
Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագրութիւններու աղբիւր եղած է Սոֆիայի (Պուլկարիա) «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915ի Մարտէն մինչեւ նոյն տարուան Սեպտեմբերը, իսկ հետագային՝ 1919էն 1925:
Ստորեւ կը հրապարակենք 1915ի Յուլիս 15 թիւէն կարճ լրատուութիւններ.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆՔԸ ՆՈՐ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՊՈԼԻՍ, Յուլիս 9.- Վարդգէս եւ Զօհրապ Հալէպէն ճամբայ հանուած են դէպի Տիգրանակերտ. այնպէս որ ճիշդ չէ այն լուրը՝ թէ Զօհրապ կը վերադառնայ եղեր Պոլիս:
Երէկ յանկարծ ձերբակալեցին ծանօթ վաճառական Հաճի աղա Իբրանոսեանը եւ կեսարացի վաճառական Գալթաքճեանը: Կ՛ըսուի թէ ուրիշ 30 հոգի ալ պիտի բռնեն:
Կարնեցի վաճառականներէն Հրանդ Աղաջանեան, որ Պոլիսէն Այաշ ու յետոյ դարձեալ Պոլիս՝ պատերազմական ատեան փոխադրուած էր, սարսափելի տանջանքներու կ՛ենթարկուի: Առջի օր ծեծի տակ փորձեր են ստորագրել տալ թուղթ մը թէ՝ Խաժակ, Ակնունի, Զարդարեան եւ միւսները կարգադրած են կամաւորներու գործը, զէնքերու փոխադրութիւնը եւ այլն: Մարդը մինչեւ այսօր մերժած է ստորագրել այդ ահաւոր կեղծիքը: Անվնաս մարդ մըն է, ու զարմանալի է, որ այդքան կը ծանրանան իր վրայ:

ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄՈՒՇԻ ՄԷՋ
ՄՈՒՇ, Յունիս 10.- Եթէ Մշոյ դաշտը, միւս հայաբնակ վայրերու հետ բաղդատելով, ցարդ քիչ վնասներ կրած էր, վերջերս նոյնպէս ենթարկուեցաւ համատարած սարսափին:
Զանգուածային սպանութիւններ՝ կառավարութեան կողմէ, թալան ու աւեր՝ քրդերու կողմէ: Ու այս բոլորին գլխաւոր հեղինակը «Իթթիհատ»ի անդամ ոճրագործ Հիլմին է, որ Կարինէն եկած է հոս: Ահաբեկուած ժողովուրդը կը քաշուի Սասունի լեռները:
Վերին Սասունի, Ալիխանի, Տիգրանակերտի, Կարինի հայութեան մեծ տոկոսը ջարդուած կամ ցրուած է: Ջարդուած են Բաղէշի եւ Խնուսի հայ գիւղերը:
Թուրք թէ քուրդ ազգաբնակութիւնը բոլորովին յոյս չունի թուրք բանակի յաջողութեան: Դաշտի հիւսիսային մասի քրդերը պատրաստուած են քաշուելու Բռնաշէն, Խոյթ, Մոտկան լեռներու մէջ: Մուսա եւ Ղասըմ չարագործները նոյնպէս կը պատրաստուին գաղթել, երբ ռուսերը մօտենան: Տեղիս պաշտօնեաները իրենց ընտանիքները արդէն ներսերը ղրկած են:
Մուհաճիրներու (գաղթականներու) ահագին կարաւանը, որ Բաղէշով Փոքր Ասիոյ ներսը պիտի անցնէր, կը վերադառնայ դէպի Ճապաղջուր եւ Տիգրանակերտ:
ՈՃԻՐԸ Կ՛ԻՇԽԷ
Կ՛իմանանք, որ Տիգրանակերտի մէջ իբրեւ Դաշնակցական ձերբակալուած բոլոր հայերը սպաննուած են:
ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՄԷՋ
Թուրք կառավարութեան գազանութիւնները Սեբաստիոյ խաղաղ ազգաբնակչութեան համբերութեան բաժակը լեցուցին եւ ըմբոստութեան մղեցին զայն:
Առ այժմ՝ մանրամասնութիւնները կը պակսին: Յայտնի է միայն որ Շապին-Գարահիսարը եւ շրջակայ բոլոր գիւղերը մոխրակոյտի վերածուած են:
Ըմբոստութիւնը կը շարունակուի:
1915Ի ՅՈՒԼԻՍ 29Ի ԹԻՒԷՆ
ԿԱՐՃ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԶՕՀՐԱՊԸ ՄԵՌԱԾ

Հաստատ աղբիւրէ մը կը տեղեկանանք՝ որ Գրիգոր Զօհրապ մեռած է Տիգրանակերտի ճամբուն վրայ, Ուրֆայի մէջ:
ՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐԸ
Թուրքերը որոշած են ձերբակալել բանակի բոլոր հայ բժիշկները:
Անշուշտ կ՛ուզեն այս մտաւորական տարրն ալ փճացնել այս կամ այն ձեւով:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄԸ ԿԱԽՈՒԱԾ
Շապին-Գարահիսարի սանճաքի (նահանգի) եւ յարակից գազաներու (շրջաններու) հայ ժողովուրդը մեծ մասով ջարդուած է. առաջնորդը՝ կախաղան հանուած է: