23 Ապրիլին. ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէն քաղաքական ցոյց մը կատարեց կառավարութեան եւ նախարարութիւններուն դիմաց:
Մերժելով թրքական ժխտողականութիւնը եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերը՝ ցոյցին մասնակցողները Հայոց Ցեղասպանութեան ճարտարապետ-ոճրագործ Թալէաթ փաշայի ձեռքով գրուած օրագիրի հրապարակուած օրինակը, որ կը կոչուի «Սեւ Գիրք», նուիրեցին Նիկոլ Փաշինեանին, Արարատ Միրզոյեանին, Ժաննա Անդրէասեանին եւ Ալէն Սիմոնեանին: