
Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Ատրպէյճանի ճնշումներուն տակ, Յորդանան հրաժարեցաւ բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Տունս Քաղցր Ա» (My Sweet Land) վաւերագրական ֆիլմը անցեալ տարուան «Օսքար»ի մրցանակի թեկնածութեան ներկայացնելէ։ Յորդանանի շարժապատկերի յանձնախումբը այդ ֆիլմը ընտրած էր՝ 97րդ «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» բաժինին մէջ ներկայացնելու համար։
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ համալսարանին CineCulture ակումբին կազմակերպութեամբ՝ Ուրբաթ, 25 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 5։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի նշեալ ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը Ֆրեզնոյի մէջ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Փիթըրզ» կրթական կեդրոնի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 5010 N. Woodrow Ave.։
Բազմաթիւ փառատօներու մէջ ցուցադրուած եւ մրցանակներ շահած ֆիլմը կը պատմէ 11ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախի իր գիւղին մէջ։ Երբ պատերազմը դարձեալ կը բռնկի, Վրէժը իր ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմին աւարտին ան կը վերադառնայ իր քանդուած հայրենիքը: Ան նոյն ատեն դէմ յանդիման կը գտնուի նոր դաժան իրողութիւններու եւ կը պատրաստուի ապագայ մարտերուն…:
Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը կամ դիմել (559) 278-2669 թիւին։