Հայերէն լեզուին մէջ մօտաւորապէս նմանիմաստ բառեր գոյութիւն ունին, որոնք թէեւ մօտ են իրարու իմաստային կերպով, սակայն ունին իրենց սահմանները եւ իւրայատուկ նշանակութիւնը: Այսպէս՝ անէծք, կապանք, այնպիսի բառեր են, որոնք ոգեղէն, աննիւթական շղթաներով կապելու եւ արգելափակելու իբրեւ հոմանիշ կը գործածուին: Կայ նաեւ բանադրանքը, որ թէեւ ուղղակիօրէն գրաւոր արգելքն է, դրուած անձի մը կամ հաստատութեան մը վրայ, հաղորդազրկումի իմաստով, սակայն գործածութեան պարագային դարձեալ կը նկատուի նմանիմաստ:
Չար շունչի, չար աչքի, եւ չարաշուք անձի կողմէ կատարուած չար ներգործութեան հաւատացող անհատներով լեցուն է մեր ապրած ընկերութիւնը: Ազդեցութիւններ, որոնց ներքեւ կը տուայտին մարդիկ եւ իրենց մտահոգութիւններով երբեմն ժամավաճառ կը դարձնեն ուրիշներն ալ: Ասոնց իբրեւ դիմադրողական ուժ, շուկայի վրայ կարելի է գտնել գունագեղ «պաշտպանողական»ներ՝ ուլունքներ, կենդանակերպեր, զանազան մետաղներով պատրաստուած (յատկապէս կապար) նշաններ, ձիու նալեր, պայտեր, մեծադիր աչքեր՝ բիբին փոխարէն կապոյտ սարսափազդու ուլունքով մը, եւ այլազան «նուսխա»ներ: Քիչ չէ թիւը նաեւ անոնց, որոնք չար աչքի իբրեւ դիմադրող ուժ, մանկական կօշիկ մը կը կախեն հոս ու հոն, ինքնաշարժին պատուհանէն սկսեալ, մինչեւ իրենց տան պաշտօնական դրան վերեւի սեմը:
Նման «հաւատալիքներ»ն ու անոնցմէ եկող վնասները ուրիշներու հաւատացնել փորձողներ, որոշ ժամանակ ետք իրենք ալ կը սկսին հաւատալ, մանաւանդ երբ այս «արհեստ»ը սկսի «պարարտացնել» իրենց սեփական քսակը: Առ այդ, հետզհետէ արհեստավարժ դարձող այս փերեզակները կը սկսին նոր հնարքներ փնտռել ու գտնել, այս «հաւատալիք»ներուն սարսափը տարածելու համար:
Տարածումի սոյն աշխատանքին ամէնէն գործնական ու ազդու միջոցն է՝ անձ մը կապանքներու ենթարկելու, կամ պարզ բացատրութեամբ ոգեղէն աներեւոյթ կապանքներով շղթայելու երեւոյթը: Ոմանք սնամէջ սոյն գործունէութեան փառքով իրենց անձը փառաւորելու յայտարարութիւններ ալ կը կատարեն, վստահեցնելով իրենց շրջապատի միամիտ ամբոխը, թէ չարերն ու անոնց գործունէութիւնը իրենց ջանքերով վերջնականապէս կապանքներու ենթարկած են, կամ ուրիշ խօսքով՝ չարը կապած են:
Չարը կապելու այս «քաջագործութիւնը», որ մահկանացու մարդուն տկար բնութեան համար աւելի քան ծիծաղելի յանդգնութիւն մըն է, ինքնախաբէութենէ անդին չ’անցնիր բնականաբար: Ամէն ժամանակներուն ալ, կատակերգութիւններու նիւթ հայթայթած են նման «հերոս»ներ, ինչպէս ժամանակակից «Քաջ Նազար»ը Օտեանի գրչով, եւ ուրիշ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները՝ նմանատիպ «քաջեր»ով:
Աստուածաբանական խորք մըն ալ ունի անշուշտ այս հարցը, որ առնչուած է նախամարդուն մեղանչումին պատճառաւ, Աստուածորդիին կողմէ մարդուն վրայ գտնուող չար կապանքները քակելու երեւոյթին: Շնորհալի Սուրբ հայրապետը իր յօրինած մէկ երգին մէջ երախտագիտութեամբ կը յիշէ Յիսուսի դերը այս մասին, «Չար կապանաց մարդկան լուծի»չ անուանելով, մահապարտներուն հետ իբրեւ յանցաւոր, հրեաներուն կողմէ ձերբակալուող Քրիստոսը:
Մեծ Պահոց Գալստեան Կիրակիի «Օրհնութիւն» շարականին չորրորդ տունը եւս, Աստուածամօր անձը ներկայացնելով իբրեւ «նոր Եւա», կ’ըսէ, թէ անոր «տրտմալի անէծք»ը քակողը եղաւ Սուրբ Կոյս Մարիամը: Դարձեալ աստուածաբանական մօտեցումով, մարդու փրկութեան ի խնդիր կատարուած քակտում մըն է ասիկա:
Այս բոլորէն տարբեր է անշուշտ չար կապանքներ կապող ու քակող բախտախնդիրներուն կատարած աշխատանքը, որուն դատապարտութիւնը, անոնք անպայման պիտի կրեն օր մը, երբ պատասխանատուութեան կանչուին Աստուծոյ մօտ: Հանդիպեցայ անձի մը, որ հակառակ մնայուն կերպով եկեղեցի յաճախող մը ըլլալուն, իր կօշկակար մրցակիցին յաջողութեան դէմ կապանքներ դրած ըլլալը խոստովանեցաւ հպարտօրէն: Իսկ երբ հարց տուի, թէ ինչպէ՞ս կատարած էր կապտումի աշխատանքը, ինծի յայտնեց, թէ աղօթքի ուժով յաջողած էր չար կապանքներու ենթարկել իր ասպարէզին մրցակիցը:
Աղօթքի բովանդակութեան մասին քիչ թէ շատ մտածած ըլլալով, զարմանքով լսեցի այս անձին բացայայտ խոստովանութիւնը, որուն արդիւնք իբրեւ տեսայ միայն ինքնակործանումը: Խօսակիցս հոգեբանականօրէն բնական վիճակի մէջ չէր: Չղագրգիռ շարժումներուն հետ, տարօրինակ բառեր կը թռչէին բերնէն, թէեւ ինքնավստահ, սակայն աճապարանքէն այլայլած, չէր կրնար աւարտել իր սկսած նախադասութիւնները:
Աղօ՞թք եւ անէ՞ծք: Մտածեցի պահ մը եւ փորձեցի յարակցութիւն մը գտնել այդ երկուքին միջեւ: Կարելի չեղաւ: Չար կապանքներու իրականացման աշխատանքով զբաղող այս թշուառականը, չէր զլացած իր հաստ ու բարակ պարանները առնելով, Աստուծոյ ներկայութեան ալ ելլելու՝ աղօթքի ճամբով: Ոմանք սատանան կը փնտռեն հոս ու հոն, երկրի ընդերքին կամ բոցավառ խարոյկներու մէջ, իր կարմրաթուշ այտերով, ժանիքներով ու շնատամներով քանդակուած վայրագ բերնով: Չար կապանքներով զբաղող մարդիկը լաւագոյն օրինակներ կը հանդիսանան սատանայի կերպարին, որովհետեւ չարին յաջողութիւնը կը կայանայ աղօթող մարդուն սատանայի հրեղէն չար լեզու կարենալ տալուն մէջ, որով ան պիտի սկսի իր լեզուի հաստ ու բարակ դերձաններով ու պարաններով հանգուցել իր նմանները:
Բայց ինչո՞ւ կատարէ ան այսպիսի վատ արարքներ: Պատասխանը դարերու խորքէն եկող Կայէնեան մոլուցքն է՝ նախանձը, որուն վնասակար հետեւանքները դեռ շա՜տ պիտի կրէ մարդկութիւնը: Անշուշտ Կայէն ծայրայեղութեան գնաց՝ սպաննելով իր եղբայրը, իսկ վերոյիշեալ թշուառականները «կը բաւարարուին» աներեւոյթ կապանքներով շղթայել իրենց ատելութեան առարկայ անձերը: Ի՜նչ մեծ ողբերգութիւն… սակայն ո՛չ թէ «կապուող»ին, այլ կապողին, որուն ժամանակը, ուղեղը, վարկը, երբեմն քսակը վտանգուած պիտի ըլլան հաւասարապէս:
Դարձեալ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, իր հոգեգրած «Առաւօտ Լուսոյ» մեծահռչակ երգին մէջ, Աստուծմէ կը խնդրէ չէզոքացնել նման անձերը, իբրեւ վնասակար տարրեր ընկերութեան կեանքին մէջ. «Չար մշակողին, չար սերմանց նորին, չորացո՛ զպտուղն»: Ես կը հաւատամ, որ նման անձեր, իրենք զիրե՛նք իսկ իրենց չար կապանքներով կապուած չարեր են, ամէնէն առաջ իրենց անձին վնաս հասցնող: