Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անցեալ շաբաթ Պենետիքթ ԺԶ. պապին հրաւէրով այցելեց Վատիկան։ Ան պապին կողմէ արտակարգ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ։ 2000էն ի վեր այս մէկը կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան աթոռ Գարեգին Բ.ի երկրորդ այցելութիւնն էր։
Վեհափառին կ՚ընկերակցէին բարձրաստիճան հայ կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր երկիրներէ խումբ մը ականաւոր հայեր։
7 Մայիսին Գարեգին Բ., նստելով պապի կողքին, աշխարհի տարբեր կողմերէն Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր կաթողիկէներու առջեւ խօսք մը արտասանեց։ Միջազգային լրատուամիջոցներու լայն ուշադրութեան արժանացած իր խօսքին մէջ վեհափառը յայտնեց. «Մենք՝ հայերս ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդ մըն ենք, եւ լաւ գիտենք սիրոյ, եղբայրութեան, բարեկամութեան եւ ապահով կեանքի արժէքը։ Ներկայիս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ կը ճանչնան եւ կը դատապարտեն օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը»։
Պապը իր պատասխանին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձաւ պարզապէս իբրեւ հայ քրիստոնեաներու, մանաւանդ անցեալ դարու ընթացքին ենթարկուած բուռն հալածանքներու։ Այս մէկը սուր շեղում մըն էր 27 Սեպտեմբեր 2001ին Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ստորագրած միացեալ յայտարարութենէն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կ՚ակնարկէր իբրեւ «քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»։
7 Մայիսի յետմիջօրէին Գարեգին Բ. այցելեց Հռոմի պապական համալսարանը, որ իրեն պարգեւեց պատուոյ տոքթորայի աստիճան։ Այցելութիւնը վերջ գտաւ 9 Մայիսին պապին հետ առանձնակի հանդիպումով մը։
Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի թանգարան այցելութիւնները անմոռանալի փորձառութիւններ էին, մասնաւորաբար՝ Սիստինեան եկեղեցին, որուն առաստաղը զարդարուած է Միքելանճելոյի կողմէ։ Այցելութեան ամէնէն յիշատակելի բաժինը Վատիկանի տաճարին եկեղեցւոյ հիւսիսային գաւիթին մէջ զետեղուած Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչի հոյակապ արձանը տեսնելն էր։
Հռոմէն ուղղակի ուղղուեցայ Նիւ Եորք, ուր ինծի պարգեւուեցաւ Էլիս կղզիի պատուոյ մետալը։ Այս յատուկ մետալը կը պարգեւուի իրենց ազգագրական ենթահողին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներուն արտակարգ ներդրում կատարած անձերուն։ 106 պարգեւատրուողներուն շարքին էին նաեւ հինգ այլ ամերիկահայեր՝ Նուպար Աֆէեան, Անեթ Չուլֆայեան, Մարիա Մեհրանեան եւ տոքթ. Վարդգէս ու Մարի Նաճարեան։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Էլիս կղզիին վրայ։
Այս առիթով, առանձնաշնորհումը ունեցայ սակաւաթիւ պարգեւեալներէն մէկը եւ միակ հայը ըլլալու, որմէ խնդրուեցաւ մեծ հոգատարութեամբ պատրաստուած եւ փառաւոր ու հանգամանալից արարողութեան ընթացքին կարճ խօսք մը արտասանելու։ Ամերիկեան բանակի բոլոր թեւերը մասնակցեցան այս հայրենասիրական ծրագիրին՝ տողանցելով եւ երաժշտական փունջեր ներկայացնելով։ Ստորեւ՝ այս առիթով ինձմէ արտասանել խնդրուած խօսքիս բնագիրը.
«Այսօր կ՚ուզեմ Էյ.Պի.Սի.ի մասին խօսիլ։ Ոչ թէ պատկերասփիւռի կայանին։ Ի մտի ունեցած Էյ.Պի.Սի.ս կրճատումն է «American by Choice»ի (ընտրովի ամերիկացի)։ Ես հպարտ եմ ընտրովի ամերիկացի մը ըլլալով։ Այսօր պարգեւատրուողներուն մեծամասնութիւնը ընտրովի ամերիկացի է։ Այդպէս են նաեւ միլիոնաւոր գաղթականներ, որոնք այս Մեծ սրահին դարպասներէն անցնելով՝ Ազատութեան տիկնոջ կողմէ այս աւետեալ երկրին մէջ դիմաւորուած են։
«Բախտը չեմ ունեցած այս հոյակապ երկրին մէջ ծնած ըլլալու։ Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու թոռնիկ՝ տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելու իմաստուն որոշումը տուի։ Առաջին կարգի կրթութիւն ստացայ այստեղէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քոլոմպիա համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքին մէջ եւ գեղեցիկ աղջկայ մը հետ ամուսնացայ, իմ կինս՝ Այրինը, որուն հետ մեծցուցի երեք հոյակապ զաւակներ՝ Նորա, Արամ եւ Լարա։ Ընտանիքս այս երեկոյ ինծի կ՚ընկերակցի։
«Մեզմէ միայն անոնք, որոնք այլ երկիրներէ այստեղ եկած են՝ կրնան կատարելապէս գնահատել Ամերիկայի մէջ մեր վայելած ազատութիւններն ու առիթները։ Մնացեալներդ, որ բնիկներ էք, պիտի կարողանաք աւելի լաւ գնահատել այս երկիրը, եթէ որոշ ժամանակ անցընէք արտասահմանի մէջ, ուր մեր բոլորին կողմէ թերագնահատուած Միացեալ Նահանգներու դիւրութիւններն ու ազատութիւնները պիտի չգտնէք։
«Այսօրուան պատիւը աւելի յատուկ դարձնելով՝ այժմ իմացայ, թէ Ազատութեան արձանի պղինձը Հայաստանի մէջ պղինձի հանքէ մը Ֆրանսա նաւով ուղարկուած է։
«Եթէ ճշմարիտ է, ի՜նչ բախտաւոր զուգադիպութիւն։
«Ազատութեան արձանն ու ես ազգային նոյն ծագումը ունինք, ինչ որ մեր երկուքն ալ կը վերածէ ընտրովի ամերիկացիներու»։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»