Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը մեծ է, հզօր, հարուստ, բարդ, հակասական եւ հրաշալի։
Բայց ո՞ւր է, որ կարելի է տեսնել, շօշափել, անդրադառնալ, հասկնալ, որ այս համայնքը կ’ապրի, կը շնչէ, կը ստեղծէ, կը տագնապի, կ’ոստոստէ, կը նահանջէ, կը թռչի։
Վայր մը, ուր հաստատ պէտք է այս բոլորը զգացուին, հաւաքուին, մատուցուին՝ «Ասպարէզ»ը պիտի ըլլայ։
Կարելի է հազար ու մէկ արդարացում գտնել, թէ ինչու «Ասպարէզ», իր ներկայ հնարաւորութիւններով, քատրային թէ նիւթական, անկարող է այս հզօր գաղութին արժանի թերթը դառնալ, անկարող է ընդգրկել այն, ինչ որ պէտք է ընդգրկէ, անկարող է հասնիլ հոն, ուր պարտաւոր է հասնիլ, որ ըստ էութեան, պէտք է ըլլայ ամէնուր, ամէն տեղ։
Եկէք փոխենք այս վիճակը։ Եկէք միացէք մեր փոքրաթիւ թղթակիցներու հոյլին, միացէք անոնց, որոնք ճիգ ու ջանք չեն խնայեր գոնէ մասնիկ մը հասցնելու ձեզի՝ եղած ամբողջէն։
Եկէք պայմանաւորուինք։
Մեր փափաքն է մեր պահանջկոտ ընթերցողներուն հետաքրքութիւնը գոհացնել այս համայնքէն ներս եղած անցուդարձերու մասին հնարաւորինս արագ, ամփոփ, բայց եւ ամբողջական։
Արհեստագիտութեան ներկայ պայմաններու մէջ բնաւ դժուար չէ կապ պահելը, տեղեկութիւն ու նկար փոխանցելը։ Մենք պատրաստ ենք ընդունելու, ինչ ձեւի տակ ալ ըլլայ տեղեկութիւնը, ինչ լեզուով ալ գրուած ըլլայ ան, մենք պատրաստ ենք խմբագրելու եւ հրապարակելու։ Խմբագրութեան հետ հեռաձայնային կապն ալ բաւարար է բան մը տեղէն շարժելու։ Մենք գրի կ’առնենք եւ կու տանք թերթին։
Կը դիմենք միութիւններու պատասխանատուներուն, կը դիմենք հասարակական կեանքին մասնակից անձերուն, կապուեցէք մեզի հետ ու մենք միասին լուծենք այս խնդիրը, գաղութի կեանքը դարձնենք աւելի շնչող, կենսալի, աշխոյժ, այնպէս՝ ինչպէս է, բայց նաեւ թերթով, «Ասպարէզ»ով։
Այս ծիրէն ներս մեզ օգնել փափաքողները թող հեռաձայնեն խմբագրութիւն։ Թիւը կրնաք գտնել թերթի էջերէն։