
ԷՆՍԻՆՕ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2025ը «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակուելուն առիթով, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղը կազմակերպած էր մշակութային երեկոյ մը, որ տեղի ունեցաւ 6 Ապրիլին, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Առաւել քան 200 ներկաներու մասնակցութեամբ իրականացած մշակութային երեկոյի պատուոյ հիւրերուն շարքին էին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՕՄի Կեդրոնոկան վարչութեան անդամ Անի Քէշիշեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։


Ազգային երգերով եւ պարերով ելոյթներ ունեցան Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը, ինչպէս նաեւ Հայկական ազգագրական համոյթէն մենակատար Թեհմինէ Պօղոսեան, լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ մշակութային եւ կրօնական աւանդութիւններու պահպանումը յոյժ կարեւոր է։
Հանդիսավար Սոնա Մատարեան նաեւ արտայայտուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին մասին՝ մշակոյթը համայնքը իրարու կապող կարեւոր գործօն մը համարելով։
Հայկական երգ եւ պարին կողքին, ներկաները վայելեցին նաեւ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան պատրաստած հայկական գաթան, հատիկը եւ խմիչքներ։