«Առաւօտ» թերթի թղթակից Աննա Իսրայէլեան, անցեալ Շաբաթ օր հրապարակած է տեղեկագրութիւն մը՝ Մարտ 1ի կէսգիշերէն ետք գումարուած Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի մասին։ Այս նիստին էր, որ քննարկուած ու հաստատուած էր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի արտակարգ դրութիւն յայտարարելու հրամանագիրը։
«Շուրջ երեք ժամ տեւած այդ քննարկումներից յաջորդ օրը հեռուստաընկերութիւններով հեռարձակուեց միայն ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանի ելոյթը։ Հերմինէ Նաղդալեանի առաջարկով՝ ԱԺն որոշեց յատուկ նիստը չհեռարձակել հանրային ռատիոյով։ Այդ որոշման դէմ քուէարկեց ոչ միայն «Ժառանգութիւնը», այլ նաեւ Հ.Յ.Դ.ն», կը գրէ «Առաւօտ»ի յօդուածագիրը։
Այս տեղեկագրութենէն կ’ուզեմ մէջբերել միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեանի ելոյթը, ուր հարազատօրէն կ’արտացոլայ ազգային կուսակցութեան դիրքորոշումը Մարտ մէկեան դէպքերու վերաբերեալ։
Ըստ Իսրայէլեանի, Յովհաննիսեան զուգահեռներ տարած է Մարտ 1ի եւ 1996ի դէպքերու միջեւ եւ ըսած է, որ «ինչպէս այն ժամանակ դժուար է ասել, եւ ընդհանրապէս դժուար է միշտ ասել, որ միշտ մենակ մի կողմն է մեղաւոր, նոյնն էլ հիմա է»։
«Նա ցաւով էր նշել», կը գրէ Իսրայէլեան, ակնարկելով Յովհաննիսեանին եւ մէջբերելով անոր խօսքը, թէ «քաղաքական բողոքն արդէն մասսայական անկարգութիւնների է վերածւում։ Սա որեւէ քաղաքական շարժման համար ճիշդ ելք չէ։ Եւ հաւանաբար դա մի շարք պրովոկատորների մեղքն է։ Ես չեմ կարծում, որ այդպէս էին ծրագրել սկզբից հէնց հեղինակները։ Ինչեւէ, մեղքը միեւնոյնն է, նրանցն է»։
Վահան Յովհաննիսեան սակայն յիշեցուցած է, որ մինչեւ քաղաքական փոքրամասնութեան իրաւունքները չամրագրուին օրէնքներով՝ «նա փողոցում է ման գալու իր իրաւունքները»։
Ըստ Իսրայէլեանի, Յովհաննիսեան նաեւ յիշեցուցած է պատգմաւորներուն, որ «ինչքան սահմանափակենք մարդկանց արտայայտուելու հնարաւորութիւնը, այդքան նրանք ձգտելու են դա անել փողոցներում»։ Յովհաննիսեան յորդորած է որոշ հարցեր լուծել փոխհամաձայնութեամբ. «չի կարելի ասել՝ մենք շատ ենք, մենք ճնշող մեծամասնութիւն ենք, ուրեմն մեր խօսքը միշտ ճիշդ է։ Այդպէս չի լինում»։
Այս փակ նիստին Յովհաննիսեանի սրտացաւ եւ ճշգրիտ գնահատումը իր մէջ կը պարունակէ տակաւին յամեցող լարուածութիւնը մեղմացնելու միակ ճշմարիտ լուծումը։