Երէկ անդրադարձանք Սիւնիքի մարզպետի հետ կապուած կառավարական քննութեան արդիւնքին։
Քննութիւնը կը չքմեղացնէր կամ կ’արդարացնէր մարզպետը, միջադէպը ներկայացնելով պարզապէս իբրեւ երկու պատանիներու միջեւ կենցաղային վէճ։
Գրած էինք, որ «Առաւօտ» լուռ մնալով քննութեան հրապարակուած արդիւնքի մասին եւ գնահատական չտալով անոր, արժանահաւատութիւն տուած էր անոր։
Երէկ այս քննութեան արդիւնքի մասին վերապահօրէն անդրադարձաւ «Առաւօտ»ի աշխատակից, լրագրող Աննա Իսրայէլեանը՝ խօսելով «Ա1 » լրատուական գործակալութեան թղթակիցին հետ։
Իսրայէլեանի վերապահութեան հիմք կը ծառայեն Հայաստանի հասարակութեան մէջ արմատ նետած իշխանութեան հանդէպ վախի եւ անվստահութեան զգացումները։
Այսինքն, հաւանական կրնայ ըլլալ, որ մարզպետը ծեծած ըլլայ գորիսցի պատանին, սակայն, պատանիի ծնողները, վախնալով, որ եթէ բողոքեն կամ զեկուցեն այդ մասին, կամ վկայութիւն տան ծառայողական քննութեան ատեն, հետագային կրնան աւելի ծանր վիճակի մատնուիլ նոյն մարզպետի, կամ կառավարական այլ պաշտօնատարներու կողմէ։
«Հայաստանում տիրում է այնպիսի մթնոլորտ, որ ծեծուած երեխայի ծնողները վախենում են անգամ հիւանդանոց տանել, յետոյ չեն բողոքում, մենք իմանում ենք դա ընդամէնը երրորդ աղբիւրից, ինչի արդիւնքում իրօք լինում են վրիպումներ, քանի-քանի պրոբլեմ կայ՝ անվստահութիւն դատական համակարգի հանդէպ, ահուսարսափի մթնոլորտ», կը բացատրէ Իսրայէլեան:
«Առաւօտ»ի լրագրողը որոշ չափով կը մեղադրէ նաեւ այն տուժողները, որոնք հետամուտ չեն ըլլար իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան, կը գրէ «Ա1 », «իրենք լռում են, երբ երեխային են ծեծում, լռում են, երբ աղջիկ են փորձում բռնաբարել, հիմա էլ են լռում, քիչ է մնում հերսոտած ասես, թէ դուք արժանի էք այդ տեսակին», կ’ըսէ Իսրայէլեան, աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն անդրադառնալ այս պատմութեան:
«Մենք պէտք է յոյս չդնէինք ծառայողական քննութեան վրայ եւ պէտք է ուղղակի խնդրէինք, որ Սուրէն Խաչատրեանը մեզ դատի տայ, գուցէ եթէ քրէական գործ յարուցուէր, ինչ-որ բան պարզուէր: Բայց փակ շրջան է ստացւում, քանի դեռ մարդիկ վախենում են՝ չեն խօսում, այդ ամէնը շարունակուելու է», կ’եզրակացնէ Իսրայէլեան:
Իսկապէս բարդ իրավիճակ է, որմէ դուրս գալու միջոց պէտք է փնտռէ նաեւ կառավարութիւնը, որպէսզի ի վերջոյ ձեւով մը սկսինք իր ծրագիրներուն, իր խօսքին հաւատալ, վստահիլ: Բարդ է, այո, բայց անկարելի պէտք չէ ըլլայ: Ինչպէս Իսրայէլեանի, այնպէս ալ շատ շատերու համար, այս հարցի ամբողջական եւ ճշմարիտ պարզաբանումը ազդանշան պիտի դառնայ վստահութեան գործընթացի սկզբին: