
Ուրբաթ, 11 Ապրիլի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կեդրոնը՝ ընդառաջելով անոր վարչութեան հրաւէրին։ Ներկայ էին նաեւ Դպրեվանքի նախկին սաներէն Հրայր Կարապետեան եւ հաւատացեալներ։
Ատենապետ Աւօ Քապաքչուզեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք կատարուեցաւ Խաղաղական ժամերգութիւն, որմէ ետք սրբազանը փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը, որուն մէջ շեշտեց կարեւորութեան մասին պահեցողութեան շրջանին, որուն ընթացքին հաւատացեալը ինքզինք կը քննէ, կ՛ապշախարհէ եւ «դարձ առ Աստուած» ճանապարհորդութեան մէջ կը մտնէ։ Սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, որ պահքի եօթշաբաթեայ ոսկեշղթան ունի աստուածաշնչական հիմք՝ սկսելով մարդու անկումէն, հասնելով Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը։ Գնահատելով Եղբայրակցութեան Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, աստուածաբանութեան եւ աւանդութեան կապուածութիւնը՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը յորդորեց հոգեւոր երգերու կողքին նաեւ տեղ տալ Հայ եկեղեցւոյ բազմադարեայ գեղեցկահիւս շարականներուն։
Յայտնենք, որ յետ արարողութեան, առաջնորդը ներկայ գտնուեցաւ վարչութեան կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին։

