Դժուար է, շատ դժուար պաղարիւն ու հաւասարակշիռ մօտենալ մեր ազգի ու հայրենիքի դիմագրաւած, մեզ բոլորս յուզող ու տագնապեցնող հարցերուն։ Դժուար է, որովհետեւ բոլորս ալ սրտով ու հոգիով կը սիրենք, աւելի՛ն, կը պաշտենք մեր ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը։
Դժուար է մեզ համար, այստեղ, հեռուն գտնուողներուս համար, որ ամէն օր կը տառապինք մեր հայրենակիցներու ցաւով ու ամէն ինչ կ’ընենք մեղմացնելու անոնց վիշտը, թեթեւցնելու անոնց ծանր բեռը։
Մեզմէ շատեր ընկերներ, ազգականներ ու բարեկամներ ունին այնտեղ, մօտիկ, արիւնակից եւ հետեւաբար անտարբեր չեն կրնար մնալ անոնց տուայտանքին հանդէպ ու երբեմն նոյնիսկ կրնանք կորսնցնել մեր հաւասարակշռութիւնը ու թոյնով ու ատելութեամբ լեցուիլ անոնց տարաբախտ վիճակին պատասխանատուներուն հանդէպ։
Վստահաբար, իւրաքանչիւրս մեր մտքին մէջ ունինք պատկերացումը, թէ որոնք են մեր մօտիկներուն կամ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին այս վիճակին մատնող պատասխանատուները, ըլլան անոնք իշխանաւորներ, ըլլան անոնք երկրի տնտեսութիւնը իրենց ճիրաններուն մէջ առած «օլիկարխներ», կամ երկրի տնտեսական-քաղաքական դրուածքը ընդհանրապէս։
Այսուհանդերձ, մեր ողբալի անցեալը, մեր պատմութեան ընթացքին մեր տեսած արհաւիրքը մեզ պիտի թելադրէին, որ մեր ազգի վերջին շրջանի մեծագոյն նուաճումը հանդիսացած անկախ Հայաստանի պետականութեան ստեղծումը մեզ բոլորս դնէ այնպիսի պարտաւորութիւններու տակ, որոնք կը բացառեն ազգամիջեան պառակտումն ու ազգի զաւակներու որեւէ հատուածի դէմ թունալից ու ատելավառ մօտեցումը։
Այլապէս մենք կը վտանգենք ամէն ինչ, հող, հայրենիք ու անկախութիւն։ Այլապէս կ’իյնանք ջղագրգիռ մոլուցքի մէջ, այրելով ամէն կամուրջ, անկարելի դարձնելով բարեփոխութեան, զարգացման ամէն հնարաւորութիւն։
Պարպուինք մեզ ներքնապէս սպանող թոյնէն, առանց զիջելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, բոլո՛ր զաւակներուն փայլուն ու բարգաւաճ, արժանապատիւ կեանք մը երազելու, պահանջելու նախանձախնդրութենէն ու վճռականութենէն։