ՔԱԶԱՆՉԵԱՆՆԵՐՈՒ 150,000 ՏՈԼԱՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ ԿԵԴՐՈՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՍՐԱՀԸ ԱՆՈՒԱՆՈՒԵՑԱՒ «ԻՍԱՀԱԿ ԵՒ ԺԱՆԷԹ ՔԱԶԱՆՃԵԱՆ» ԱՆՈՒՆՈՎ
Ուրբաթ, 7 Մարտին, Կլէնտէյլի հայ գաղութը տօնեց ցնծութեան անմոռանալի երեկոյ մը, երբ ի նպաստ Կլէնտէյլի երիտասարդական հայ կեդրոնին տեղի ունեցաւ հանգանակային աննախընթաց ձեռնարկ մը, «Ռընէսանս» շքեղ դահլիճին մէջ։ Սոյն ձեռնարկը առաջինն էր շինարարական աշխատանքներուն սկսելէն ի վեր։
16 Դեկտեմբեր 2007ին տեղի ունեցած էր Երիտասարդական հայ կեդրոնի շինարարութեան մեկնարկի արարողութիւնը, գլխաւոր բարերարութեամբ գաղութիս ճանաչուած բարերարներէն՝ տոքթ. Ալպէր Գարամանուկեանին, եւ յարգելով յիշատակը իր ծնողներուն, հայ կեդրոնը անուանուեցաւ «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական հայ կեդրոն։
Մարտ 7ի օրուան մեծագոյն անակնկալն էր Քազանջեան եղբայրներու իշխանական նուիրատուութիւնը, որոնք 150,000 տոլարով կը հովանաւորեն կեդրոնին մեծ սրահը իրենց յարգելի ծնողաց՝ տէր եւ տիկին Իսահակ եւ Ժանէթ Քազանճեան ամոլին անունով։ Քազանճեան եղբայրները՝ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Մելինէ Քազանջեան, տէր եւ տիկին Հարմիկ եւ Թինա Քազանջեան, տէր եւ տիկին Էդիկ եւ Ժզէլ Քազանջեան, եւ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սօնիկ Քազանջեան, իրենց զաւակներով, բարի օրինակը դարձան իրենց համեստ ծնողքին, որոնք միշտ բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնած են միութենական, կուսակցական եւ եկեղեցական աշխատանքներու։ Քազանճեան եղբայրները իրենց այս նուիրատուութեամբ ոչ միայն իրենց ծնողքին պատիւ պիտի բերեն, այլ անոնք իրենց զաւակներուն եւ գալիք սերունդին կը փոխանցեն անգին նուէր մը, որ նոր սերունդին պիտի տրամադրուի դաստիարակուելու, կազմաւորուելու եւ յանձնառու քաղաքացիներ դառնալու ճիշդ միջոցներով։ Աւելին, անոնք առիթը պիտի ունենան փոխադարձաբար գաղութին օգտակար դառնալու՝ օգտուելով հայ մշակոյթի մեր ժառանգութիւններէն։
Հայ մշակութային հիմնարկութեան Կլէնտէյլի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Աւետիք Իզմիրլեան, ԿԿի եւ շրջանի կոմիտէներու անդամներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Խաժակ Տիքիճեան, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչ՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձութիւնը, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի, Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ» մասնաճիւղի, Քալիֆորնիայի երիտասարդաց միութեան, Նոր Չուղայի բարեկամներու, Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբի, Հ.Ե.Դ. «Ռուբէն» ուխտի, Հ.Յ.Դ. «Շանթ» եւ «Զաւարեան» պատանեկան միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 400 հիւրեր։
Պետական հիւրերու շարքին էին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ՝ Փօլ Գրիգորեան, Կլէնտէյլի քաղաքապետ՝ Արա Նաճարեան եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ՝ Պապ Եուսեֆեան։
Հայ մշակութային հիմնարկութեան Կլէնտէյլի մասնաճիւղի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» հայ կեդրոնի կառուցման հանգանակային յանձնախումբի անունով, բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Քրիստին Յովնանեան, որ ըսաւ. «Չորս տարիներ առաջ յղացած գաղափարը վերածուեցաւ շէնքի մը նախագիծի, կտոր մը հողաշերտի եւ ապա շօշափելի իրականութեան եւ արդէն առնուած են այդ երազի իրականացման առաջին քայլերը։ Փաստն այն է, որ այսօր սկսած են շինարարական աշխատանքները եւ մեր բոլորի հաւաքական ուժերով իր աւարտին պիտի հասցնենք այս ծրագիրը։ Լիայոյս ենք, որ այս ձեռնարկը ձեզի պէս ազգայիններու օժանդակութեամբ պիտի կարողանայ Կլէնտէյլի Երիտասարդական կեդրոնի իրագործման ճանապարհին քայլ մը եւս դէպի յառաջ առաջնորդել բոլորս»։
Բացման խօսքէն վերջ, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին ամերիկեան եւ հայկական զոյգ հիմներգները։ Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւները, որպէսզի օրհնեն սեղանները։ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան իր երախտագիտութեան խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ կեդրոնի աշխատանքները սկսած են. երկար տարիներէ մեր երազած կեդրոնի մը տեսլականը, փափաքը այսօր իրականութիւն պիտի դառնայ եւ մեր պատանիներն ու երիտասարդները իրենց արտադասարանային ժամերը պիտի անցընեն այս կեդրոնին մէջ, բարի նպատակներու հետեւելով, ըլլան անոնք կրօնական, ազգային կամ մշակութային ծրագիրներ»։
Ապա, բեմ հրաւիրուեցան Յովան Թաշճեան եւ Արտաշէս Քասախեան՝ հանդիսավարելու սոյն հոգեհարազատ երեկոն։ Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ իրենց զօրակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին։ Ճաշի սպասարկութենէն ետք, յատուկ տեսաժապաւէն մը ցուցադրուեցաւ, որ կը ներկայացնէր տեղեկութիւններ կեդրոնի կարեւորութեան, նպատակներուն եւ աշխատանքներուն մասին, «Իրականացնենք մեր երազը» խորագրով։
Թաշճեան շարունակելով իրեն վստահուած պարտականութիւնը, յայտարարեց կատարուած նուիրատուութիւնները, նաեւ յայտնեց, որ այսօրուան նուիրատուութիւնները մեր ապագայի հաշւոյն կատարուած ներդրումներ են եւ ցոյց կու տան մեր նոր սերունդին հանդէպ նուիրատուներու մեծ հաւատքը։ «Այս կեդրոնը ծառայութեան կեդրոն պիտի ըլլայ։ Ան պիտի ունենայ բազմաթիւ դասարաններ, տեղ յատկացնելով ՀՕՄի հայերէն լեզուի դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին եւ այլ ծառայութեանց։ Կեդրոնը պիտի ունենայ ժողովասրահ, ընթերցանութեան յատուկ սենեակ, գրադարան, ժողովասենեակ եւ բազմանպատակ գրասենեակներ, որոնք պիտի յատկացուին ոչ շահութաբեր տեղական զանազան կազմակերպութիւններու», ըսաւ ան։
Նուիրատուներու շարքին էր նաեւ կեդրոնի հիմնական նուիրատու տոքթ. Ալպէր Գարամանուկեանը, որ այս անգամ իր աւագ քրոջ հոգատարութիւնը գնահատելով իր հարազատներուն հանդէպ, 25,000 տոլար եւս նուիրեց կեդրոնի շինարարութեան ֆոնտին, եւ «Համազգային»ի սենեակը հովանաւորեց իր քրոջ՝ Էլիզապէթ Գարամանուկեանի անունով։
Տէր եւ տիկին Նուպար եւ Տիգրանուհի Մխսիգէորգեան նոյնպէս իրենց մօր եւ հօր յիշատակը անմահացնելով 25,000 տոլար նուիրեցին եւ հովանաւորեցին սենեակ մը՝ «Նազարէթ եւ Մարիամ Մխսիգէորգեան» անունով։
ՀՕՄի դասարաններէն սենեակի մը հովանաւորութիւնը ստանձնեց նաեւ ՀՕՄի նուիրեալ անդամներէն Հայկուշ Գոհլըր՝ նուիրելով 25,000 տոլար։
Յայտնենք, որ սոյն ձեռնարկին հիւրասիրութեան բոլոր ծախսերը ստանձնեցին «Ռընէսանս» ճաշասրահի սեփականատէրեր՝ տէր եւ տիկին Արսէն եւ Անահիտ Ճուղուրեան եւ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Կարանէ Փափեան։ Սեղաններուն բոլոր ըմպելիները նուիրուած էին՝ տէր եւ տիկին Կարօ Գիւրքճեանի կողմէ։
Իր կարգին, Քասախեան շնորհակալութիւն յայտնենց բոլոր բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացան այս աշխատանքի իրականացման։ Օրուան անակնկալներուն շարքին էր նաեւ Կլէնտէյլի «Forest Lawn Foundation»ի նուիրատուութիւնը՝ 40,000 տոլարով, որ պիտի յատկացուի կեդրոնի գրադարանի շինութեան։
Շարունակելով 25,000 տոլարի նուիրատուութիւններու ցանկը եւ գրասենեակներու ստանձնումը, եղան հետեւեալ նուիրատուութիւնները՝ տիկին Ազնիւ Սապունճեան, յարգելով յիշատակը իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Սերոբ Սապունճեանի եւ գնահատելով անոր անսակարկ ծառայութիւնը յատկապէս քաղաքական կուսակցական աշխատանքներու հանդէպ, կը հովանաւորէ Հայ Դատի գրասենեակը։ Ռոպերթ Մեհրապեան կը հովանաւորէ ՀՕՄի դասարան մը։ Տէր եւ տիկին Ալպէր Պէզճեան նաեւ կը հովանաւորեն դասարան մը։ Նոր Չուղայի բարեկամներու միութիւնը եւս կը հովանաւորէ սենեակ մը։
Փոքրիկն Քրիստա Անա Խոտավէրտեան իր մեծ հօր՝ Ռաֆայէլ Խոտավէրտեանի յիշատակին նուիրեց 2500 տոլար։
Ձեռնարկի ընթացքին Ալէն Աղաճանեան ջութակի ընկերակցութեամբ հրամցուց գեղեցիկ երաժշտութիւն։ Իրագործուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական ծրագիր մը. երաժշտական կատարումներով ելոյթ ունեցան «Կիլիկիա» սենեկային նուագախումբը՝ խմբավարութեամբ՝ Միքայէլ Աւետիսեանի եւ ժողովրդական երգերու շարան մը ներկայացուց Սալբի Մայիլեան։
Հայ մշակութային հիմնարկութեան Կլէնտէյլի մասնաճիւղի ատենապետ Վահէ Պոզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս գաղափարը յղացող, կազմաւորող եւ տարիներու երազը իրականութիւն դարձնող բոլոր անոնց, որոնք ոչինչ խնայեցին եւ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը բերին սոյն կարեւոր նպատակին յաջողութեան համար եւ աւելցուց. «Շնորհակալութիւն եւ դարձեալ շնորհակալութիւն. բոլորին վարձքը կատար»։
Հինգ տարիներէ ի վեր, սոյն կեդրոնի շինարարական յանձնախումբի աշխատանքներուն առաջին օրէն իսկ իրենց մասնակցութիւնը բերելով եւ մինչեւ այսօր նոյն մտահոգութեամբ իրենց աշխատանքները շարունակելով, եւ առ ի երախտագիտութիւն իրենց իրագործած անխոնջ աշխատանքին, Հ.Յ.Դ. «Ահարոնեան» կոմիտէն, իրենց նուիրաբերումին համար գնահատեց յանձնախումբէն երեք ազգայիններ, որոնք են Վարուժ Քէօսեան, Ռուբէն Ամիրեան եւ Իսահակ Քազանջեան։ Որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոնց նուիրուեցան Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան արծաթեայ մետալները, ձեռամբ՝ Աւետիք Իզմիրլեանի։
Բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ քաղաքապետ՝ Արա Նաճարեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ Կլէնտէյլի մէջ երիտասարդութեան ծառայութիւն մատուցելու նպատակով կեդրոն մը կը կառուցուի, իր աջակցութիւնը յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց։
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր եւ ներկաները սրահը ձգեցին բարձր տրամադրութեամբ:
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կլէնտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական հայ կեդրոնի
նուիրատուութեանց ցանկ
հանգանակային ձեռնարկին առիթով
Ուրբաթ, 7 Մարտ 2008ին
Կլէնտէյլ
Տէր եւ տիկ Վահիկ եւ Մելինէ Գազանճեան,
Տէր եւ տիկ Հարմիկ եւ Թինա Գազանճեան,
Տէր եւ տիկ Էդիկ եւ Ժզէլ Գազանճեան եւ
Տէր եւ տիկ Արմէն եւ Սօնիկ Գազանճեան եղբայրներ $150,000
Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի $50,000
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղ $50,000
Forest Lawn Foundation $40,000
Տիկ Հայկուշ Գոհլըր $25,000
Տիկ Ազնիւ Սապունճեան $25,000
Տէր եւ Տիկ Ռոպերթ Մեհրապեան $25,000
Տէր եւ Տիկ Ալպէր Պէզճեան $25,000
Տոքթ. Ալպեր Գարամանուկեան $25,000
Տէր եւ Տիկ Նուպար եւ Տիգրանուհի Մխսիգէորգեան $25,000
Նոր Չուղայի Բարեկամներ $25,000
Տէր եւ Տիկ Ժոզէֆ Նազարեան $10,000
Տէր եւ Տիկ Կարօ Գիւրքճեան $5,000
Տէր եւ Տիկ Իսահակ եւ Ժանէթ Գազանճեան $5,000
Տէր եւ Տիկ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան $5,000
Տէր եւ Տիկ Մհեր եւ Սօսի Դաւիթեան $5,000
Տիկ Հերմինէ Պոստանեան $2,500
Տիար Ռոնի Ղարիպեան $2,500
Տէր եւ Տիկ Հէնրիկ Խոդավերդեան $2,500
Փոքրիկն Քրիստա Անա Խոդավերդեան $2,500
Commerce Casino $1,500
Տէր եւ Տիկ Սերժ Ղարիպեան $1,500
Տիկ Արփինէ Գապագլեան $1,000
Տոքթ. Եւ Տիկ Յակոբ եւ Վարսենիկ Տ. Մկրտիչեան $1,000
Տէր եւ Տիկ Փօլ Պարսամ $1,000
Տիար Ճէք Սաաթճեան $1,000
Arka Photo $1,000
Տոքթ. եւ Տիկ Սահակ Պաղտասարեան $1,000
Տէր եւ Տիկ Մհեր եւ Սադիկ Տէր Յովհաննէսեան $1,000
Տէր եւ Տիկ Արա եւ Անի Ղանիմէ $1,000
Տէր եւ Տիկ Գօգօ եւ Գոհար Աֆիֆի $1,000
Տէր եւ Տիկ Արմէն եւ Ատրինէ Տէր Յարութիւնեան $1,000
Տէր եւ Տիկ Դանիէլ եւ Միշէլ Մարաշլեան $1,000
Տէր եւ Տիկ Աբօ Թաշճեան $1,000
Տէր եւ Տիկ Վահէ Թաշճեան $1,000
Տէր եւ Տիկ Վահան եւ Նորա Պզտիկեան $500
Տիար Արի Պօյաճեան $500
Տէր եւ Տիկ Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեան $500
Տէր եւ Տիկ Աւօ Տօնոյեան $500
Տէր եւ Տիկ Յակոբ եւ Սօնա Չոփուրեան $500
National Attorney Collection Agency $500
Տէր եւ Տիկ Գարօ եւ Մարի Տէմիրճեան $500
«Համազգային»ի Շրջանային Վարչութիւն $500
Տէր եւ Տիկ Յարութ եւ Սրբուհի Որբերեան $500
Տէր եւ Տիկ Ռուբէն եւ Թամար Ամիրեան $500
Տէր եւ Տիկ Ռուբէն եւ Քրիստին Կիւրեղեան $500
Նայիրի Գալինճեան եւ Լոռի Աշողեան $500
Տէր եւ Տիկ Դանիէլ եւ Վիոլէթ Տիշէգէնեան $300
Տէր եւ Տիկ Նուպար եւ Արտեմիս Չորպաճեան $300
Տէր եւ Տիկ Գրիգոր եւ Սեդա Ալէքսանեան $300
Տէր եւ Տիկ Արամ եւ Թինա Շապանեան $200
Պողիկեան Ընտանիք $200
Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն $200
Տէր եւ Տիկ Զարեհ եւ Սեդա Մարգարեան $200
Օր. Ռիթա Հինդլեան $200
Տէր եւ Տիկ Դանիէլ եւ Անահիտ Չանոյեան $200
Տիար Ռուբիկ Գիւրճեան $200
Մի ոմն $100
Մի ոմն $100
Տէր եւ Տիկ Վարդան եւ Մարալ Պալիքեան $100
Մարլէն Կօշկարեան $100
Տէր եւ Տիկ Գօգօ եւ Նազելի Շահինեան $100
Տիար Նարեկ Աղճայեան $100
Ալին Չարիքեան $50
Տիար Վարանդ Նալպանտեան $50
Քրիստին Կուլինեան $10