ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
«Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ» (հռ 13:11)

Յարութեան Կիրակիի առաւօտը՝ արշալոյսն է մեր նոր կեանքին: Քրիստոսի յարութեան հրաշալի խորհուրդով քրիստոնեային կեանքը յաւերժութեան առաջնորդող վառ յոյսերու նոր ծնունդ մը կ՛արձանագրէ: Եւ երբեք չփորձենք բառերու մէջ սահմանափակել «խորհուրդ խորին»ը Քրիստոսի յարութեան, քանզի Անոր յարութեան մէջ կը գտնենք հոգեւոր այն ներուժն ու ձգտումը, որ ամբողջութեամբ կը կերպարանափոխէ մարդու ողջ ներաշխարհը եւ կ՛ապրինք ներքին ուրախութեան անբացատրելի զգացողութիւնը: Եւ այս է դրդապատճառը այն պատգամին, որն մեզ կը հաղորդէ Պօղոս առաքեալը հետեւեալ սրտաբուխ ու աղօթաբոյր բառերով. «Զի ինձ կեանք Քրիստոս է» (Փիլպ.1:21)։
Եկեղեցին բարձրաձայն կը յայտարարէ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»: Սա այն պահն է, երբ հաւատացելոց հաւատքի միութեամբ կը կազմուի Եկեղեցին, ուր միաբերան կը փառաւորենք Անոր սուրբ անունը:
Եւ ինչքա՜ն տեղին է արտասանել առաքեալին այս պատգամը՝ յարութեան խորհուրդին ընդառաջ քայլող հաւատացեալին. «Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»: Եւ իրողապէս, հաւատացեալը կեանքի նոր զարթօնք մը կ՛ապրի Քրիստոսի յարութեամբ, որուն համար կ՛ունենայ քառասնօրեայ պահեցողութեան ու աղօթքի, հոգեւոր սերտողութեան ու պատրաստութեան ժամանակաշրջան մը, բաց սրտով ինքզինք առաջնորդելու դէպի խոստովանութիւն, դէպի սրբութիւն եւ ինքնաճանաչում, որովհետեւ միայն այն ժամանակ մեր հոգեւոր էութեանը մէջ կը տարածուի Յարութեան խորհուրդին հաւատքով բեղմնաւորուած գիտակցութիւնն ու զգացողութիւնը:
Մարդը, քրիստոնեայ հաւատացեալը, ի մասնաւորի ներկայ այս ժամանակներուն, իր կեանքը վերարժեւորելու անհրաժեշտութիւնն ունի: Գիտութիւնը անտարակոյս մարդուն կեանքը կը լուսաւորէ, բայց այդ երբեք կատարելութեան չի կրնար տանիլ մեզ: Կատարեալն Աստուած է, եւ Աստուածորդու յարութիւնը՝ մեր առջեւ կը բանայ կատարելութեան տանող ճանապարհին դուռը:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Մեր շրթներով արտասանուած այս յայտարարութիւնը մեր անխախտ հաւատքի խոստովանութիւնն է, որն արմատացած է մեր հոգիներուն մինչեւ խորքը: Եւ ամէն անգամ երբ կը յայտարարենք յարութեան լուրը, ապա ան մեր հոգեւոր կեանքը կը լուսաւորէ, քանզի մեր հոգիին վրայ թանձրացած փոշին՝ որը մեղքին ծանրութիւնն է, կը թօթափենք եւ կը զգենունք նոր մարդն ի Քրիստոս: Սա այն պահն է, երբ իրօք կը հրաշագործուի մեր մէջ մարդը, քանզի մեր մէջ հոգեւոր մղում եւ շարժում կը դառնայ Աստուծոյ հրաշագործող ներկայութիւնը:
«Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»: Առաքեալի այս պատգամը իր մէջ է ամփոփած Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը, որպէսզի փարատենք մեր մէջ ծրարուած խաւարը եւ ամենուրէք եւ բոլորին համար դառնանք սիրոյ ապրող ու կենսագործող պատգամը:
Այս է հրամայականը ուղղուած բոլորիս, որպէսզի մեր շրթներուն վրայ արձանագրուի միայն բարին հաղորդող խօսքեր, եւ մեր սրտերը դարձնենք շարժիչը՝ Աւետարանէն ճառագայթող խրատականներուն:
Զատիկը, Յարութեան առաւօտէն սկսեալ, հրաշալի հրաւէր է, որպէսզի մեր մէջ վերամշակենք քրիստոնէական ոգին ու նկարագիրը, փոխադարձ սիրով ու յարգանքով, միմեանց հանդէպ ներողամտութեան ու խոնարհումի զգացողութեամբ:
Քրիստոնէական մեր կեանքը պիտի դարձնենք մշտարթուն հաւատքով ապրուած, յարատեւ, անյոգնաբեկ ու անձանձրոյթ աղօթական կեանքի: Ազգի զաւակներով կը դառնանք ապրող Եկեղեցին՝ ի գլուխ ունենալով Աստուածորդին Քրիստոս՝ Իր յարութեամբ, երբ սէրը կը տիրապետէ ու կ՛իշխէ մեր ծառայական կեանքի ողջ ընթացքին, ուր որ ալ գտնուինք:
«Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»: Յիսուսի Յարութեան խորհուրդը կը դառնայ տեսանելի ու շօշափելի, երբ օգնական ենք միմեանց, եւ այդ ընթացքով գիտակից ենք ճշմարտութեան, որ համերաշխ ու միաբանեալ հաւաքուած գիտենք բարգաւաճ իրականութիւն դարձնել եկեղեցին ու մեր հայրենիքը, մէկդի թողելով մեր տարբերութիւնները, եւ խոնարհելով աստուածաշնորհ այն սրբութեանց առջեւ, որոնցմով պայմանաւորուած է մեր գոյութենականութիւնը: Եւ հայրենիքէն ինչքան ալ ֆիզիքապէս շատ հեռու, այնուամենայնիւ մեր հաւատքը քրիստոնէական իր շեշտը պիտի կեդրոնացնէ յաւերժական Սուրբ Էջմիածնի եւ Մայր Հայաստանի վրայ, որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ կամուրջ առ Աստուած: Եւ ուր որ ալ ըլլանք, պահպանենք մեր քաղաքացիական պարտականութիւնները, ապրինք օրինակելի կեանքով, որպէսզի մեր դրացիներուն հաղորդենք մեր նախնեաց կողմէ մեզի աւանդուած ու վստահուած հոգեւոր ժառանգութիւններու հանդէպ տածած մեր խոր համոզումը:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Բանանք մեր հոգու հայեացքը դէպի Յարուցեալ Քրիստոս, որպէսզի Անոր յաղթական քայլերու առաջնորդութեամբ արարենք նոր արշալոյսը մեր կեանքին: Մեր կեանքի նոր արշալոյսը կը կերտենք, երբ մեր մանուկներուն հոգին կը լեցնենք աստուածսիրութեամբ ու աղօթքով: Մեր կեանքի արշալոյսը կը կերտենք, երբ մեր երիտասարդներուն հոգին կը կապենք Մայրենի երկրին, ու անոնց կը հաղորդենք տեսիլքը՝ գերագոյն այն ճշմարտութեան, որ հայ քրիստոնեայ ընտանիքի ներկայութիւնը խորհրդանիշն է ու մանրակերտը՝ Սուրբ Էջմիածնին ու Մայր Հայաստանին: Վերջապէս, մեր կեանքի արշալոյսը կը կերտենք, երբ միասնակամ խնկաբոյր աղօթք կը դառնանք, որուն մէջ կը տեսնենք պատկերը՝ Քրիստոսի հրաշալի Յարութեան:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի
Զատիկ, 2025