ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
«Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»:
(Յովհաննէս 11.25)

Մենք՝ ազգովին, հայրենիք եւ Սփիւռք, ընդառաջ կ՛երթանք քրիստոնէական մեծագո՜յն տօնին՝ Ս. Յարութեան, որ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ մեր բոլորին տրուած՝ անգերեզման կեանքի երաշխիքն է ու մեծագոյն պարգեւը մեր հոգիներուն, որոնք մեր մարմնական մահէն ետք եւս սահմանուած են ապրելու աւելի շքեղ կեանքով, աստուածային էութեան ներկայութեան հանդերձեա՛լ կեանքին մէջ, այնքան ատեն, որ այս անցողիկ կեանքին մէջ մենք կը հաւատանք մեր հոգեւոր փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի:
Այո՛ սիրելիներ. մենք կը հաւատանք Անոր, որ համայն մարդկութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն հրաշքը գործեց, Անոր, որ անկենդան Ղազարոսը՝ թաղուելէն չորս օր ետք, մեռելներէն յարուցեց, Անոր, որ այսպէ՛ս խօսեցաւ մարդկութեան. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11.25): Ալէլուիա՜:
Այսօր, Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ գալէն 2025 տարի անց, քրիստոնեայ աշխարհը անգամ մը եւս հաւատքով ու հանդերձեալ կեանքի յոյսով կը նայի երկինք, եւ կը փառաւորէ զԱստուած տօնի՛ն իսկ խորհուրդին համար, որովհետեւ տօներուն տօ՛նն է Ս. Զատիկը, Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան ամէնամեայ, բայց մի՛շտ նոր տօնը, որուն ընդմէջէն Ան մեզի կը ներկայանայ ո՛չ միայն իբրեւ մահուան վրայ իշխանութիւն ունեցող հրաշագործ Աստուածորդի, որ մեռած Ղազարոսին վերադարձուց կեանքի, այլեւ նոյնինքն աստուածայի՛ն հրաշք, որ կոյս Մարիամէ մարդացաւ աննշան մսուրի մէջ, ապրեցաւ ու գործեց աշխարհի փրկութեան համար, իսկ երբ ժամը հասաւ՝ անողոքաբար նախատուեցաւ ու խաչուեցաւ երկրի իշխաններուն ու իւրայիններո՛ւն կողմէ, մեռաւ խաչափայտի վրայ, «եւ թեպէտ մեռաւ մարմինով, բայց կենդանի մնաց հոգիով: Եւ հոգիով ալ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն, որոնք ատենօք չհնազանդեցան Աստուծոյ» (Ա. Պետրոս 3. 18-20): Ան մեռաւ խաչափայտին վրայ, ապա աստուածաբար յարութիւն առաւ եւ երկինք՝ Իր տո՛ւնը փոխադրուեցաւ, որովհետեւ ան յաղթե՛ց աշխարհին եւ «երկինք երթալով Աստուծոյ աջակողմը նստաւ»՝ մեզ առաջնորդելով դէպի անգերեզման կեանք:
Աւագ շաբաթը իր լրումին կը հասնի Ս. Զատիկով, որովհետեւ աշխարհի իշխանութեան, մարդկային մեղքին, չարչարանաց եւ սատանայի որոգայթներուն ու չարագործութեանց վե՛րջ կը տրուի հրաշափառ տօնին խորհուրդով, որ Ղուկաս Աւետարանի 24րդ գլուխին մէջ՝ իբրեւ կատարեալ ճշմարտութիւն, արձանագրուած է. «Կիրակի առաւօտ շատ կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան եւ Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, ուրիշ կիներու հետ գերեզման եկան՝ իրենց հետ բերելով իրենց պատրաստած խունկերը: Գերեզմանին մուտքը փակող քարը գլորուած գտնելով՝ ներս մտան, բայց տէր Յիսուսի մարմինը հոն չգտան: Մինչ պատահածին վրայ զարմանքէն ապշած էին, ահա երկու լուսազգեստ մարդիկ իրենց քով կանգնեցան: Կիները սարսափեցան եւ վախէն իրենց դէմքը գետին դարձուցին: Մարդիկ ըսին իրենց. «Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ»» (Ղուկաս 24.1-6): Եւ այս՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան լուրի ամբողջացումը եղաւ, ըստ աստուածային փրկագործական ծրագիրին, որ ուղղուած է աշխարհին, մարդկութեան եւ այսօր ալ՝ բոլորի՛ս, որովհետեւ մենք կը հաւատանք աստուածաշնչեան այն հաստատումին, թէ՝ «Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան» (Ա. Կորնթացիներուն 15.22):
Այո՛ սիրելի ժողովուրդ, Ս. Յարութեան խորհուրդով է միայն, որ մենք մեր Փրկիչին օրինակով կրնանք վերակենդանանալ, յետ մահու կեանք ունենալ, շիրիմէ ու գերեզմանէ անդին ապրելու իրաւունքին արժանանալ, պայմանաւ որ մենք մեր ներկայ կեանքին մէջ Յիսուս Քրիստոսի մատնացոյց ըրած յարութեան ուղիէն քալենք, որպէսզի անդենական կեանքի մէջ մեր հոգիները հասնին Աստուծոյ կողմէ իրե՛նց համար պատրաստուած գերագոյն յաղթանակին՝ անմահութեա՛ն, ուր մեր հոգիները երկնքի մէջ ապրելով՝ յաւիտեա՛նս պիտի տօնեն չարին վրայ յաղթանակի Ս. Զատիկը:
***
Ս. Յարութեան տօնին ընդառաջ, որդիական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսը եւ սրտագինս կը շնորհաւորենք Ս. Յարութեան տօնը: Ուրախ ենք, որ այս տարուան աշնան մեր շրջան պիտի այցելէ նորին սրբութիւնը եւ իր հովուապետական լուսաւոր պատգամներով Արեւմտեան թեմի ծխական կառոյցներն ու համայն ժողովուրդը հոգեւոր ու ազգային նոր ու թարմ տեսիլքներով բոցավառէ:
Ազգային առաջնորդարանէն նաեւ մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, հայկական վարժարաններու ընտանիքներուն ու մարմիններուն, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, ազգային կառոյցներուն ու հաւատացեալ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ ըսելով.
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:
Աղօթարար՝
Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
20 Ապրիլ 2025
Լոս Անճելըս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ