Հոգեվարքի մէջ եղող ծերունի մօր մը վերջին աղօթքը, հակառակ իր պարզութեան, երկար ժամանակ մտածել տուաւ ինծի: Ես գացած էի իր վերջին թոշակը տալու աղօթքով ու սուրբ հաղորդութեամբ, իսկ ինք կը փոխադարձէր՝ ինծի ուղղուած աղօթալից բարեմաղթանքներով: Աղօթքը՝ աղօթքով կը պաշտպանուէր. աղօթքը՝ աղօթքով կ’իմաստաւորուէր. եւ աղօթքը՝ աղօթքով կը զօրանար: Չեմ յիշեր, թէ Նարեկ աղօթամատեանի ո՞ր մէկ Բանէն կարդացի վերջին թոշակի պահուն, սակայն շատ լաւ կը յիշեմ այն աղօթաբոյր նախադասութիւնը, զոր հոգեվարքի ընդհատ շունչով արտասանեց ան, իբրեւ իր վերջին խօսքը ինծի ուղղուած.
– Աստուած չար լեզուներէն պահէ:
Ճիշդ այս շնչահատումներով արտասանեց ան սոյն նախադասութիւնը, եւ մինչեւ այսօր նոյն շնչահատումով կը վերյիշեմ, ամէն անգամ, երբ ուզեմ վերաթարմացնել իր ըսածը մտքիս մէջ: Ընդհատումները լաւ կը յիշեմ, որովհետեւ նոյն պահուն ուշադրութիւնս սեւեռած էի, փորձելով հասկնալ ըսուածը:
Բնականօրէն կարելի չէ մտածել, թէ չար լեզուն, Հոգեգալուստի շնորհաբաշխ օրուան ընթացքին պատահած դէպքին նման, հրեղէն ինքնանկախ ու երկնառաք լեզուներու նմանութիւնը ունի: Այլ՝ անիկա պէտք է անպայման ցանուած ըլլայ բերաններու մէջ: Չար լեզու մը կարելի չէ տեսնել պարանով կախուած, կամ տուփի մը մէջ դրուած: Ատիկա արդէն կտրուած ըլլալով իր արմատէն, անբան ու անպէտ մկան մը կ’ըլլայ միայն: Հետաքրքրական է, սակայն լեզուին առջեւ դրուած ածականը: «Չար» ածականը, լեզուին վերաբերելէ աւելի, անոր տիրոջ կը վերաբերի՝ ոմանց ճիշդ բացատրութեամբ՝ պատկերաւոր սատանային:
Սատանան՝ միջնադարուն նկարագրուած կոտոշաւոր մարդակենդանին, դժոխքի տէրն ու տկար հոգիներով մարդոց սարսափի ու հոգեկան տագնապներու պատճառը, ամէնէն աւելի չար լեզուով ներկայութիւն է, քան իր չղջիկի տգեղ թեւերով, մտրակեայ պոչով, ձեռքի գերանդիով, կամ փշապատ տխեղծ մարմնով: Փաստօրէն արտաքին ձեւով վախցնելը միայն մէկ երեսն է յաջողութեան, սակայն ահարկու ձայնը ու մանաւանդ օձաթոյն չար լեզուն, ապահովութիւնն է անոր աշխատանքին վաւերականութեան: Ասիկա կը նմանցնեմ սարսափազդու շարժապատկերներու թողած ազդեցութեան: Այսպէս, ամէնէն սարսափելի շարժապատկերի պարագային նոյնիսկ, երբ ձայնը փակուի, նկարը որոշ չափով կրնայ ազդեցութիւն ունենալ: Մինչ, երբ ակնթարթի հետ փոխուող շարժանկարի ահաւոր տեսարաններուն ընկերանայ նաեւ վախազդու երաժշտութիւն եւ յանկարծական բարձրութեամբ ճիչ՝ աւելի ցնցիչ կը դառնայ: Նոյնպէս ալ սատանան, եթէ միայն երեւի՝ այնքան ալ վախնալիք կրնայ չըլլալ, բայց երբ իր չար լեզուն գործի լծէ, աւերներ կրնայ գործել ամէն վարկեան:
Մասնաւոր պատճառ մը չունինք վերոյիշեալ միջնադարու մարդակենդանին պատկերացնելու մեր մտքին դիմաց, հասկնալու համար չար լեզուին գործունէութեան ընթացքը: Որովհետեւ, երբեմն զայն փնտռելու ալ կարիք չկայ: Ժողովրդային իմաստութիւնը կ’ըսէ՝ «բարիներէն վախցի՛ր»: Իսկական բարին ճանչնալը, մեծ կարողութիւն կը պահանջէ: Որովհետեւ սատանային գլխաւոր ճիգը, բարի ճանչցուիլն է մարդոց կողմէ: Բարութիւնը հագուստ մըն է սատանային համար, զոր կը հագնի ամէն անգամ երբ խաբեբայութիւն մը պիտի կատարէ: Օրինակ, երբ ոմանք աստուածապաշտ երեւին, պէտք է ստուգել, թէ իսկապէ՞ս աստուածապաշտ են, թէ կեղծ շապիկ մըն է ատիկա, զոր սատանայէն փոխ առած են ժամանակաւորապէս…:
Չար լեզուն ալ շապիկ մըն է գոյնզգոյն, զոր կը հագնին մարդիկ, մանաւանդ այն ժամանակ երբ ի հեճուկս ուրիշներու, իրագործում մը պիտի կատարեն: Այս շապիկին վզին անցուած փողկապը, որ ամէնէն աւելի երեւցող մասը պիտի ըլլայ՝ սուտն է, որ կը ծածկէ շապիկին երբեմն տգեղ կոճակները եւ ամէն ինչ գեղեցիկ ցոյց կու տայ զայն հագնողին վրայ:
Ոմանք չեն անդրադառնար թէ երկար ժամանակ կարելի չէ պահել այդ կոճակները՝ իրենց իսկութիւնը: Անոնք չեն անդրադառնար, թէ՝ մարդոց հասցէին սուտ խօսելով, բացարձակապէս չեն կրնար իրենք զիրենք անբասիր ներկայացնել շրջապատին, ո՛չ ալ կրնան իրենց չունեցած արժանիքները վաստկիլ ի հեճուկս ուրիշներու վարկին: Միակ տխուր յաջողութիւնը զոր կ’արձանագրեն անոնք իրենց կեանքին մէջ այն է, որ իրենց չար լեզուին գործածութեան աւելի սահուն վարժութիւնը ձեռք կը ձգեն, գոհ պահելով անշուշտ իրենց սատանան: «Յաջողութիւն» մը սակայն, որ միայն իրենց անհատականութիւնը խորտակելու պիտի ծառայէ դժբախտաբար:
Բամբասանքը մարդկային տկարութիւն մըն է, թերեւս, սակայն այն եւս ունի իր խաղի օրէնքները: Կարելի չէ՛ ամէն առիթով, հասած տեղը, եւ հանդիպա՛ծ անձին մօտ բամբասել ուրիշները: Առիթով մը, անձ մը մէկու մը հասցէին բամբասանք լսելէ ետք, գացեր հարցուցեր է ուրիշներու, թէ այդ անձը ո՞վ է, որուն մասին այդքան բամբասանք լսած է: Սա կը նշանակէ, թէ յիմար բամբասողը խտրութիւն չի՛ դներ զինք լսողներուն միջեւ: Անոր համար կարեւոր չէ՛ թէ զինք լսողները կը ճանչնա՞ն այն անձը որուն վրայով կը բամբասէ, թէ ոչ: Իրեն համար կարեւորը բամբասելն է, որ ըստ իրեն, յաջողութիւն կրնայ բերել իր անձնական ծրագիրներու իրագործման:
Ասիկա փորձութիւն մըն է, որուն թակարդին մէջ կը բռնուին ինքնուրոյնութիւն չունեցող եւ ուրիշները ընդօրինակող մարդիկ: Այս տեսակ ընդօրինակողներ ժամանակ մը ետք իրենք իրենցմէ ամչնալով, չար լեզուի օգտագործմամբ կը փորձեն տիրանալ իրենց չստեղծած երեւոյթներուն, եւ սեփականացնել ուրիշներու պատկանող «վաճառանիշներ»ը: Չար լեզուին իրագործած «յաջողութիւն»ներէն մէկն է այս: Ինքնատիպութիւնը մեծ արժանիք մըն է, որուն չի՛ կրնար յաղթել չար լեզուն: Վերջ ի վերջոյ, մարդկային ընկերութեան մէջ կը գտնուին նաեւ հաւասարակշռուած միտքով մարդիկ, որոնց միտքը դատելու կարողութեամբ օժտուած է եւ որոնք գիտեն ցորենը յարդէն զանազանել…: Կարեւոր է, որ մարդ այս յոյսը չկորսնցնէ: Ժողովուրդը կ’ըսէ՝ ամէն փայլող բան ոսկի չէ: Շատեր մութ ակնոցներով կը դիտեն շրջապատը, եւ փայլող ամէն բանէ չի՛ շլանար անոնց աչքը: Մէկ խօսքով՝ երեւոյթներուն իսկութիւնը կը տեսնեն:
Չար լեզուներուն ծանրութիւնը շատեր կը զգան իրենց կեանքին վրայ: Յանկարծ չակնկալած անձդ՝ արտաքնապէս «բարի» ու «սրբակրօն», սատանայի գործիք դարձած, իր չար լեզուով կը դաշունահարէ վարկդ ու վաստակդ: Ի՞նչ պիտի ընես այդպիսի պահերու: Հոգեվարքի մէջ եղող ծերունի մօր աղօթքը վերյիշէ. Աստուած չար լեզուներէն պահէ: