«Շ. եւ Է. Մերտինեան» հայ աւետարանական վարժարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը, հաւատարիմ վարժարանին ծառայելու աւանդութեան, անգամ մը եւս ծրագրած է հաճելի եւ օգտաշատ ճաշկերոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 5ին, առաւօտեան ժամը 11ին «Wilshire Country Club»ի շքեղ շրջափակէն ներս։
Ներկաները գոհացնելու միտումով, ձեռնարկին հրաւիրուած են գաղութիս ծանօթ եւ սիրուած արուեստագիտուհիներ՝ Ալիծ եւ Արենի Աղպապեանները։
Ալիծ Աղպապեան որպէս մասնագէտ հեքիաթասաց ունկնդիրներու կը ներկայացնէ հայկական աւանդական սովորութիւններ, դիցաբանութիւն, երգ եւ անոնց պատմական հոլովոյթն ու արմատները։ Ան հեղինակն է բազմաթիւ մանկական գիրքերու եւ դասաւանդած է «Մերտինեան» վարժարանի մէջ։ Աղպապեան վերջերս վերադարձաւ Սթոքհոլմէն, ուր հրաւիրուած էր տեղւոյն հանրային գրադարանի վարչութեան կողմէ, ներկայացնելու հայկական մանկական գրականութիւնը Մանկական միջազգային գրքի շաբթուան ընթացքին։
Ալիծ Աղպապեանին կ’ընկերանայ դուստրը՝ Արենին, որ մասնագիտացած է ժամանակակից երաժշտութեան մէջ եւ վերջերս ստացած է գեղարուեստի մարզէն ներս իր Մագիստրոսի տիտղոսը (MFA) «CalArts» համալսարանէն։
Արենին Յունուարին ելոյթ ունեցաւ «Համազգային»ի «Mosaic II» երգահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ։ Ներկայիս ան կը ղեկավարէ Միացեալ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միացեալ երգչախումբը։ Սոյն ձեռնարկին Աղպապեաններու ներկայացման թեման է «Հայ կինը աւանդութեան եւ դիցաբանութեան մէջ»։ Ներկաները վստահաբար պիտի վայելեն հաճելի եւ օգտաշատ պահեր։
Ձեր տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել հետեւեալներուն մինչեւ Մարտ 29՝ Մէյրի Աթիքեանին՝ (818) 788-3255 թիւով, կամ Հերմինէ Ֆէրմանեանին՝ (323) 467-6896: