Թրքական կառավարութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ցանկալի աթոռ մը ապահովելու համար աշխարհի մէջ իրարանցում կը ստեղծէ։ Անգարա դիմած է ամէն տեսակի եւ անյարմար միջոցներու, ինչպէս՝ իր թեկնածութեան համար անոնց քուէները ապահովելու համար երրորդ աշխարհի երկիրներ կաշառելուն։ Այս թրքական խաղերը բացայայտուեցան Ճէյմսթաուն հիմնարկին հրապարակած «Եուրէյժիա Տէյլի Մոնիթըր»ին կողմէ։
ՄԱԿը Հոկտեմբերին պիտի ընտրէ հինգ երկիրներ՝ ստանձնելու համար Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ոչ մնայուն հինգ աթոռներ։ Իբրեւ «Արեւմտեան Եւրոպա եւ այլ խմբաւորում» անունով շրջան, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ներկայացուցչութեան համար ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի անդամները պիտի ընտրեն երկուքը հետեւեալ երեք թեկնածուներէն՝ Թուրքիա, Աւստրիա եւ Իսլանտա։
Թուրքիա վերջին անգամ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ եղած է 1961ին։ Թուրք պաշտօնատարներ 2004էն, 16 Հոկտեմբեր 2008ին նախատեսուած քուէարկութենէն գրեթէ հինգ տարի առաջ, այս աթոռի ապահովման համար աշխատանք կը տանին։ Յաջողելու պարագային Թուրքիա պիտի պաշտօնավարէ 1 Յունուար 2009էն սկսող երկու տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։
Կարեթ Ճենքինզ Ապրիլ 17ին «Եուրէյժիա Տէյլի Մոնիթըր»ի մէջ գրեց, որ իր երկրին քուէներ ապահովելու համար, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան հանդիպում կ՚ունենայ «աշխարհի հեռաւոր մասերուն մէջ, անծանօթ երկիրներու ներկայացուցիչներու շարքի մը հետ»։
Ապրիլ ամսուան ընթացքին Մորուի, Վանուաթուի Հանրապետութեան, Սողոմոնեան կղզիներու, Մարշըլեան կղզիներու, Քուք կղզիներու, Թուվալուի, Փափուա Նոր Կինէայ, Փալաու Հանրապետութեան, Ֆիճիի, Միքրոնեզիոյ դաշնակցային պետութեան, Սամոայի եւ Թոնկայի ղեկավարները Թուրքիոյ հետ այս երկիրներուն գրեթէ գոյութիւն չունեցող յարաբերութիւնները բարելաւելու նուիրուած խորհրդաժողովի մը մասնակցելու համար ժամանեցին Պոլիս։ Ճենքինզ յայտնեց, որ անցեալ ամիս Մալտիւի արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլա Շահիտ Անգարա հրաւիրուեցաւ իր պաշտօնակիցին հետ քննարկումներ կատարելու համար։
Ճենքինզ ըսաւ, որ Թուրքիա Ապահովութեան խորհուրդի իր հաւանական անդամակցութենէն պիտի օգտուի դիւանագիտական եւ քաղաքական գետնի վրայ, այդ մէկը նաեւ պիտի բարձրացնէ երկրին վարկն ու ազգային պարծանքը։
Թուրքիա Ապահովութեան խորհուրդի անդամակցութեան իր արշաւին ընթացք տուաւ Յունիս 2004ին, երբ Պոլսոյ մէջ վեհաժողովի մը ընթացքին ձգտեցաւ ապահովել Իսլամական համագումար կազմակերպութեան անդամներուն զօրակցութիւնը։
2006ի առաջին վեց ամիսներուն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ այցելեցին 30 երկիրներ՝ ջանալով անոնց զօրակցութիւնը ապահովել։ Սեպտեմբեր 2006ին փոխվարչապետ Ապտիւլլաթիֆ Շեներ մեկնեցաւ Քուպա՝ մասնակցելու համար Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի հանդիպումին։ Հաւանայի մէջ, Թուրքիոյ դեսպանատան հիւրընկալութեամբ, Քարայիպեան երկիրներու ղեկավարներու հետ նախաճաշի հանդիպումէ մը ետք Շեներ թուրք լրագրողներու ըսաւ. «Անոնց մէկ մասին անունը ասկէ առաջ չէի լսած, սակայն բոլորն ալ ՄԱԿի մէջ քուէ ունին»։ 2007ին նպատակաուղղուած աշխատանքը շարունակուեցաւ՝ 27 այլ երկիրներ թուրք պաշտօնատարներու այցելութեամբ։ Թուրքիա 2006ի ընթացքին զարգացման տարբեր մակարդակի վրայ գտնուող երկիրներու ընդամէնը 700 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրեց՝ ապահովելու համար, որ անոնք Թուրքիոյ ի նպաստ քուէարկելու իրաւունքէն չզրկուին, ան 20 միլիոն տոլար յատկացուց փակելու համար փոքր պետութեանց ՄԱԿի մօտ պարտքերը։ 2007ին Թուրքիա 15 միլիոն տոլարի ֆոնտ մը հիմնեց օժանդակելու համար կղզի եղող փոքր պետութիւններու։ Աւելի՛ն. Թուրքիա առաջին անգամ ըլլալով յարաբերութիւններ հաստատեց Մարշալեան եւ Քուք կղզիներուն հետ։
Ափրիկեան պետութիւններու քուէները ապահովելու համար Թուրքիա 10 նոր դեսպանատուներ կը բանայ՝ Անկոլայի, Չատի, Ղանայի, Քամերունի, Փղոսկրեայ Ափունքի, Մատակասքարի, Մոզամպիքի, Նիկերիոյ եւ Թանզանիոյ մէջ։ Մարտ 2008ին Թուրքիա յայտարարեց, որ շարք մը ափրիկեան երկիրներու զարգացման համար 50 միլիոն տոլար կը տրամադրէ։ Օգոստոս 2008 ՄԱԿի մէջ քուէարկութենէն հազիւ երկու ամիս առաջ Թուրքիա Պոլսոյ մէջ պիտի հիւրընկալէ Թուրքիա-Ափրիկէ համագործակցութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը։
Նկատի առած կղզի եղող փոքր երկիրներու վտանգուածութիւնը կենսոլորտի ջերմացումէն, որ կրնայ պատճառ դառնալ ծովու մակարդակին բարձրացման պատճառով անոնց ջուրով ծածկուելուն, թուրք պաշտօնատարներ յանկարծ հետաքրքրուած են կենսոլորտային հարցերով։ Կղզի եղող շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ անցեալ ամիս Պոլսոյ մէջ հանդիպելէ ետք, արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան կենսոլորտի ջերմացման եւ ծովու մակարդակի բարձրացման դէմ պայքարին իր կառավարութեան յանձնառութիւնը յայտարարեց։ Իրողութեան մէջ Թուրքիա այն սակաւաթիւ երկիրներէն է, որոնք կենսոլորտի փոփոխման վերաբերեալ 1997ի Քիոթոյի համաձայնագիրը չեն ստորագրած։
Թուրքիա ատակ չէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ծառայելու, որովհետեւ մարդկային իրաւանց մեծ բռնաբարող մըն է եւ՝ իր դրացի պետութեանց խաղաղութեան եւ ապահովութեան սպառնալիք մը։
Բոլոր անոնք, որոնք ՄԱԿի անդամ պետութիւններու պաշտօնատարներուն հետ կապեր ունին, պէտք է բացայայտեն քուէ գնելու Թուրքիոյ ջանքերը եւ այս երկիրներու պատուիրակներուն կոչ ուղղեն Թուրքիոյ ի նպաստ չքուէարկելու։ Փոխարէնը՝ անոնք պէտք է զօրակցին Աւստրիոյ եւ Իսլանտայի թեկնածութեան, որոնք երկու ճշմարտապէս ժողովրդավար երկիրներ են եւ ամէն տեսակէտով կը գերազանցեն Թուրքիան։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»