Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Ոգեկոչումի յանձնախումբի ու շրջանի ուղեկից միութիւններու կազմակերպութեամբ, Ապրիլեան Եղեռնի 93րդ տարելրման երկօրեայ ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Ոգեկոչումի առաջին հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 19, 2008ին, ներկայութեամբ աւելի քան 300 հայորդիներու, որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ էին, իսկ յայտագիրը ամբողջութեամբ պատրաստած էր շրջանի Հ.Ե.Դ. «Սարդարապատ» ուխտը։
Յայտագիրը իր տեսակին մէջ եզակի էր, որովհետեւ երիտասարդականի անդամները դուրս գալով Ապրիլեան ոգեկոչումի դասական ներկայացումներէն, այս տարի գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին շօշափել իրենց դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները եւ անոնց մեծագոյնը՝ հայերէն լեզուի եւ հայկական աւանդութիւններուն նահանջը ներ սերունդին մօտ։
Յայտագիրը ներկայացում մըն էր, որ կը պատկերացնէր Միացեալ Նահագներ գաղթած հայ ընտանիքի մը առօրեան, ուր մեծ հայրը ականատես կը դառնայ, թէ ինչպէս իր թոռնիկները եւ նորահաս սերունդը ընդհանրապէս, օրէ օր կը իւրացնեն տեղական բարքերը եւ տիրող լեզուն կը դառնայ անգլերէնը։
Իրականութեան առաջքը առնելու անզօր, մեծ հայրիկը միայն կը յորդորէ իր թոռնիկները որ հայերէն խօսին, առանց անշուշտ կարենալ թափանցելու իր թոռնիկներուն եւ նոր սերունդին մօտ աճող հայրենասիրական զգացումին, որ կու գար ընտանիքին դաստիարակութենէն եւ հայկական շրջապատէն։ Մեծ հայրիկը ականատես կը դառնայ նաեւ, թէ ինչպէս Հայ Դատի աշխատանքները յառաջ կը տարուին պետական մակարդակներով, աշխատանք մը, որուն մէջ տեղական լեզուին հմտութիւնն ու համապատասխան դաստիարկութիւնը գրաւականն էին յաջողութեան։ Տակաւին, ան ուրախութեամբ կը դիտէ ընտանեկան հաւաքոյթներուն եւ խրախճանքներու ընթացքին իր թոռնիկներուն անգլերէնով կամ կիսատ հայերէնով արտասանած բաժակաճառերը կամ կենացները, որոնք լի էին ազգասիրութեամբ եւ հայեցի պատկանելիութեամբ։
Հակառակ իր համոզումին, թէ ականատես կ՚ըլլայ ճերմակ ջարդին, վերջաւորութեան մեծ հայրիկը կը համակերպի, թէ այս բոլորը սփիւռքեան իրականութիւն են եւ անխուսափելի, իսկ հիմնականը հայրենասիրութեան ու ազգային պատկանելիութեան զգացումը չկորսնցնելն է։
Հ.Ե.Դ. «Սարդարապատ» ուխտը իր այս ներկայացումով կու գայ հաւաստիացնել, թէ հակառակ օրէ օր արձանագրուած հայերէն լեզուի նահանջին, նորահաս սերունդը յանձնառու է եւ գիտակցօրէն ջահակիրն է մեր պայքարին, պայքար մը որ սկսաւ 1915ին թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ կազմակերպուած ցեղասպանութենէն, ան այս իրականութիւնը կ՚ընդունի որպէս «վատ պտուղ ցեղասպանութեան»։
«Սփիւռքի այս հեռաւոր ափերուն մենք կը պայքարինք անգլերէն լեզուով, որ միաժամանակ մեր զէնքն է այս հանգրուանին»։
Ոգեկոչումին երկրորդ օրուայ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 20ին։ Սրահը լեցուած էր նահատակներու յիշատակով եւ ազգային արժէքներու պահպանման ու պահանջատիրութեան ոգիով տոգորուած աւելի քան 500 հայորդիներով, իսկ օրուայ նշանաբանն էր՝ United We Prevaill – Միութիւնը Յաղթութիւն է»։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին դրօշակի արարողութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու ու ՀՀ զոյգ երկիրներու ազգային հիմներու կատարումով, որոնց անմիջապէս յաջորդեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի աղօթքը։ Օրուան հանդիսավար, Հ.Ե.Դ. «Սարդարապատ» ուխտէն՝ Դալար Տէրտէրեան, իր բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի անդամ իրաւաբան Յարութիւն Քէօսէեանը, որ փոխանցեց կոմիտէին խօսքը։ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի անդամուհիներէն՝ տիկին Մարալ Վարժապետեան, ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի, իր կողմէ համադրուած փունջ մը ազգաշունչ ու ազատատենչ բանաստեղծութիւնները, ապա «Համազգային»ի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը ներկայացուց «Ու՞ր էիր, Աստուած» եւ «Կիլիկիա» պարերը, պարարուեստի ընդմէջէն ներկայացնելով ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդի վերապրելու յոյսը։
Իսկապէս տպաւորիչ էր եւ ուսուցողական Հ.Ե.Դ. «Սարդարապատ» ուխտի պատրաստած տեսաերիզը, ուր ներկայացուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող բոլորիս ծանօթ թիւ 106րդ բանաձեւի քուէարկութեան հոլովոյթն ու այդ առիթով քաղաքական դէմքերու կողմէ արտասանուած խօսքերը, որոնց հիմնական առանցքն էր. «Ժամանակը հասած է որ Միացեալ Նահանգնրու Քոնկրէսը ընդունի հայկական ցեղասպանութիւնը»։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր իրաւաբան տիկին Նորա Յովսէփեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ մեր պահանջատիրութեան պայքարի շարունակականութեան ու յարատեւման վրայ։ «Պահանջատիրութեան ոգին պէտք է սերունդէ սերունդ փոխանցուի», ըսաւ ան եւ եզրակացուց՝ «բայց ոչ միայն մինչեւ ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչումը, այլ մինչեւ արդարութեան վերահաստատումը, այսինքն մինչեւ Պատմական Հայաստանի բռնագրաւեալ հողերու վերադարձը իրենց իրաւական տիրոջ՝ հայ ազգին»։
Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ «Ֆերահեան» վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը, գլխաւորութեամբ պրն. Ալֆրէտ Մարտոյեանի, որոնք հանրութեան ներկայացուցին փունջ մը ազգային երգեր։ Երգչախումբը երբ սկսաւ իր երգերուն, անոնք ոչ թէ ձայն էին ու եղանակ, այլ անմեղ բերաններէ հոսող յոյս էին, ապագայի խոստում ու յաղթանակի գրաւական, որոնք երջանկութեամբ լեցուցին ներկաներուն հայրենաբաղձ հոգիները։ Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ հայկական ELEMENT խումբի մեր դասական երգերու կատարողութեամբ, երգեր, որոնք վերադարձ էին դէպի անցեալը, բայց միաժամանակ հրաւէր դէպի ապագան։