ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալիոյ Փեսքարա քաղաքին մէջ աւարտած ողիմպիական մրցաշարքին 75 քիլոկրամ քաշային բռնցքամարտիկ Անդրանիկ Յակոբեանը յաղթանակ տարաւ երրորդ տեղի համար լրացուցիչ մրցամարտին եւ նուաճեց ողիմպիականի ուղեգիր: Սա Հայաստանի բռնցքամարտիկներու չորրորդ ուղեգիրն է: