ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Անցեալ Շաբաթ, 29 Մարտին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան իր նստավայրի մէջ ընդունած է «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը։
Լիբանանահայ երիտասարդ տնօրէնը այս առթիւ յայտնած է նախագահ Սահակեանին, որ իր ղեկավարած ընկերութիւնը որոշած է շօշափելիօրէն ընդլայնել Արցախի մէջ իր ձեռնարկած բարեգործական ծրագիրներու ծաւալները, զանոնք հասցնելով հինգ հարիւր միլիոնի։
Նախագահ Սահակեան գնահատած է «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ի այս որոշումը, շեշտելով, որ ներդրումային եւ բարեգործական ծրագիրներու այսպիսի զուգակցումը լաւագոյն օրինակներէն մէկն է երկրին մէջ։
Այս հանդիպումի ընթացքին նախագահ Սահակեան Երիկեանի հետ քննարկած է նաեւ հանրապետութեան կապի ոլորտի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորապէս թուայնացման եւ բջիջային հեռախօսներու ցանցի ընդլայնման վերաբերող հարցեր։
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան ընդունած է «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամի նախագահ Ճէյմս Թիւֆէնկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Նախագահ Սահակեան, որ մէկ օր առաջ բացումը կատարած էր Քաշաթաղի մէջ «Թիւֆէնկեան» հիմնադրամի կազմակերպած խորհրդաժողովին, անգամ մը եւս յայտնած է իր գնահատանքը այդ հիմնադրամի երկարատեւ ու բազմաբնոյթ գործունէութեան մասին ԼՂՀ տարածքին։
Այս հանդիպման ընթացքին, յատուկ ուշադրութեամբ քննարկուած է Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած հիւրանոցային համալիրի կառուցման խնդիրը։
Ճէյմս Թիւֆէնկեան Հայաստանի մէջ կառուցած է երեք հիւրանոցներ, բոլորն ալ բարձր մակարդակով եւ իւրայատուկ ճաշակով. «Աւան վիլլա» հիւրանոցը՝ Երեւանի մէջ, երկրորդը՝ Սեւանի ափին, Ծափաթաղ գիւղի մէջ, երրորդը՝ Վանաձորէն Հաղպատ տանող ճանապարհին, Դեբետ գետի եզերքին։