Վրաստանի կառավարութեան որոշումով՝ 2007ի Յունուարէն ի վեր դադրեցուեցաւ գրադարաններու պետական օժանդակութիւնը։ Ախալցխայի մէջ փակուեցան 42 գրադարանային մասնաճիւղեր։
2007ի գարնան, փոքրաթիւ աշխատաւորներով բացուեցաւ միայն Ախալցխայի գլխաւոր գրադարանը։ Նոյն տարուան ամրան, Ախալցխայի գլխաւոր գրադարանը ստացաւ 56,000 տոլարի դրամաշնորհ՝ Ամերիկայի դեսպանատունէն, իսկ աշնան՝ սկիզբ առաւ շէնքի վերանորոգումը։
Ապահովուեցան նոր գոյքեր, ժամանակակից ելեքտրոնիք սարքաւորումներ ու համակարգչային դրութիւններ։
Գրադարանի 15 աշխատողներէն մնացած են միայն 8ը։ Աւելցուած է գիրքերու քանակը, որովհետեւ գլխաւոր գրադարանին միացած է նաեւ Ախալցխայի մանկական գրադարանը։