Պարոն Նախագահ,
Վերջին քանի մը ամիսներուն, աւերիչ գործունէութեան լծուելով, յաջողեցաք անգամ մը եւս պառակտել հայութիւնը ու անոր սրտին վրայ խրամատ ու վիհ բանալ։
Երբ Խորհրդային Միութեան փլուզումով դուք նորանկախ Հայաստանի նախագահ ընտրուեցաք, բոլորս ուրախութեամբ ողջունեցինք ձեր ընտրութիւնը։ Եւ դուք մէկ օրէն միւսը ամբողջական հայութեան սիրելին դարձաք։
Սակայն շատ չանցած, չարաշահել սկսաք ժողովուրդին անսակարկ սէրն ու վստահութիւնը։ Մեծամտացաք ու ձեռնարկեցիք պառակտիչ ձեր գործունէութեան՝ հայութեան սիրտը խոցող կոպիտ սխալներ գործելով։
«Զորն ասեմ եւ զորն խոստովանիմ…»:
1.- Սկսելու համար, տխրահռչակ Տէր Յուսիկներու հետ գործակցելով, արգելք հանդիսացաք սփիւռքահայերու հայրենադարձութիւնը քաջալերելու կոչուած երկքաղաքացիութեան օրէնքին:
2.- Աճուրդի հանեցիք հայրենի հարստութիւնը։ Գործարանները փակեցիք ու «սեփականատիրութեան» պիտակին տակ զանոնք մաֆիական շրջանակներու վաճառեցիք ծիծաղելի գիներով։ Սփիւռքահայերուն դէմ երկքաղաքացիութեան արգելքը բանեցուցիք, որպէսզի հայրենիք գալով անոնք յանկարծ չխանգարէին ՀՀՇ-մաֆիա գործակցութիւնը։ Ձեր ժամանակաշրջանին ուռճացաւ ձեր իշխանութեան գործընկեր դարձած Հայաստանի ահարկու մաֆիան…
3.- Չես գիտեր որոնց հրահանգով հիւլէակայանը շտապով փակեցիք։ Իսկ ելեքտրակայաններուն հասցէագրուած վառելանիւթը դրացի երկիրներուն վաճառելով պարարտացուցիք ՀՀՇական աւազակախումբին զուիցերիական հաշիւները:
Դեռ ելաք, ազգային գաղափարաբանութիւնը «կեղծ քաթեկորիա» հռչակեցիք եւ, ամէնէն սարսափելին, հայ իրականութեան ամէնէն հայրենասէր կուսակցութիւնը, յաչս օտար տէրութիւններու, ահաբեկչութեամբ ամբաստանեցիք։ Անոր ակումբներն ու մամուլը փակելով ղեկավարութիւնը ճաղերու ետին բանտեցիք եւ կուսակցապետ Հրայր Մարուխեանը երկրէն դուրս վտարեցիք։
4.- Հայաստանի ժողովուրդը ձեր սխալ հաշուարկներու պատճառով սովի եւ ցրտահարութեան մատնուեցաւ։ Մաքիավելական այդ յղացքը որդեգրեցիք ժողովուրդը արտագաղթի մղելու։ Եւ տակաւին ամէն ջանք թափեցիք սփիւռքահայերը՝ «նարինջ ուտող» ձեր արիւնակիցները, փարսախներով հեռացնելու հայրենի իրականութենէն։
5.- Հապա ի՞նչ անուն տալ Ղարաբաղը թուրքերո՛ւն յանձնելու ոչ պատուաբեր, չըսելու համար դաւաճանական ձեր տրամադրութեան, պարտուողական քաղաքականութիւն մը, որ Վազգէն Սարգսեանը մղեց ձեզ պաշտօնազրկել ու երկրին ղեկը Ղարաբաղի տղոց յանձնել։
6.- Հակաժողովրդավարական նման արարքներու կողքին, կեղծեցիք նաեւ 96ի ընտրութիւնները, նախագահական աթոռը խլելով հայրենապաշտ Վազգէն Մանուկեանէն։ Եւ տխուր այդ օրերուն գործադրուած քստմնելի ձեր արարքները մոռացութեան տալով, կարծես հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը զառամախտէն տառապէր, Ազատութեան հրապարակները, «Քրիստոսի երկրորդ գալստեան» հետ սկսած էք շփոթել քաղաքական կեանք ձեր վերադարձը եւ կրքոտ ու պառակտիչ ձեր ճառերով կը փորձէք հայը հայու դէմ հանել։
7.- Դուք յաջողեցաք միամիտ հայ զանգուածներուն դառնութիւններն ու ներկայ իշխանութիւններէն արդար դժգոհանքը ճարպիկօրէն քաղաքական դրամագլուխի վերածել ու երկիրը ապակայունացնել եւ դեռ ժողովուրդը գրգռելով դէպի քաղաքացիական պատերազմ մղել։
8.- Թափուած անմեղ արիւնը ձեր խղճի՛ն պիտի ծանրանայ, պարոն նախագահ։ Դուք խոհեմօրէն լռած էիք ամբողջ տասը տարի, երանի բնաւ հրապարակ չելլէիք ու քաղաքական հարթակ ոտք չդնէիք։ Թոյլ տայիք, որ ինքը՝ ժամանակը, դատաւորը հանդիսանար անցեալի ձեր վիճելի իրագործումներուն։
9.- Պէտք չունէիք հայութեան թշնամի պետութիւններու ձեռքը գործիք դառնալ։ Եթէ ներկայ իշխանութիւնները խոցելի կը մնան կարգ մը բնագաւառներուն, անոնք գոնէ ձեր գործած կոպիտ սխալները չկրկնեցին եւ հայութիւնը չպառակտեցին։ Եթէ ժողովուրդը ներկայ իշխանութիւններէն կը դժգոհէր, թող Վահան Յովհաննիսեանին տար իր քուէները։
10.- Քաջարի ղարաբաղցին պատերազմի դաշտին վրայ փաստեց իր հայրենասիրութիւնը… զինք մեկուսացնելով եւ օտարացնելով, պարոն նախագահ, թուրքին ջաղացքին ջուր կը լեցնէք պարզապէս։
Հայրենասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիր կառավարելու իրաւունքը ոչ մէկուն առանձնաշնորհումը չեն եղած, մասնաւորապէս դառնացած նախկին նախագահներու…