Յայտնի բանասէր դոկտ. Արուսեակ Սահակեան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Հայ կին» միաւորի կազմակերպած ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 14 Յունիսին, կ.ե. ժամը 5ին, «Պոյաճեան» սրահին մէջ (2495 E. Mountain St., Pasadena:
Դոկտ. Սահակեան պիտի ներկայացնէ «Հայ կին ղեկավարներ եւ պետական անձնաւորութիւններ պատմութեան ընթացքին» նիւթը:
Դոկ. Սահակեան Հայաստանի Մշակութային նախարարութեան Ժողովրդային բանահիւսութեան եւ ազգագրութեան բաժնի վարիչն է: Իր գիտական աշխատանքները եւ հրատարակութիւնները հայ ժողովրդային դիւցազներգութիւններու մասին, նաեւ մանկական երգերու հաւաքածոները, օրօրոցայիններն ու հանելուկները մեծ ժողովրդականութիւն ունին: Հրատարակած է յօդուածներ՝ դարերու ընթացքին հայ կնոջ դերին մասին: Ան հիմնադիրն է հայ հին երգերու եւ պարերու խումբի մը՝ «Նարոյ» եւ եղած է անոր գեղարուեստական վարիչը:
Դոկտ. Սահակեան պատուուեցաւ «Նարեկացի» շքանշանով, 10 Մայիսին, UCLA-ի Հայ լեզուի ու մշակոյթի ուսումնասիրութեանց բարեկամներուն կողմէ: Այս մրցանակին կ’արժանանայ այն անհատը, որ բացառիկ ներդրում կ’ունենայ հայ մշակոյթին մէջ:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Հայ կին»ը հպարտ է հիւրընկալելու այս նշանաւոր բանասէրը, որ պիտի ներկայացնէ այս հետաքրքրական նիւթը:
Հրաւիրուած է հանրութիւնը: