Գիւմրիի աւագանիի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները Վարդան Ղուկասեանը ընտրեցին քաղաքապետ: Նշենք, որ ան առաջադրուած միակ թեկնածուն էր:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը նիստը պոյքոթի ենթարկեց. խմբակցութեան 14 անդամները աւագանիի անդրանիկ նիստին չմասնակցեցան:
Խմբակցութեան անունով Սարիկ Մինասեան գրառում մը կատարած է եւ նշած, որ պէտք է տեղի ունենան արտակարգ ընտրութիւններ:
Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ թեկնածու պիտի չառաջադրեն եւ պիտի ընտրեն ընդդիմութեան թեկնածուն: Քուէարկութիւնը ընթացաւ բաց կարգով: Ներկայ 18 մասնակցողներէն 18ը Ղուկասեանի թեկնածութեան թեր քուէարկեց: