Դատարկապորտներուն եւ քսութեամբ զազրախօսութիւն ընողներուն հասցէին ըսուած՝ «խօսքի վաճառականներ» կոչումէն տարբեր է, «աղօթքի վաճառականներ» անուանումը այնպիսի անձերու կը տրուի, որոնք ճշմարտապէս հասկցած չեն տակաւին աղօթքին իմաստը: Սակայն եւ այնպէս, կը յաւակնին տիրապետած ըլլալ անոր գաղտնի ուժին ներգործութեան կերպերուն եւ, ամենայն ինքնավստահութեամբ, իբրեւ իրենց արտադրութիւնը եղող «ապրանք» վաճառքի դնել զայն: Ոմանք, մասնաւոր ընելիք մը չունենալով, աղօթքի վաճառականութեան սակառը կը կախեն իրենց թեւէն, ժամավաճառ դարձնելով յատկապէս խղճահար հոգիներ՝ տագնապներու բովէն անցնող, վտանգներէ մազապուրծ ազատած եւ մանաւանդ հոգեկան խրախոյսի կարիք ունեցող:
Չկայ վաճառական մը, որ իր հաստատութիւնը առանց նիւթական եկամուտի կարենայ շարժման մէջ դնել: Սակայն, «աղօթքի վաճառական» կոչման պարագային նիւթականը մասնաւոր դերակատարութիւն պէտք չէր ունենար: Գէթ այս էր մեր համեստ կարծիքը: Բայց սխալ դուրս եկաւ մեր ենթադրութիւնը: Ընդհակառակը, սովորական վաճառականէ մը քիչ մը աւելի տարբեր, աղօթքի վաճառականները յուսախաբ կ’ընեն մեզ, դրամին վրայ աւելցնելով նաեւ իրենց «ես»ը, եւ այս երկու ակնկալիքներով կը մօտենան իրենց զոհերուն: Այս իմաստով սովորական վաճառականութիւնը իր բնական դրուածքով, ապրուստի ապահովման գործընթաց մը կը դառնայ՝ ընտրուած արհեստ մը, մինչ աղօթքի վաճառականութիւնը՝ չարաշահումի առիթ եւ միջոց:
Վաճառականական որեւէ գործառնութեան պարագային, կարեւոր է այն շուկան, ուր պիտի վաճառուին տուեալ արտադրութիւնները: Աղօթքի վաճառականներուն յաճախորդները ամէնէն աւելի խղճալի անձերն են ընկերութեան, որոնց հոգին տառապանքի ցաւով կը կոտտայ: Այդ իսկ պատճառով, այս վաճառականները իրենց վաճառատուները կը նախընտրեն հաստատել «ծովուն բացերը», երբ «ջուրը ինկած» մարդը, այլընտրանք պիտի չունենայ, այլ միայն այդ վաճառատունը ունենալով իր դէմը, այդտեղ վաճառուած «ապրանքը» պիտի գնէ պարտադիր կերպով…:
Արթուն վաճառականի նման, աղօթքի վաճառականները երբեմն-երբեմն խորագէտ օձերու պէս ջուրէն դուրս կը հանեն իրենց գլուխը, տեսնելու համար, թէ իրենց մօտակայ տարածքին մէջ կա՞յ արդեօք խորտակուած եւ ընկղմելու մօտ եղող «նաւ» մը: Եւ հազիւ նշմարեն այդպիսին, կը մօտենան անոր ու իրենց կռնակը այնպէս մը կը յարմարցնեն, կարծես վստահելի ու ապահով նաւամատոյց մը ըլլար, որուն վրայ քալելով ցամաք ելլէին նաւաբեկումի ենթարկուող ճամբորդները:
Ափսո՜ս սակայն… հազի՛ւ օձին կռնակին վրայ առաջին քայլը նետած, «մէջքը ցաւած» ըլլալու պատճառաբանութեամբ, օձը կը պլլուի անոր մէջքին: Սակայն, փոխանակ անմիջապէս խայթելու իր զոհը, աղեբեկ ողոքանօք ու ողբաձայն աղօթքներով առաջարկութիւններ կը կատարէ անոր, իբրեւ վաղեմի բարեկամ մը…: Վախճանը յստակ է: Պէտք չկայ այդ մասին խօսելու…:
Ծերունիէ մը լսած եմ օձին հետ բարեկամութիւն ընողին մասին բարոյալից դրուագ մը, որ սակայն իրական կեանքէ առնուած է: Յիշեալ ծերունին, իր մանկութեան օրերուն, ներկայ կը գտնուի Հնդկաստանէն եկած վարպետ օձավարժի մը կազմակերպած կրկէսային ելոյթին: Քանի մը թաղերու ամբողջ ժողովուրդը իր մեծով ու փոքրով կը խռնուի գիւղաքաղաքին հրապարակը, դիտելու համար իր բնազդը ամէն բանէ վեր նկատող անզիջող ու սարսափազդու թունաւոր սողունին կատարելիք հնազանդութեան արարքները, իր վարպետին հրահանգներուն ենթարկուելով:
Ծերունին, որուն աչքերուն մէջ տակաւին կարելի էր կարդալ անցեալի ահը, շարունակեց պատմելով, թէ հնդիկը ինչպէս սրինգի նուագով խորհրդաւոր իր պարկէն դուրս բերաւ երեք մեթր երկարութիւն ունեցող օձ մը: Ապա, քանի մը վայրկեան եւս զայն պարեցնելէ ետք, հրահանգեց անոր, փաթթուիլ իր մարմնին: Օձը ամենայն հնազանդութեամբ փաթթուեցաւ իր վարպետին մարմնին, գրեթէ անշարժութեան մատնելով զայն: Պահ մը այդպէս մնալէ ետք, վարպետը սուլոց մը արձակելով, նշան տուաւ օձին, վերստին քակուելու: Օձը, հնազանդ իր վարպետին հրահանգներուն, քակուեցաւ: Երկրորդ անգամ դարձեալ նոյն հրահանգը տրուեցաւ օձին, որ դարձեալ հնազանդութեամբ կատարեց զայն: Սակայն քակուելու հրահանգը ի զուր տուաւ վարպետը…: Սուլոց սուլոցի ետեւէ արձակեց ան, սակայն օձը աւելի ու աւելի կը պլլուէր անոր ու կը սեղմէր իր ամբողջ ուժով: Վարպետին դէմքը կարմրած, մարմնին ցաւէն աչքերը դուրս ինկած, սկսաւ աղաչել դիտողներուն, որպէսզի ազատեն զինք: Սակայն ո՞վ կրնար մօտենալ ահաւոր թատերաբեմին, որ կրկէսի փոխարէն սպանդանոցի վերածուած էր: Թաղերէն հաւաքուած ամբոխը սարսափահար կը փախչի, մանաւանդ երբ հնդիկ վարպետին աղիողորմ ձայնն ալ կը խեղդուի ու մահուամբ կը մարի, օձին հզօր մկաններուն չտոկալով…: Քիչ ետք, իւրաքանչիւրը իր բահն ու բրիչը առած կը հասնի հրապարակ, ու բազմաթիւ հարուածներով հազիւ կրնան սպաննել օձը, երբ սակայն ուշ էր արդէն, անոր վարպետին կեանքը փրկելու համար: Օձը իր բնութիւնը իրագործած էր…:
Օձին բնութիւնը կարելի չէ՛ փոխել, ինչքան ալ մարդահաճոյ նոր վարժութիւններ կատարէ ան մեր աչքերուն դիմաց, մեր հրահանգներուն ենթարկուելով: Երբ «ջուրին բացերը» գտնուինք, անիկա իր սորված վարժութիւնը անպայման պիտի մոռնայ, նման աղօթքի վաճառականներուն, որոնց քամակը ազատարար նաւամատոյց մը պիտի թուի ըլլալ նաւաբեկ հոգիներուն, սակայն այնքան լպրծուն է, որ շատ կարճ կը տեւէ մեր ունեցած խաբկանքը:
Աղօթքի վաճառականութեան արտօնագիրը ո՛չ պետական գրասենեակներէ կարելի է ստանալ, ո՛չ ալ յատուկ ընկերակցութիւններէ: Ճիշդ է, Աստուած աղօթելու շնորհք կրնայ տալ աւելիով այս կամ այն անձին, սակայն Աստուած արտօնագիր չի՛ տար ոեւէ մէկուն: Առաքեալը կը զգուշացնէ մեզ կրօնքը շահու աղբիւր դարձնողներէ (հմմտ. Ա.Տմ. 6.5), որպէսզի իր հաւատացեալները նաւեր առեւանգող ծովահէններու ձեռքը չմատնուին, կամ անոնց աւարէն բաժին հանող փերեզակներու շուկայիկ լեզուին ծաղր ու ծանակ չդառնան:
Հապա ուրկէ՞ յանդգնութիւնը ոմանց, որոնք ինքնաշարժի արտօնագիր ունեցողի նման, ղեկին դիմաց կը նստին հոս ու հոն «ապրանք» բաժնելու: Երկա՜ր պրպտումներէ երք կարելի դարձած է յայտնաբերել այն «գրասենեակը», որ նման «արտօնագիրներ» կը հրապարակէ ու կը վաւերացնէ: Խորքին մէջ գրասենեակ մը չէ անիկա, ո՛չ ալ պաշտօնական հանգամանք ունեցող որեւէ հիմնարկ: Իսկ այդ «արտօնագիր»ը ամէն փափաքողի ալ չեն տար անոնք, այլ գաղտնի կազմակերպութեանց նմանութեամբ, միայն որո՛շ անձերու, մտային միեւնոյն աստիճանին վրայ գտնուող, հոգեբանական միեւնոյն ցնցումներէն անցած եւ երեւակայական միեւնոյն տագնապները ապրող…: Այդ «արտօնագիր»ը այս տիպի վաճառականներուն տուողները միեւնոյն ձգտումները ունեցող արկածախնդիրներ են, որոնք իրենց քաջալերանքով կու տան այդ «իրաւասութիւն»ը եւ կը քաջալերեն թեկնածուն իր առաքելութեան մէջ:
Աղօթքը միակ երեւոյթն է, երկնային ոլորտներու եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան, որ պէտք չէ՛ վերածուի վաճառականութեան: Աղանդաւորական շարժումները նման միջոցներու կը դիմեն՝ Քրիստոսի Եկեղեցին հարուածելու համար: Աղօթքը շուկայի ցուցափեղկերուն վրայ վաճառքի դրուող ապրանք չէ, այլ ուղղակի հոգիէ հոգի եւ հոգիէ Աստուած փոխանցուող ուժ մը, որուն փոխանցումը ձեռքէ ձեռք չ’անցնիր, այլ սիրտէ սիրտ, հոգիէ հոգի, երկրէն երկինք: Իսկ անոր վարձքը, դարձեալ նիւթական չի՛ կրնար ըլլալ, երբ աղօթքը ինք աննիւթեղէն զօրաւոր ուժ է ու ներգործութիւն:
Ինչքա՜ն աղօթքի կարիք ունին աղօթքի վաճառականութեամբ զբաղող թափառաշրջիկները, որոնց համար իրենց «ապրանք»ին սպառումը աւելի՛ կարեւոր է, քան անոր գործածական ըլլալը, կարիք ունեցող անձին համար: Վաճառականներուն նման, աղօթքի վաճառականներն ալ իրենց ասպարէզին յաջողութիւնը կը փնտռեն ծանուցումներուն մէջ՝ մամուլով, այցետոմսերու հրատարակումով, նոյնիսկ նոր ժամանակներուն՝ կայքէջերով, դէպի իրենց թակարդները հրաւիրելու պարզունակ մտքով մարդիկ՝ հոգեպէս թերաճներ:
Ինչպէս ամէն ասպարէզի պարագային, աղօթքի վաճառականութեան համար եւս ուշադրութիւն գրաւելը կը մնայ առաջնահերթ եւ կը նկատուի յաջողութեան կէսը: Անոնք իրե՛նք իսկ կը փորձեն գործ ստեղծել, իրենց «ապրանք»ը ծախելու համար եւ մնայուն կերպով գործակիցներ ու պաշտօնեաներ հաւաքելու ճիգին մէջ կը գտնուին: Մանկական հոգեբանութիւնը յամեցած կը մնայ նման թշուառականներու պարագային: Այնպէս ինչպէս անչափահաս երեխաները միշտ ուշադրութիւն կը պահանջեն, աղօթքի վաճառականներն ալ այդ ախտացեալ բարդ տագնապին մէջ կը մնան միշտ: Օրինակ մը ինչքան խօսուն կ’ըլլայ այստեղ: Սենեակին մէկ անկիւնը իր խաղալիքներով զբաղած մանուկը, երբ գիտէ, որ մայրը նոյն սենեակին մէջ է, խաղցած պահուն իսկ մօրը հետ կը խօսի: Ան կ’ուզէ, որ մայրը միշտ պատրաստ ըլլայ պատասխանելու իրեն եւ նոյնիսկ մասնակցի իր խաղին: Մայրը երբ դիտումնաւոր կերպով լուռ մնայ, երեխան նախ ձեռքի խաղալիքը դէպի մօրը կողմը կը նետէ, ապա երբ տեսնէ որ ձայն չկայ, կը սկսի ոտքերը գետին զարնել: Երբ տեսնէ, որ դարձեալ ձայն չկայ, կը սկսի աւելի բարձր աղմուկ հանել, պոռալ, ճչալ եւ գոյքեր իրարու զարնել՝ ձայն հանելու եւ ուշադրութիւնը իր կողմը հրաւիրելու: Ի վերջոյ, երբ դարձեալ ձայն չգայ, կը սկսի գործածել իր վերջին զէնքը՝ լացը:
Մանկավարժներ կ’ըսեն, թէ մայրը այսպիսի պարագաներուն պէտք է քարացնէ իր սիրտը եւ այս երրորդ կերպն ալ ի դերեւ հանէ, որպէսզի երբ երեխան չափահաս դառնայ, հետզհետէ թօթափած ըլլայ իր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու մանկապատանեկան այդ ունակութիւնը: Ինչքան ծիծաղելի է երբեմն տեսնել, աղօթքի երիտասարդ վաճառականներ, որոնք այդ մանուկներուն նման ամէն ինչ կ’ընեն, մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար:
Միակ էակը, որ չի՛ խաբուիր այս փերեզակներէն, Աստուած ի՛նք է, որ ամէնէն աւելի կը խղճայ այս ողբալիներուն կացութեան եւ կը համբերէ, մինչեւ որ կրօնքին շահագործումը դադրեցնեն եւ ապաշխարութեամբ զղջան ու ողբան անցեալի իրենց «սխրագործութիւններով» կատարուած աւերին համար:
Երեւակայութիւնը անշուշտ մեծ դեր ունի աղօթքի վաճառականներու գործունէութեան մէջ: Զարմանալի է նաեւ այն, որ իրենց «վաճառած» աղօթքներուն արդիւնքները իրենք աւելի շո՛ւտ կը քաղեն, քան անոնք, որոնց համար «կը վաճառուին» այդ աղօթքները…: Արդիւնքներու երեւակայական տարողութիւնը կը տարուբերի, նայած շրջապատի, կարիքի եւ այլ ազդակներ, որոնց համեմատ գիտեն անոնք բեմականացնել իրենց գրած թատերական կտորները: Իսկ դերասանութիւնը, այս փերեզակներուն պարագային, իր բարձրագոյն աստիճանին վրայ կը կիրարկուի:
Աղօթքը կ’ապրուի, չի՛ վաճառուիր…: Անոր տալիք երջակութիւնը աւելի հոգեկան ըլլալով, քան թէ ֆիզիքական, բացարձակ գաղտնապահութիւն կ’ենթադրէ եւ ոչ թէ ամբոխավարական ելոյթներ կամ թատերական ներկայացում: