Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան Շաբաթ, 17 Մայիսին այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Դեսպանին կ’ընկերանային իր տիկինը եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան Կիլիկեան միաբանութեան երէց անդամներէն Եփրեմ արք. Թապագեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, հոգեւորականաց դասու, Ազգային վարչութեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Տիկնանց օժանդակ մարմինի ներկայացուցիչներ եւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Լոս Անճելըսի բաժանմունքի տնօրէն Մարիա Միհրանեան։
Առաջնորդը յարգելի հիւրերը ողջունեց, ըսելով, որ անոնք կը գտնուին «ազգի տան» մէջ, որ իր բոլոր միաւորներով անվերապահօրէն զօրակից է Հայաստանի ու հայրենի ժողովուրդին։
Արմէն Լիլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալման համար, նշեց, որ դեսպան Մարգարեանի համար Ազգ. Առաջնորդարան այցելութիւնը կարեւոր հանգրուան է Լոս Անճելըս իր այցելութեան ծիրին մէջ։
Դեսպան Մարգարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց, շնորհաւորեց Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքը ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ առաջնորդին ու Ս. Աթոռոյս կեցուածքին մասին, որ վերահաստատուեցաւ Հայաստանի վերջին ծանօթ դէպքերուն առիթով:
Ան նաեւ առաջնորդը շնորհաւորեց չորրորդ քառամեակի մը համար առաջնորդ վերընտրուելուն առիթով:
Հիւր դեսպանը այս առիթով խօսեցաւ նաեւ հայրենի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքական վարքագիծին ու պետականութիւնը ամրապնդելու աշխատանքին մասին: Ան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան հարցը առաջնահերթ տեղ ունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ան նշեց, որ Հայաստան կը ցանկայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները դարձնել բնականոն, սակայն ոչ՝ ի հեճուկս Ցեղասպանութեան գծով կեցուածքին:
Խօսելով Արցախի մասին, դեսպան Մարգարեան յայտնեց, թէ Հայաստանի քաղաքականութիւնը այս գծով ալ յստակ է ու շարունակութիւնը՝ ծանօթ վարքագիծին. «Զիջումի հարց չի կրնար ըլլալ, այլ այն փաթեթը, որ կար նախորդ իշխանութեան օրով, կը մնայ սեղանի վրայ», ընդգծեց ան, աւելցնելով, որ Արցախի ինքնորոշման եւ իրաւունքներու կենսագործումը կը մնան հիմնական առաջադրանք։
Դեսպանը աւելցուց, թէ Հայաստանի մէջ ամէն բան գոհացուցիչ չէ, կան ընկերային ու տնտեսական դժուարութիւններ, ինչպէս՝ այլ երկիրներու մէջ, որոնք պէտք է դարմանուին ու ընկերային արդարութիւն հաստատուի, սակայն ծանօթ դժուարութիւններուն չարաշահումն ու վնասաբեր վիճակներու ստեղծումը ոչ մէկ ձեւով արդարանալի է:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն շղթայազերծած քարոզչական արշաւին ու զինուորական որոշ գործողութիւններուն, որոնք զուգահեռ ընթացան Հայաստանի տագնապալի օրերուն, սակայն նաեւ վերահաստատեց, որ Արցախի ու Հայաստանի պետութիւններն ու ուժերը ամուր կը մնան իրենց դիրքերուն վրայ:
Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի դիւանագէտին բացատրութիւններուն համար եւ վերահաստատեց մեր Ս. Աթոռին ու կիլիկեան բոլոր թեմերուն զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ հայրենիքին ու պետութեան։ Ան այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց դեսպան Մարգարեանի։
Պաշտօնական հանդիպումին ու մտերմիկ զրոյցի աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրընկալում, զոր պատրաստած էր Տիկնանց օժանդակ մարմինը։