Կիրակի, Յունիս 1ին տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի «Չարին վերջը» երաժշտական թատերգութիւնը:
Աւելի քան 800 ծնողներ, բարեկամներ եւ համայնքային ղեկավարներ ներկայ էին այս իւրայատուկ ձեռնարկին, որու ընթացքին երեք եւ չորս տարեկան աշակերտները հանրութեան ներկայացուցին իրենց ձիրքերը, երգելով ու պարելով:
Երաժշտութեան դասատու եւ երգչուհի Արաքսիա Վարդերեսեան մշակած էր գործին երաժշտութիւնը, միաժամանակ հետեւելով արտադրութեան իւրաքանչիւր մանրամասնութեան:
Երեխաները փորձերուն սկսած էին Դեկտեմբեր 2007ին եւ քանի մը առիթներով ձայնագրած էին իրենց երգերը:
Բեմայարդարումն ու տարազները պատրաստուած էին Փեկի Իսախանեանի, Աշոտ Դուրեանի, Կիլպըրթ Պաղրամեանի եւ Սարգիս Ազայեանի կողմէ:
«Ծրագրին յաջողութիւնը կը պարտինք ուսուցիչներուն, անձնակազմին, ծնողներուն եւ յատկապէս աշակերտներուն: Հպարտ ենք մեր փոքրերուն այս իրագործումով եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան ծրագրին յաջողութեան», յայտարարեց մանկապարտիզպանուհի Վեհիկ Գաբրիէլեան:
Յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ներկայացման CD-ն ու DVD-ն տրամադրելի պիտի ըլլան: