ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Նորայր Պէնօհանեան ծնած է 1912ին, Մարզուանի մէջ: Հօր անունը՝ Յակոբ եւ մօր անունը՝ Եսթէր Դանիէլեան: Մարզուան 1915էն առաջ ունեցած է 26,000 բնակչութիւն, մեծամասնութեամբ՝ հայեր, որոնք եղած են հայախօս. նոյնիսկ թուրքերը սորված են հայերէն:
Նորայրին հայրը՝ Յակոբ Պէնօհանեան, աշխատած է կաշիի գործով եւ ունեցած է կօշկակարի երկու վաճառատուն: Ան նաեւ զբաղած է աֆիոնի ցանքով եւ առեւտուրով: Ունեցած է այգիներ եւ պարտէզներ: Եղած է յայտնի վաճառական եւ յեղափոխական: Ան տան մէջ պահած է անձնական զէնքեր ինքնապաշտպանութեան համար, սակայն չէ կրցած օգտագործել այդ զէնքերը ամէնէն յարմար առիթին, երբ թուրք զինուորները անակնկալօրէն խուժած են իր տունը, ձերբակալած են զինք եւ տարած են անյայտ թրքական հաւաքավայր մը: Յակոբ ձերբակալուած ատեն կողակիցին՝ Եսթերին ըսած է. «Դու՛ն տէր պիտի կանգնիս զաւակներուս, պիտի ըլլա՛ս թէ մայր թէ հայր»: Ան կը շղթայուի եւ այդպէս կը տարուի ոստիկանատուն: Այս բոլորը կատարուած են երեք տարեկան Նորայրի ներկայութեան: Յակոբ այդ ձերբակալումէն ետք տուն չէ վերադարձած:
Նորայր ապրած է Մարզուանի մէջ մեծ բակով երկյարկանի տան մը մէջ: Տունը ունեցած է շատ մը սենեակներ, աղբիւր մը եւ լոգնալու համար մեծ բաղնիք մը: Այս տունը եղած է պապենական օճախ մը, ուր ապրած են Պէնօհանեան 7 ընտանիքներու մօտաւորապէս 60 անդամները: Տունը գտնուած է հայկական թաղին մէջ եւ հայկական եկեղեցիին մօտ, որ կոչուած է «Հայր եւ Որդի»:
1915ի առաջին ամիսներուն, թուրք ոստիկաններ հաւաքած են Մարզուանի երիտասարդները եւ տղամարդիկը ու տարած են քաղաքէն դուրս անյայտ վայր մը, ուր բոլորը սպաննուած են: Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, Նորայրին ականատեսութեամբ, հայրը՝ Յակոբ, եւ հօրեղբայրը եղած են այս ձերբակալուածներէն: Անոնք շղթայակապ տարուած են եւ սպաննուած:
Մարզուանի մէջ մնացած են հայ կիները, աղջիկները, տարեցները եւ երեխաները: Անոնք բոլորը յաջորդող օրերուն տեղահանուած են իրենց տուներէն եւ կարաւաններով քալած են մի քանի թուրք զինուորներու հսկողութեամբ, անորոշ ուղղութեամբ: Անոնք դարձած են գաղթական եւ ապա աքսորեալ: Անոնցմէ շատերը ճամբու ընթացքին սպաննուած են, երիտասարդ աղջիկներէն շատերը առեւանգուած են եւ ուրիշներ հրապարակներու վրայ աճուրդով ծախուած են, իսկ երեխաներէն շատերը թուրք ընտանիքներու կողմէ իւրացուած են: Ողջ մնացողները ապրած են գաղթականութեան արհաւիրքը, դառնութիւնը, անօթութիւնը:
Եսթեր իր երկու զաւակներով, ձգելով իրենց հօրենական տունը, մաս կազմած են Մարզուանի կարաւաններէն մէկուն: Եսթեր շատ դանդաղ եւ դժուարութեամբ կը քալէր՝ դուստրին աջ ձեռքը բռնած եւ կռնակին վրայ շալկած Նորայրը: Այս պատճառով, անոնք կը կորսնցնեն կարաւանին հետքը: Անոնք կը քալեն մերթ ընդ մերթ, ժայռի մը վրայ նստելով: Յանկարծ մթութեան մէջ պղտոր լոյս մը կը տեսնեն: Կը մօտենան լոյսին եւ իրենք զիրենք կը գտնեն դուռը քանդուած պզտիկ տնակի մը առջեւ եւ կը լսեն հեծկլտանքով, հայերէնով հետեւեալը. «Ալ կը բաւէ, տէր Աստուած, ամուսինս տարին, չեմ ուզէր ես եւ երկու զաւակներս զոհ երթալ թուրք զինուորներուն»:
Եսթեր երկու զաւակներով ներս կը խուժէ եւ անակնկալի կու գայ տեսնելով երիտասարդ մայր մը գետին ինկած, երկու երեխաներով միասին: Այս երիտասարդ մայրը երեխաներուն հետ աֆիոն խմած են, որպէսզի մահանան եւ թուրք ոստիկաններուն չյանձնուին: Երեխաներէն մէկը քիչ ետք կը մահանայ, իսկ երկրորդը եւ մայրը կը փսխեն ու կը վերագտնեն իրենց արթնութիւնը ու կ՛ազատին մահէ: Եսթեր իր երկու զաւակներով դուրս կու գան այս սրտաճմլիկ տնակէն եւ կը շարունակեն անորոշութեամբ լեցուն իրենց ճանապարհը: 1-2 ժամ քալելէ ետք, կը հասնին Մարզուանի արուարձաններուն մէջ գտնուող ճիզուիթ վարդապետներու եկեղեցին, որ հրոյ ճարակ դարձած է թուրք զինուորներուն կողմէ:

Նորայր իր մօր եւ քրոջ հետ կը շարունակէ քալել եւ կը հասնին թրքական զօրանոց մը, որ շրջապատուած էր խոր եւ լայնատարած փոսով մը: Մեծ թիւով սպաննուած հայերու այլանդակ դիակներ կը տեսնեն այդ փոսին մէջ: Զօրանոցին պահակները կը ձերբակալեն եւ կը բանտարկեն զիրենք: Բանտի խուցին մէջ, Նորայրին քոյրը քիթի արիւնահոսութիւն կ՛ունենայ: Մայրը, կասեցնելու համար աղջկան քիթի արիւնահոսութիւնը, ոստիկանի մը մէկ ոսկի կու տայ գաւաթ մը ջուր ունենալու: Թուրք զինուորը հպարտանքով եւ հրապարակային կը միզէ եւ մէզով լեցուն գաւաթը կու տայ Եսթերին: Անոնք կը գիշերեն զօրանոցի բանտին մէջ եւ յաջորդ առաւօտ իրենց շուրջ զօրանոցին մէջ կը գտնեն հարիւրաւոր հայրենակիցներ: Թուրք զինուորները կը խոշտանգեն բոլոր հայ բանտարկեալները, կը բռնաբարեն հայ աղջիկները, կը խարազանեն տարեց մամիկները եւ տեղւոյն վրայ կը սպանեն երիտասարդ հայերը: Յղի հայ կին մը, անկիւն մը նստած, մտածումներու մէջ մխրճուած կ՛ենթարկուի ոճրագործ թուրք զինուորներուն խոշտանգուին: Անոնք գրաւի կը դնեն յղի հայ կնկան ծնելիք զաւակին աղջիկ թէ՞ տղայ ըլլալը: Զինուորներէն մէկը վայրագօրէն եւ գազանաբար կը նետուի յղի կնկան վրայ եւ խոշոր դանակով մը կը բանայ անոր փորը եւ դուրս կը հանէ ծնելիք մանչ մանկիկը: Խեղճ կինը արիւնլուայ հոգին կ՛աւանդէ: Ուրիշ մամիկ մը անկիւն մը քաշուած, Սուրբ Գիրք կարդացած ըլլալուն համար կը սպաննուի: Եսթեր, դառնալով երկու զաւակներուն, կ՛ըսէ՝ եթէ թուրք զինուորները զիս սպաննեն եւ զօրանոցը շրջապատող փոսը նետեն, կը խրատեմ ձեզի, որ դուք ալ ինծի միանաք, դուք ձեզ փոսին մէջ նետելով: Բարեբախտաբար այդպէս բան չի պատահիր: Զօրանոց-բանտին մէջ գտնուող հայերուն մէջ եղած է Յովսէփ Քիրիշեան անունով ուսուցիչ մը, որ մօտենալով հայ բանտարկեալներուն ըսած է. «Կը կարծեմ, որ մօտ օրէն բոլորս ազատ պիտի արձակուինք եւ մեր տուները պիտի երթանք»: Յաջորդ օրերուն իրապէս Եսթեր եւ երկու զաւակները, մնացեալ բոլոր հայ բանտարկեալներուն հետ ազատ կ՛արձակուին: Եսթեր զաւակներուն հետ 2-3 օր քալելէ ետք կը վերադառնան իրենց տունը, որ այրած եւ քանդուած էր, այնպէս ինչպէս քանդուած եւ կամ այրած էին հարիւրաւոր հայկական այլ տուներ:
Նորայր մօրը եւ քրոջը հետ կ՛ապաստանին հօրաքրոջը տունը, որ շատ չէր վնասուած եւ ուր հօրաքոյրը աղջկան հետ կ՛ապրէր: Հօրաքրոջը աղջիկը մի քանի օր ետք կ՛առեւանգուի եւ հօրաքոյրը կը մնայ առանձին:
Նորայրին մայրը եւ քոյրը որպէս ծառայ կ՛աշխատին թուրք մեծահարուստ ընտանիքի մը քով, իսկ ինք կը մնայ հօրաքրոջ քով: Շրջան մը ետք, Եսթեր ջուլհակութեամբ ընտանիքին ապրուստը կ՛ապահովէ: Ան բուրդ եւ թել կը գնէ եւ անձեռոցներ ու «խավլ»ջ կը հիւսէ ու կը ծախէ, իսկ Նորայր եւ քոյրը կ՛ընդունուին Մարզուանի ամերիկեան միսիոնարական բարեսիրական կազմակերպութեան մը որբանոցը, ուր արդէն կ՛ապրէին հազարաւոր հայ որբեր:
Նորայր այս որբանոցին մէջ կը մեծնայ, հայերէն եւ թրքերէն լեզուները կը սորվի եւ կ՛ունենայ ուրախ եւ հանգիստ կեանք մը: Օր մը, որբանոցէն դուրս ելլելով, ընկերներով կը խաղայ որբանոցին մօտակայ դաշտին վրայ: Անակնկալօրէն, թուրք մը դանակով վրան կը յարձակի եւ կը փորձէ դաշունահարել զինք: Նորայր հրաշքով փախուստ կու տայ ոճրագործ թուրքին ձեռքէն եւ վազելով կը հասնի որբանոց:
1918ին, աքսորավայրերու մէջ ապրող մարզուանցիներէն շատերը, մօտ 3-4 հազար անձ, կը վերադառնան իրենց քաղաքը: Անոնք կը վերաշինեն իրենց տուները, եկեղեցիները եւ դպրոցները: Բնականոն կեանքը կը սկսի կամաց կամաց վերահաստատուիլ: Այս միջոցին Մարզուանի թուրքերէն շատերը կը վախնան, որ հայերը վրէժ կրնան լուծեն իրենցմէ, ուստի անոնք կը մնան իրենց տուներուն մէջ ու կ՛ապրին զգուշութեամբ:
Զինադադարին, անգլիացիներուն մեկնումէն ետք, ֆրանսացիները կը ստանձնեն շրջանին իշխանութիւնը, սակայն անոնց ալ կեցութիւնը երկար չի տեւեր: 1921ին ֆրանսացիներն ալ կը լքեն երկիրը եւ կը սկսի հայերուն երկրորդ գաղթականութիւնը եւ ջարդը: Հայ մարտիկները կը դիմադրեն եւ յարձակողականի կ՛անցնին: Այս մարտիկներէն եղած են զօրավար Անդրանիկի երկու հօրեղբայրները՝ Գագիկ եւ Մերուժան Օզանեանները: Տեղի կ՛ունենան զինուորական գործողութիւններ եւ թուրքերու սպանութիւններ, սակայն հայերը տեղի կու տան: Թուրքերը կը թալանեն, կը կողոպտեն Մարզուանի հայերուն տուները, կը քանդեն հայոց վերաշինուած եկեղեցիներն ու դպրոցները: Կը սպաննուին մեծ թիւով հայեր: 60-70 հոգի հաշուող Պէնօհանեաններէն ողջ կը մնայ միայն ինք՝ Նորայրը: Յոյները, լսելէ ետք այն տարաձայնութիւնները, որ թուրքերը պիտի ջարդեն նաեւ զիրենք, նմանապէս կը լքեն Մարզուանը եւ կը մեկնին Պոնտոս:
Նորայրին մօրեղբայրը՝ Կարապետ Դանիէլեան, Մարզուանի մէջ ջարդի օրերուն իր տան արկղին մէջ ունեցած է 100 կարմիր ոսկի: Կարապետ ձերբակալուելէ օր մը առաջ այս 100 կարմիր ոսկիները կը յանձնէ իր մտերիմ ամերիկացի միսիոնար բարեկամին, քաջ գիտենալով, որ ինք պիտի սպաննուէր թուրք զինուորներու կողմէ եւ կ՛ըսէ անոր. «Պահէ այս ոսկիները քովդ եւ եթէ ապագային Դանիէլեան մը ողջ մնայ Մարզուանի մէջ, անոր յանձնէ այս ոսկիները»: Ամերիկացի միսիոնարը կը ստանձնէ ոսկիները եւ կը պահէ զանոնք իր քով մինչեւ 1918:
Զինադադարին, երբ շատ մը մարզուանցիներ կը վերադառնան իրենց տուները, ան կը տեղեկանայ, որ Կարապետ Դանիէլեանին քոյրը՝ Եսթեր Դանիէլեանը, ողջ է եւ կը գտնուի Մարզուան: Ան կը փնտռէ եւ կը գտնէ Եսթերը ու կ՛ըսէ անոր. «Եղբօրդ 100 ոսկիները քովս են. Կարապետ Դանիէլեանը ժառանգ ձգած էր զանոնք քեզ»ջ եւ կը յանձնէ ոսկիները Եսթերին:
1922ին, Մարզուանի Ամերիկեան միսիոնարական որբանոցի պատասխանատուները կ՛որոշեն հայ որբերը փոխադրել Աթէնք: Ուստի հայ որբերը կը տանին նախ Սամսոն եւ հոնկէ նաւով կը հասցնեն Աթէնքի Զամբիոն պալատը, որ որբանոցի վերածուած էր Ամերիկեան Նպաստամատոյցին կողմէ: Այս որբերուն մէջ եղած է Նորայրը:
1-2 տարի ետք, Նպաստամատոյցին որոշումով, հայ որբերը Զամբիոն որբանոցէն կը փոխադրուին Եգիպտոս: Որբերուն փոխադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ իտալական նաւով մը: Ճամբուն ընթացքին, որբերը փոխադրող նաւը յարձակումի կ՛ենթարկուի թրքական զինուորական նաւու մը կողմէ: Թուրքերը կը փորձեն ընկղմեցնել որբերուն նաւը եւ խեղդամահ ընել բոլոր հայ որբերը: Ամերիկեան ռազմանաւ մը օգնութեան կը փութայ եւ արգելք կը հանդիսանայ թուրքերուն ոճրագործութեան:
Հայ որբերով լեցուն նաւը ապահով կը հասնի Եգիպտոս: Այս որբերուն մէջն էր Նորայրը, իսկ իր քոյրը իրմէ առաջ արդէն փոխադրուած էր, Եգիպտոս նոյն կազմակերպութեան կողմէ եւ աշխատած է որպէս օգնական իտալացի ընտանիքի մը մօտ: Եսթեր, Նորայրին մայրը, առանձինը կը մնայ Մարզուան, մինչեւ 1929:
Նորայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս հասնելէ ետք, հեզասահ կեանք չունենար: Անոր մայրը՝ Եսթեր միշտ յոյս ունեցած էր, որ Եգիպտոս ապրող կերպասավաճառ մեծահարուստ մարզուանցի եւ իրենց մօտիկ ազգական՝ Դանիէլեան ընտանիքը, օգտակար կը դառնայ Նորայրին նիւթապէս եւ բարոյապէս: Սակայն այդպէս չըլլար: Նորայր Եգիպտոս հասնելէ ետք կը տեսնուի կերպասավաճառ Դանիէլեան ընտանիքին հետ, սակայն ան օժանդակութեան ոչ մէկ նշոյլ կը տեսնէ: Նորայրին օգնութեան կը հասնի անծանօթ, բայց համեստ եւ բարեսիրտ հայ ընտանիք մը, որոնց մօտ ան կ՛ապրի մի քանի ամիս: Շրջան մըն ալ ան կը մնայ հայ մայրապետներու մօտ:
Նորայր կը յաճախէ Պօղոսեան Ազգային վարժարանը, ուր կը դառնայ յառաջադէմ աշակերտ: Ան շուտով կը սորվի հայերէն, ֆրանսերէն եւ թուաբանութիւն: Իր դպրոցական ծախսերը կը հոգայ Կամսարական անունով բարեսիրտ հայորդի մը: Երրորդ դասարանի հայերէնի ուսուցչուհին կ՛ըլլայ տիկին Պօղոսեանը, որ մեծ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ իրեն:
Երկու տարի ետք, Նորայր դպրոցը կը լքէ եւ կը սկսի աշխատիլ Դանիէլեաններու գործարանին մէջ, որուն բաժնեկից եղած են նաեւ Գալֆայեանները եւ Ալթունեանները: Նորայր շուտով կը հմտանայ իր գործին մէջ եւ կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօն: Դանիէլեան կը շահագործէ Նորայրին որբ ըլլալը եւ տարիներով նուազագոյն ամսավճարով կը վարձատրէ զինք:
Նորայր ինքնաշխատութեամբ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները կ՛իւրացնէ, ինչպէս նաեւ կը հետեւի մեքենագիտութեան դասընթացքներու:
Նորայրին մայրը՝ Եսթեր, Եգիպտոս կը հասնի 1929ին: Ան կը մահանայ 1931ին քաղցկեղով: Նորայր մօրը մահուան օրը յուզիչ դամբանական գրութիւն մը կը պատրաստէ եւ յետագային զայն կը տեղադրէ մօր տապանաքարին վրայ:
Նորայր 17 տարի չարաչար աշխատելէ ետք Դանիէլեաններուն գործարանէն ներս, կը լքէ գործը եւ անմիջապէս կը հիմնէ սեփական մեքենագործութեան գործարանը: Նիւթապէս եւ բարոյապէս մեծ յաջողութիւն կը գտնէ նոր ասպարէզին մէջ: Յաջորդ մի քանի տարիներուն կը զարգացնէ գործարանը եւ կ՛ունենայ արդիւնաւէտ արտադրութիւն ու վաճառք: Ան կը դառնայ համբաւաւոր գործատէր եւ կ՛ունենայ պատուաւոր համբաւ Եգիպտոսի մէջ: 1948ին, Նորայր կը գնէ Տիրան Օհաննէսեանին գամի գործարանը: Ան կը զարգացնէ այս հաստատութիւնը եւ կը գործէ հոն մինչեւ իր մահը:
Նորայր 1942ի սկիզբը, Սարգիս Փալանճեանի միջոցաւ կը ծանօթանայ սեբաստացի գեղադէմ, բարի, քաղաքավար, ամօթխած աղջկայ մը՝ Վարդուհի Մինասեանին: Աղջկան ծնողքը ակնցի, Եգիպտոս հաստատուած էին 1895ի ջարդի օրերու: Վարդուհի ծնած էր Եգիպտոս:
Նորայր եւ Վարդուհի կ՛ամուսնանան 1942ին: Անոնք կը բախտաւորուին չորս մանչ՝ Անդրանիկ, Արամ, Վահէ եւ Արման ու մէկ աղջիկ՝ Շաքէ զաւակներով: Բոլորն ալ ծնած են Եգիպտոս: Բոլորն ալ ամուսնացած են: Զաւակներէն երեքը՝ Անդրանիկ, Շաքէ եւ Արման հաստատուած են Մոնթրէալ, իսկ Վահէ մինչեւ օրս կը բնակի Եգիպտոս:
Տիկին Վարդուհի, Նորայրին կինը, կը դառնայ ամուսնոյն աջ բազուկը: Ան կը հոգայ զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ամէն տեսակի պէտքերը:
Նորայր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եղած է Եգիպտոսի Հայ գաղութին գործունեայ մէկ անդամը: Եղած է բարեսիրտ, ծառայասէր, բարեգութ, հայրենասէր: Ունեցած է ազգանուէր ծառայութիւն: Ապրած է հայրենիքի տեսլականով:
1931ին, երիտասարդ Նորայրը 22 տարեկան հասակին եղած է Եգիպտոսի նորաստեղծ «Վերածնունդ» միութեան ատենապետը:
Ինքնաշխատութեամբ սորված է փող (trumpet) նուագել եւ մաս կազմած է Երիտասարդական նուագախումբին:
Եղած է Աղեքսանդրիոյ Հայոց եկեղեցւոյ հոգաբարձու, Քաղաքական ժողովի ատենապետ եւ Թեմական ժողովի ատենապետ:
20,000 տոլարի նիւթական մեծ նուիրատուութիւն կատարած է 1995ին, Գահիրէի Հայաստանի դեսպանատան շինութեան ֆոնտին եւ եղած է մնայուն ու մտերիմ բարեկամը դեսպանատան:
Երբ Սպիտակի երկրաշարժի որբերը Եգիպտոս հրաւիրուած են, ինք մեծ ընդունելութիւն սարքած է իր տան մէջ եւ իւրաքանչիւր որբի ոսկի խաչ մը նուիրած է:
Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի Եգիպտոս այցելութեան, 1956ին, մեծ հիւրասիրութիւն մը սարքած է ի պատիւ վեհափառին, ինչպէս նաեւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ՀՅԴի «Յառաջդիմասէր» սրահին մէջ տեղի ունեցած վեհափառ հայրապետին ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան մէջ:
Նիւթապէս օժանդակած է կարօտեալ հայերուն, հայ դպրոցին եւ հայ եկեղեցիին:
Գանատա գաղթող եգիպտահայերուն նիւթապէս օգտակար եղած է՝ հոգացած է անոնց օդանաւային ճամբորդութեան ծախսը:
Նիւթապէս օժանդակած է Աղեքսանդրիոյ Հայ ծերանոցին: Հոն շինել տուած է սենեակ մը, իր հօրը եւ մօրը յիշատակին:
Աղեքսանդրիոյ հայ ժողովուրդը զինք կոչած են՝ «Հայրիկ»: Իր մահուան օրը Աղեքսանդրիոյ հայերը ըսած են՝ «Հայրիկ»ը մահացաւ:
Հայաստան այցելած է երկու անգամ եւ հանդիպումներ ունեցած է բանաստեղծ Շիրազին հետ: Ան հմայուած է Շիրազով եւ սերտ բարեկամութիւն հաստատած է անոր հետ:
Նորայր գրած է Մայիս 28ին եւ Ապրիլ 24ին նուիրուած երկու բանաստեղծութիւններ:
Նորայր մահացած է Աղեքսանդրիա, 9 Օգոստոս 2001ին, 89 տարեկանին:
Մահէն մի քանի ամիս առաջ, հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Աստուած օր մը թշնամիին պատիժը պիտի տայ. չեմ ներէր ջարդարար թուրքին, ներելու հարց չկայ բացարձակապէս: Հայ ժողովուրդը մէկ մարմին, մէկ հոգի պէտք ըլլայ միշտ. բոլորս պէտք է ըլլանք հայրենիքի կողքին: Ղեկավարներ կու գան ու կ՛երթան, սակայն հայրենիքը կը մնայ: Կեղծ հայութիւն պէտք չէ ըլլայ: Կուսակցութիւնները իրենց տարակարծութիւնները մոռնալու են եւ գործելու են ի շահ հայրենիքին»:
Ողբացեալ Նորայրին կողակիցը՝ Վարդուհին, մահացած է Եգիպտոսի մէջ, 31 Յունուար 2021ին:
Մոնթրէալ
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Նորայր Պէնօհանեանի հարցազրոյցին խտասալիկը, Աղեքսանդրիա, 1962.
2. Անձնական տեղեկութիւններ Շաքէ Պէնօհանեան Կէօնճանէն եւ Արամ Պէնօհանեանէն, Մոնթրէալ, 2019.