Եւրոպան կոչ կ’ընէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ու ընդդիմութիւնը երկխօսութեան միջոցաւ կարգաւորեն իրենց հակադրութիւնը։
Ամերիկան կը յորդորէ նոյնը։
Ողջախոհ հայ կուսակցութիւններ, քաղաքական գործիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, բոլորը կողմ են երկխօսութեան, կոչ կ’ընեն, կը յորդորեն, կը խրատեն ու կ’առաջարկեն, որ հակադիր ճակատներու ներկայացուցիչներ քով-քովի գան ու սկսին խօսիլ, փոխանակ՝ իրար հայհոյելու, իւրաքանչիւրը իր էշը քշելու, մէկը օրինականութեան ժամանակավրէպ հարցը մէջտեղ նետելով, միւսը օրինական կառոյցներու օգտագործումով, ուրիշն ալ բազկի ուժը ցուցադրելով։
Տեղի պիտի ունենա՞յ այս խիստ փափաքելի բանը։
Դժբախտաբար Երեւանէն հասած տեղեկութիւնները տակաւին այդ տրամադրութիւնը արտայայտող յստակ նշաններ ցոյց չեն տար։
Ընդհանրապէս լաւատես ըլլալով սակայն, մենք կ’ուզենք երկու կողմերու առած որոշ քայլեր նկատել ճիշդ ուղղութեամբ կատարուած շարժումներ։
Այս շարժումներէն կարելի է նկատել, օրինակ, նախագահ Քոչարեանի արտակարգ իրավիճակի թուլացման կոչուած երկու կարգադրութիւնները, ինչպէս նաեւ մամուլի մէջ սպրդած այն տեղեկատուութիւնը, որ նախագահական աշխատակազմէն ներս մամուլի վրայ դրուած սահմանափակումները եւս մեղմացնելու ձեւեր կը մտածուի։
Այս շարժումներէն կարելի է նկատել նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յանձնառութիւնը անօրինական, չարտօնուած հաւաքներ չկազմակերպելու, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան իբրեւ նախապայման նախագահական ընտրութիւնները չեղեալ յայտարարելու նախապայմանի բացակայութիւնը։
Հոյակապ։ Կը մնայ երկու կողմերը համոզել, որ դիմացինը այդ քայլը առած է իբրեւ նշան իր պատրաստակամութեան՝ ինչ-որ զիջումներու երթալու, եւ յառաջ անցնիլ։
Յառաջ անցնիլ կը նշանակէ դադրեցնել ձերբակալութիւններու շարանը, վերջ տալ ժողովուրդը գրգռելու եւ իշխանութեանց դէմ լարելու քարոզչութեան, եւայլն։
Այդ եւայլնը յստակացնելու, բանալու, պարզելու խնդիր կայ, որ միայն երկխօսութեամբ կ’ըլլայ։ Յուսանք։