Լաւագոյն նուէր։ Իմաստալից նուէր։ Օգտակար նուէր։
«Ասպարէզ» շաբաթաթերթը կամ՝ օրաթերթը։
Յատկապէս շրջանաւարտներուն, հայկական թէ հանրային վարժարաններէն դէպի քոլէճներ, համալսարաններ, թէ դէպի կեանքի ասպարէզ գացող երիտասարդներուն։ Եթէ «Ասպարէզ» հնարաւորութիւն ունենար, իր կողմէ կը կատարէր նուէրը, որպէսզի այդ երիտասարդները, բոլորը, հայութեան եւ հայկականութեան հետ իրենց կապերը պահպանէին, անոնք առնուազն ստանային «Ասպարէզ»ի երկլեզու հրատարակուող շաբաթօրեայ ճոխ թիւը։
Խրախուսելու համար այս ծրագիրը, «Ասպարէզ» կ’ուզէ բերել իր մասնակցութիւնը, իր բաժինը, առաջարկելով ծնող-բարեկամներուն, որ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն այս տարուան երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտ ուսանող-ուսանողուհիի մը մէկ տարուան «Ասպարէզ»ի շաբաթօրեայ թերթ նուիրել, կը ստանան յիսուն տոկոս զեղչ՝ նուէրի բաժանորդագինը վճարելով երեսուն տոլար։
Օրաթերթի պարագային եւս նուիրատուն կը ստանայ նոյն յիսուն տոկոսի զեղչը՝ յիսուն տոլար վճարելով իբրեւ նուէր-բաժանորդագին։
Մենք մեր բաժինը կ’ընենք։ Կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, որ իրենք ալ ընեն իրենցը։ Թերթ նուիրելով շրջանաւարտին, անոր փոխանցած կ’ըլլաք նաեւ ձեր պատգամը, որ չմոռնան ազգ ու համայնք։ Փոխանցած կ’ըլլաք պարզ այն պատգամը՝ որ դուք, իբրեւ նուիրատու, այն անձն էք, որուն համար կարեւոր է հայկական թերթը, կարեւոր է անոր պահպանումն ու զարգացումը։
Նաեւ, մի մոռնաք, որ ձեր այս նուէրով դուք նաեւ «Ասպարէզ»ի հարիւրամեակի արշաւին ձեր ներդրումը կ’ունենաք։
Բայց նաեւ կ’առաջարկենք մտածել «Ասպարէզ» նուիրել ոչ միայն շրջանաւարտներուն, այլ ամէն առիթի, տարեդարձ, նոր ընտանիքի կազմութիւն, եւայլն։
Որոշումը ձերն է։