
Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր հիմնադրութեան 40ամեակի տօնակատարութեան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Ապրիլի երեկոյեան, Միշըն Հիլզի «Լենտմարք» սրահին մէջ, մօտաւորապէս 500 համակիրներու, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ առողջապահութեան ոլորտէն արհեստավարժներու մասնակցութեամբ:
Չորս տասնամեակներէ ի վեր, հայութեան առողջապահական կարիքներուն հասնող սոյն կազմակերպութեան այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան Ամերիկահայ բժշկական միութեան նախկին 14 նախագահները՝ տոքթ. Քեւըն Գալստեան, տոքթ. Արմոնտ Քոթիկեան, տոքթ. Ռաֆֆի Թաշճեան, տոքթ. Սերինէ Մելիտոնեան, տոքթ. Վիգէն Սեֆիլեան, տոքթ. Վարուշ Ալավերտեան, տոքթ. Պորիս Պաղտասարեան, տոքթ. Արմէն Չենք, տոքթ. Դաւիթ Դաւթեան, տոքթ. Սիլվա Քարճիքեան, տոքթ. Պետրոս Քոճեան, Միսաք Ապտուլեան, Կրեկըրի Քիրիանոֆ եւ տոքթ. Միսաք Պարսամեան։
Ամերիկահայ բժշկական միութեան ներկայ նախագահը՝ տոքթ. Գառնի Պարխուտարեան, դրուատեց մեծարեալներուն նուիրուածութիւնը, զանոնք նկատելով միութեան սիւները։
Նշեալներուն կողքին, միութեան կողմէ մեծարուեցան տոքթ. Հերի Պալեան, տոքթ. Արսինէ Կիւվճէլեան եւ դոկտ. Ռամելլա Մարգարեան։
Ձերնառկին բացումը Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներով կատարեց Սօսի Մարտիրոսեան՝ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Արմէն Պիւլպիւլեանի, իսկ ընթրիքին ընթացքին ներկաները վայելեցին Քրիսթին Պէպէլեանի կատարումները։
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի առողջապահական ոլորտը արդիականացնելու ջանքերուն եւ միութեան կրթանպաստի հիմնադրամին:
Նշենք, որ ներկայիս, կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ առողջապահական մասնագիտութիւններ ընտրած 16 ուսանողներու կրթական ծախսերը կը հոգայ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ 113 կրթանպաստներ յատկացուցած է այդպիսի մասնագիտութիւններու հետեւող ուսանողներու:
Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը հանդիսանայ Սփիւռքի մէջ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը: