Ոչ ստորագրուած հրամանագիր հրապարակուած է, ոչ հարզազրոյցներով կամ յայտարարութիւններով ազդարարութիւններ ու խոստումներ եղած են, բայց ինչ-որ բան հաստատ կը կատարուի արցախեան երկնակամարի տակ։
Մարդիկ կը վախնան կաշառք վերցնելու։ Այսպիսի խորագրով լրատուութիւն-ակնարկ մը կայ «Ղարաբաղ օփըն» կայքէջի վրայ, ուր վկայութիւններ կան կաշառակերութեան յոռի երեւոյթի նուազման վերաբերեալ։
«Երկրում ինչ-որ բան է կատարւում։ Բոլոր խանութներում, մինչեւ ապրանքը հասցնես գնես՝ իսկոյն կտրոն են տալիս։ Բուժքոյրերը կաշառք չեն վերցնում։ Անցեալ օրը փորձում էի սրսկման համար վճարել՝ չվերցրեցին», այս տեսակի զրոյցներ սկսած են շրջիլ քաղաքի մէջ։
Այս ակնարկէն կարելի է եզրակացնել, որ գոնէ ստեփանակերտցիներու որոշ խաւի մը մօտ զգալի դարձած է, որ Արցախի նոր նախագահը՝ Բակօ Սահակեանը, վճռած է ոչ հրապարակային, ցուցադրական կերպով, այլ ներքին կարգով պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ։
Ներքին կարգով կը նշանակէ, որ նախագահի քատրային քաղաքականութեան հիմքերէն մէկը կաշառակերութեան դէմ պայքարն է, ուրեմն, երբ պաշտօնեայ մը կը կորսնցնէ իր գործը, կը նշանակէ, որ պաշտօնազրկման պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ անոր կաշառակերութեան վրայ բռնուած ըլլալը։
Նշուած ակնարկի անանուն հեղինակը կը յայտնէ, որ իր տուեալներով, նախագահ Սահակեան փակ խորհրդակցութիւն ունեցած է կաշառակերութեան բերրի դաշտեր համարուող բոլոր ոլորտներու հիմնական դերակատարներուն հետ՝ զգուշացնելով զանոնք նոյն գործելակերպը շարունակելէ։
Մէկ կողմէ իրաւապահ մարմիններու կամ շինարարական ոլորտի վերահսկողներու տրուած զգուշացումը, միւս կողմէ մեծ ձեռնարկատէրերէն խիստ պահանջը, որ իրենց գործունէութեան ծաւալի, շրջանառութեան իրական չափերը զեկուցեն պետական համապատասխան օղակներուն, այս երկու ուղղութիւններու զուգահեռ ընթացքը պետութիւնը կրնայ քայլ առ քայլ առողջացնել, միեւնոյն ժամանակ նախագահի տրամադրութեան տակ դնելով ժողովուրդի եւ նոյն՝ պաշտօնեաներու կեանքի մակարդակը արժանապտուօրէն բարձրացնելու միջոցներ։
Ժամանակին, լուրեր կային, որ, օրինակ, Արցախ փոստի նոր նշանակուած տնօրէնը անմիջապէս պաշտօնանկ եղած էր, երբ յայտնի դարձած էր, որ իր առաջին գործերէն մէկը ծառայողական մեքենայ գնել եղած է։
Այսպիսի գործելակերպը արժէքային որոշ համակարգի մը ցուցանիշը կրնայ ըլլալ, համակարգ, ուր առաջնային կը նկատուի հանրային միջոցները լաւագոյնս օգտագործել ի նպաստ հանրութեան եւ ոչ թէ՝ պաշտօնեաներու։
Նախագահ Սահակեանի անցեալ ամիսներու ցուցաբերած աշխատանքային վարքագիծը վճռականութեան եւ հետեւողականութեան շեշտ կը կրէ, առանց որոնց անկարելի է կաշառակերութեան նման տարածուած ախտի դէմ ազդեցիկ պայքար մղել։
Գործընթացը արդէն սկսած է, կ’ըսէ յօդուածագիրը։ Կը մնայ ուժ եւ կորով մաղթել նախագահին։