ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Ղարաբաղ Օփըն», ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը յայտնէ, որ Մարտ 14ին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որու համաձայն՝ «վաղաժամկէտ դադարեցուել են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն դատարանի դատաւոր Նայիրի Վիաչեսլաւի Յակոբեանի լիազօրութիւնները՝ իր դիմումի համաձայն՝ այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ»: