
Առաւել քան 300 հեղինակաւոր մտաւորականներ եւ զանազան ոլորտներու արհեստավարժներ նամակով մը դատապարտեցին Պաքուի հակահայ կեղծիքներուն եւ Ատրպէյճանի մէջ հայկական ժառանգութիւնը ջնջելու ջանքերը ծածկելուն առիթ ընծայելու՝ Վատիկանի դիրքը։
Յիշեցնենք, որ Վատիկանի Հայրապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած էր «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրով միջազգային «գիտաժողով»ը, որուն դէմ բողոք արտայայտեցին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը։
Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը Հռոմի Յիսուսեան հայրերու համալսարանի սրահներէն մէկը դրամով վարձու առած էր, որպէսզի իրենց շինծու թէզերուն մասին ձեռնարկը իրականացնէ։
Նշեալ նամակին մէջ մտաւորականները նաեւ կը պահանջեն «անբաղձալի տարր» հռչակել Վատիկանի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատուն՝ կարտինալ Քլոտիօ Կիւճերոթին, որ այս գայթակղութեան առաջքը չէր կրցած առնել։