ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գործող 22 դրամատուները ընդգրկուած են աւանդներու երաշխաւորման հիմնադրամին մէջ:
Աւանդներու երաշխաւորման հիմնադրամը կ’երաշխաւորէ դրամային եւ տարադրամով աւանդները (հաշիւները): Դրամային աւանդներուն համար երաշխաւորման առաւելագոյն չափը 2 միլիոն դրամ է, իսկ տարադրամով աւանդներու համար՝ 1 միլիոն, եւ աւանդը դնելու պահէն կը համարուի երաշխաւորուած:
Մինչեւ այժմ հիմնադրամի կողմէ աւանդներու հատուցման դէպքեր չեն արձանագրուած, քանի որ գործող բոլոր դրամատուները, համաձայն պաշտօնական հաշուետուութիւններու, կայուն են: