
ՐԱՖՖԻ ԱՐՏՀԱԼՃԵԱՆ
Ամէն տարուան պէս՝ Ապրիլ 2025ն ալ բազմաթիւ յիշատակի արարողութիւններ տեսաւ: Թէեւ ,այս նշումները կարեւոր դեր ունին հայկական հաւաքական յիշողութեան մէջ, սակայն. չեմ զգար, որ շատ մը քարոզներ եւ յօդուածներ կ՛արտացոլեն որեւէ նոր մտածողութիւն՝ բացի «պայքարը շարունակենք» կարգախօսէն: Կը զգացուի, որ այս մօտեցումը անբաւարար է՝ նկատի ունենալով 2020ին եւ 2023ին հայերու կրած աղէտալի պարտութիւնները: Մեր անցեալը պատուելուն հետ միասին կարեւոր է քննադատական մօտեցումով քննել մեր խոցելի կէտերը եւ ապահովութեան կարիքները՝ նոր հեռանկարներով:
Հայոց պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ համայնքներ դէմ յանդիման գտնուած են գոյութենական սպառնալիքներու, որոնք դժուար ընտրութիւններ կը պահանջէին: Երկու հերոսական առանցքային պահեր կը ներկայացնեն հակադիր մօտեցումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արժէքաւոր դասեր կը պարունակէ:
Սեպտեմբեր 1915ին, Ուրֆայի հայկական համայնքը (նոյնպէս՝ 1915ին Վանի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա լերան եւ Սասունի համայնքները) ճակատագրական որոշում մը տուին, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղահանութեան հրամաններու մարտահրաւէրին բախեցան: Փոխանակ ենթարկուելու տեղահանութեան, որ անխուսափելիօրէն մահուան երթերու պիտի առաջնորդէր, անոնք ընտրեցին զինեալ դիմադրութեան ուղին: Մօտաւորապէս մէկ ամիս՝ 29 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր, Ուրֆայի հայկական համայնքը քաջութեամբ կռուեցաւ գերակշռող ուժերու դէմ, սպառեց իր փամփուշտները եւ զոհաբերեց իր կեանքը՝ փոխանակ անձնատուր ըլլալու ցեղային զտումներուն: Նահատակներուն մէջ էին իմ Արզուհալճեան գերդաստանի անդամները, որոնց զոհաբերութիւնը կը մարմնաւորէ դիմադրութեան եւ հնազանդութեան միջեւ սարսափելի ընտրութիւնը:
Գրեթէ 108 տարիներ ետք, Արցախի հայերը տարբեր ելք մը ունեցան: 9ամսեայ շրջափակումէն ետք, բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ ծանր մարդասիրական ճգնաժամի մը: Երբ 19 Սեպտեմբեր 2023ին, ատրպէյճանական ուժերը սկսան իրենց լայնածաւալ ռազմական յարձակումին՝ դիմադրութիւնը քանդուեցաւ 24 ժամերու ընթացքին: Ի տարբերութիւն Ուրֆայի՝ Արցախի 120,000 հայերը, հասկնալով որ Հայաստանէն որեւէ օգնութիւն չի հասնիր զիրենք փրկելու, եւ ատրպէյճանական բռնապետութեան լուծին տակ ապրելու սպառնալիքին դիմաց՝ ընտրեցին զանգուածային արտագաղթի ուղին:
Այս դրուագները կը յառաջացնեն խորունկ հարցեր՝ թէ ինչպէ՛ս արդիւնքները կրնային տարբեր ըլլալ՝ տարբեր մտածելակերպով: Ի՞նչ կը պատահէր, եթէ հայկական համայնքները որդեգրէին մօտեցում մը, որ կը շեշտէր ռազմավարական կանխատեսութիւնը: Ի՞նչ կը պատահէր, եթէ «Այլեւս Երբեք»ը հիմնուած ըլլար ոչ թէ միջազգային խղճմտանքի դիմումներու վրայ, այլ տեղական հայկական պաշտպանական կարողութիւններու վրայ: Ի՞նչ կը պատահէր, եթէ հայու ցեղասպանուած զոհի կարգավիճակը փոխարինուէր գործակալութեամբ – ոչ թէ ապահովութիւն մուրալով, այլ զայն համակարգուած կերպով զարգացնելով եւ մեր ուժերուն վրայ յենելով:
Յետադարձ ակնարկ մը նետելով՝ կարծես թէ Ցեղասպանութեան հոգեկան վնասը հայկական քաղաքական մտածողութիւնը երկու գերակշռող բայց սահմանափակ կաղապարներու մէջ ձեւաւորած է:
Առաջինը՝ «զիջողական» մտածելակերպը – պաշտպանելով տարածքային կամ քաղաքական զիջումները ամէն գնով «խաղաղութիւն» ձեռք բերելու համար: Թէեւ հասկնալի է, թէ այս մօտեցումը բազմիցս ցոյց տուած է, որ զիջումները առանց լուրջ երաշխիքներու կամ ուժերու հաւասարակշռութեան՝ յաճախ յետագայ յարձակումներ եւ բռնարարքներ կը հրաւիրեն:
Երկրորդը կը ներկայացնէ «խորհրդանշական ազգայնականը» – հիմնականօրէն տարուած զգացական հռետորայութեամբ եւ թիրախ դարձնելով անտարբեր միջազգային հանրութիւնը: Թէեւ այս անկեղծ նուիրուածութիւնը հայկական ինքնութեան եւ պատմական արդարութեան գովելի է, սակայն անոր կը պակսի գործնական ռազմավարական տեսլականը, որ կրնար բարոյական իրաւունքը կերպարանափոխել իրական պաշտպանական կարողութեան:
Փորձառութեամբ գիտենք, որ այս երկու մօտեցումները բոլորովին կարողութիւնը չեն ունեցած կանխելու հայ ժողովուրդին դէմ եղած սպառնալիքները: Անոնք պարզապէս անցեալի արհաւիրքներուն դիմաց պաշտպանողական հակազդեցութիւններ են, եւ ոչ թէ դէպի ապագայ նայող իրատեսական ռազմավարութիւններ:
Առանց գործնական միջոցներու եւ իրական պաշտպանութեան կարողութիւններու, «Այլեւս Երբեք» կարգախօսին տարեկան կրկնութիւնը կը վերածուի պարզ խօսքի, որ կարողութիւնը չունի անցեալի ողբերգութիւններու կրկնութիւնը կանխելու: Հայութեան առողջ ապագան կը պահանջէ, որ հեռանանք մշտական զոհի դերէն եւ որդեգրենք ինքնապաշտպանութեան վրայ հիմնուած արժանապատիւ դիրքորոշում մը:
Այս էական անցումը կը պահանջէ քաղաքական վճռակամութիւն՝ պաշտպանական կարողութիւններու մէջ հետեւողական ներդրումներ կատարելու, յատկապէս խաղաղութեան ժամանակաշրջաններուն, երբ այդպիսի ներդրումները յաճախ կ՛անտեսուին: Հայութեան համար, այս կը նշանակէ՝ հոգեբանական դիմացկունութիւն մը եւ ռազմավարական տեսլական մը մշակել՝ այնպիսի զսպող պաշտպանական կարողութիւններ կառուցելու, որ որեւէ յարձակում այնքան մեծ վնասներ պիտի պատճառէր յարձակողին, որ զայն պիտի ստիպէր երկիցս մտածել:
Ապահովութեան մասնագէտները յաճախ կը յղուին «Ոզնիի Պաշտպանութեան Վարդապետութեան» – որ անուանուած է այն փոքր կենդանիին պատկերով, որուն վրայ գրեթէ ոչ մէկ գիշատիչ կը համարձակի յարձակիլ: Ճիշդ ոզնին պէս, որ ծաւալապաշտական նպատակներ չունի՝ փոքր ազգ մը կրնայ ստեղծել այնպիսի պաշտպանական միջոցներ, որ որեւէ յարձակողի անհամեմատ վնասներ կը պատճառեն:
Փոքր ազգերու համար, այս ռազմավարութիւնը կը կեդրոնանայ զարգացման վրայ անհամաչափ պաշտպանական կարողութիւններու, այլապէս յարձակումը մեծածախս կը դառնայ: Ասիկա չի պահանջեր հաւասարիլ մեծ դրացիներու ընդարձակ ուժին, այլ կը կեդրոնանայ ճշգրիտ կերպով նախագծուած պաշտպանական համակարգերու վրայ, որոնք կը բացայայտեն հաւանական յարձակողներու թոյլ կողմերը եւ կը ստեղծեն հզօր եւ արդիւնաւէտ զսպող ուժ:
Ֆինլանտա, Սինկափուր, Զուիցերիա եւ Թայուան յաջողապէս կիրառած են այս ռազմավարութեան զանազան տարբերակներ՝ պահպանելով իրենց գերիշխանութիւնը, թէեւ անոնք շրջապատուած են աւելի մեծ եւ հզօր դրացիներով: Այս երկիրներու փորձառութիւնը կը հաստատէ, որ նոյնիսկ փոքր պետութիւնները կրնան իրենց ազգային ապահովութիւնը երաշխաւորել՝ նպատակասլաց ռազմավարական ներդրումներու եւ պաշտպանական կարողութիւններու յստակ ցուցադրման միջոցով:
Հայաստանի լեռնային բնութիւնը ոզնիի պաշտպանական ռազմավարութեան համար կատարեալ է: Լեռները բնական ամրութիւններ են, որոնք կը դժուարացնեն թշնամիի յառաջխաղացքը եւ կը բարձրացնեն յարձակումի գինը: Այսպիսի մօտեցում մը օգտակար է նաեւ Սփիւռքի համայնքներուն համար, որոնք իրենց մասնագիտական գիտելիքներով եւ միջազգային կապերով կրնան զօրացնել համայնքային ապահովութեան ցանցը՝ որդեգրելով ոզնիի վարդապետութիւնը:
Ոզնիի ռազմավարութիւնը կը գերազանցէ զուտ զինուորական միջոցները եւ կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ այլ ոլորտներ՝ դիւանագիտական, մամուլի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ֆինանսական: Դիւանագիտութեան մէջ ասիկա կը նշանակէ ստեղծել փոխադարձ շահաւէտ կապեր, փոխանակ միշտ զոհի կարգավիճակով օգնութիւն խնդրելու: Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, յարգանքը կը ծնի կարողութենէն, ոչ թէ ողորմածութենէն:
Հայկական կողմը պէտք է կարենայ արագօրէն հակազդել ապատեղեկատուական արշաւներուն եւ նպատակաուղղուած կերպով ազդել միջազգային կարծիքին վրայ: Թուային ոլորտին մէջ, նոյնիսկ փոքր միջոցներով կարելի է ստեղծել զսպող կարողութիւններ, որոնք կրնան էապէս սահմանափակել թշնամիին գործողութիւնները:
Ֆինանսական զսպումը կը ներառէ հաւանական հակառակորդներու տնտեսական խոցելի կէտերը բացայայտելը եւ թիրախային պատժամիջոցներ պարտադրելու մեքենայութիւններ զարգացնելը՝ զանոնք դաշնակիցներու հետ համակարգելով: Սփիւռքի համայնքներուն համար, այս ուղղութիւնները արժէքաւոր հնարաւորութիւններ կ՛առաջարկեն թէ՛ համայնքային եր թէ ազգային ապահովութեան նպաստելու՝ ռազմավարական փորձագիտութեամբ:
Թէեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեծապէս տարածուած է միջազգային ասպարէզին մէջ, այս բարոյական յաղթանակը չէ վերածուած իրական պաշտպանական երաշխիքներու, երբ հայութիւնը դէմ յանդիման եկաւ նոր սպառնալիքներու: Սակայն, ո՛չ հայկական դիւանագիտութիւնը, ո՛չ հայկական լոպին կը թուին յարմարուած ըլլալ այս իրականութեան: Գործը սովորականին պէս է – շարունակելով (կամ ոչ) հետապնդել ճանաչումը եւ դատապարտութեան յայտարարութիւնները՝ առանց անհրաժեշտ նոր լծակներ զարգացնելու իմաստալից ապահովութեան երաշխիքներու համար:
Ժամանակն է որ հայութիւնը յաղթահարէ Ցեղասպանութեան հին մտածելակերպները՝ ըլլա՛ն անոնք զիջողական կամ անզօր ազգայնական: Մեզի պէտք է նոր մշակոյթ մը, որ բարոյական արդարութեան պահանջը կը զուգորդէ գործնական պաշտպանական կարողութիւններու հետ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ:
Հայ քաղաքական միտքը պէտք է մտածէ եւ կառուցէ իրական զսպող ուժ մը եւ մշակէ դիմացկուն ռազմավարական մտածողութիւն մը՝ փոխանակ յենելու Ապրիլ 24ի տարեկան արարողութիւններուն, որոնց ազդեցութիւնը արագօրէն կը նուազի: Միայն այդպէս «Այլեւս Երբեք» խոստումը պիտի դառնայ իրական երաշխիք՝ փոխանակ միայն բառերու կրկնութեան:
Հայութեան դիմաց ծառացած հիմնական մարտահրաւէրը այսօր մեր աւանդական մտածողութեան ձախողութիւնն է: Այսօրուան աշխարհը չի պաշտպաներ տկար զոհերը, որոնք չեն ուզեր օգնել իրենք զիրենք եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել: Իսկական յիշատակումը պիտի ըլլար իւրաքանչիւր հայու եւ հայկական կառոյցի արդիւնաւէտ ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը, որ կը զսպէ ապագայ թշնամիները:
Այս ուղիով կրնանք իսկապէս սորվիլ Սեպտեմբեր 1915ի Ուրֆայի եւ 2023ի Արցախի հերոսական ինքնապաշտպանութեան ճակատամարտերէն, եւ այդ դասերը վերածել գործնական եւ դիմացկուն քաղաքականութեան՝ ապագայ սերունդներու ապահովութեան համար: