Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահը, Պետրոսի երեք անգամ ուրացութիւնը եւ զղջումը: Վերջին ընթերցուածի աւարտին խաւարին մէջ յայտնուած եկեղեցւոյ մէջ վառ կը մնայ միայն Յիսուսը խորհրդանշող մոմը:
«Խաւարման Կարգ» գիրքը ընտիր հրատարակութիւն մըն է, որ գործածութեան համար դիւրամատչելի է հայ հոգեւորականին, դպրապետին, սարկաւագին եւ դպիրին, նոյնիսկ մեր եկեղեցիները յաճախող հազարաւոր հաւատացեալներուն համար, որոնք այս գիրքին ճամբով առաւել կարգապահութեամբ պիտի կատարեն խաւարման գիշերուայ հոգեպարար արարողութիւնը, հաղորդուելով օրուան խորհուրդին եւ պատգամին հետ:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ