Վերոյիշեալ խորագրով Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Պրիւքսէլ հաստատուած գրող-հրապարակախօս Սօնա Արշունեցիի հեղինակած գրքոյկը, որ կը պարունակէ «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան նուիրուած յօդուած մը՝ հայերէնով, անգլերէնով (թարգմանուած Դանիէլ Ժանոյեանի կողմէ), ֆրանսերէնով (Սիւզան Քանանեան) եւ գերմաներէնով (Լեւոն Սարգիսեան):
32 էջնոց գիրքը տպուած է «Նոյեան տապան» տպագրատան մէջ:
Փոխան նախաբանի, հեղինակը Տինքի ուղղուած երկտող մը գրած է, հատորը ձօնելով Տինքին: Երրորդ էջին վրայ տպուած է Տինքի դիակին լուսանկարը, որուն վրայ, հեղինակին ուղղուած նամակէ մը արտատպուած է Տինքի մէկ հաստատումը, ուր ան կ’ըսէ. «Սօնա, գիտցիր, որ ամէն ինչի վերջը կայ եւ մեր Հայ Դատին ճշդումն ալ մեր իրաւունքով պիտի վերջանայ: Մենք պիտի յաղթենք. այո»: