Լոս Անճելըսի դպրոցական համակարգի մէջ աշխատող մանկավարժներ, պատասխանատուներ, քարտուղարներ, առողջապահական մարզի աշխատողներ, մէկ խօսքով, այդ ցանցի մէջ աշխատող բոլոր հայերը միացնելու յաւակնոտ ծրագրով ճամբայ կ’ելլէ Ամերիկահայ մանկավարժներու ընկերակցութիւնը, որուն ղեկավար կազմի անդամներէն Հերի Պետեւեան, Աննա Գոճաօղլանեան եւ Սեւան Ուրֆալեան այցելեցին «Ասպարէզ», մեր խնդրանքով պատմելու համար իրենց գործունէութեան եւ նպատակներուն մասին։ Պետեւեանի մտայղացքը կը թուի ըլլալ այս միութիւնը ստեղծելու ծրագիրը։
Շատ խանդավառ էին երեքն ալ։ Հերին խորհրդատու է՝ աշակերտներուն համալսարան ուղղորդելու գործով, միւս երկուքը մանկավարժներ են, տարբեր դպրոցներու մէջ։ Իրենց աշխատած համակարգի մէջ աւելի քան վեց հարիւր հայեր կան, որոնք եթէ իրար մօտ գան, իրարու մասին տեղեակ ըլլան, զիրար օգնեն, կը դառնան այնպիսի հզօր գործօն դպրոցական այդ ցանցին մէջ, որ թէ՛ հայ աշակերտներու, եւ թէ՛ իրենց՝ աշխատողներու վիճակը կրնան բարելաւել։
Կազմակերպութեան նպատակն է.
Կրթական ոլորտի մէջ հայկական հարցեր արծարծել ու տէր կանգնիլ անոնց։
Աջակցութիւն ապահովել հայ աշակերտներուն եւ իրենց ընտանիքներուն՝ ընկերային եւ հոգեբանական կարիքները հոգալու ճիգին մէջ։
Ամէն ճիգ թափել, որ հայ աշակերտներու մշակոյթն ու լեզուն արժանանան ճանաչումի եւ յարգանքի եւ որ դպրոցները տրամադրելի դարձնեն հայ աշակերտներուն ուսուցողական այնպիսի նիւթեր, որոնք կ’առնչուին իրենց մշակոյթին։
Առիթներ ստեղծել իր անդամներուն համար իրենց մասնագիտական զարգացման եւ ընկերային կապերու հարստացման համար։
Կազմակերպութեան առաջին ձեռնարկը, անդամական հանդիպումի ձեւով, տեղի ունեցած է շուրջ երկու տարի առաջ։ Ներկայ եղած են յիսունի չափ մանկավարժներ ու համակարգի աշխատողներ, որոնք դրականօրէն տրամադրուած են միութիւն ստեղծելու գաղափարին։
Այս հանգրուանին, աշխատանքի ծանր մասը տակաւին կ’իյնայ ութ անդամներէ բաղկացած վարչութեան վրայ, որ սակայն յոյս ունի, որ շուտով կ’ունենայ կանոնաւոր անդամներ, որոնց միջոցաւ հնարաւոր կը դառնայ յանձնախումբեր յառաջ բերել։
Ծրագիրները շատ են։ Առաջին հերթին հաստատած են կրթաթոշակ մը, փոքր հիմնադրամով։ Արդէն դիմումները ստացած ու զտման առաջին փուլը աւարտած են։ Յունիսի սկիզբը պիտի յայտարարեն ստացողները։ Հակառակ, որ գումարը փոքր է, դիմողներու թիւը երեսունի հասած է, որոնք թէ՛ հայկական եւ թէ՛ հանրային վարժարաններու աշակերտներ են։
Ունին իրենց սեփական կայքէջը՝ ArmenianAEF.org, որուն միջոցաւ կարելի է կապ պահել իրենց հետ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ։
Կը ծրագրեն աշխատանքային հանդիպումներ կազմակերպել այնքան տաղանդաւոր բազմաթիւ երեխաներու համար, օգնել անոնց եւ սորվեցնել դիմումնագրեր լեցնել, կրթաթոշակներու դիմել, համալսարաններ մտնելու ուղղութիւն տալ, եւայլն։
Առաջնահերթ գործերէն է նաեւ ծնողներուն բացատրել, որ իրենք ու իրենց զաւակները ունին իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ, որոնց տէր պէտք է կանգնին ի սէր իրենց զաւակներու բարօրութեան, ապահովութեան եւ յաջողութեան։
Մենք աշակերտներու հետ շփման առաջին գիծի վրայ ենք, կը տեսնենք իրենց լեզուական, մշակութային, ընկերային եւ հոգեբանական դժուարութիւնները։ Այնքան խելացի, այնքան տաղանդաւոր երեխաներ կան, որոնց նուազագոյն իսկ օգնութեամբ հրաշքներ կը գործուին։ Ափսոս է, որ ձեռնծալ մնանք։ Պէտք է աշխատինք ու այս կազմակերպութիւնը ոտքի հանենք՝ յանուն այդ երեխաներուն ու իրենց ծնողներուն, կը յայտնեն Միութեան ներկայացուցիչները։