Հաշուեցէք, որ հազար աշակերտ ունեցող հայկական դպրոց մը ունիք եւ այդ դպրոցը պէտք է պահէք, պէտք է վճարէք յիսունէ աւելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, մնայուն գրասենեակի աշխատողներու աշխատավարձերը, պէտք է ուսուցիչներու վերաորակաւորման, պատրաստութեան դասընթացքներ կազմակերպէք, պէտք է յարաբերական աշխատանքներ տանիք, պէտք է, պէտք է, պէտք է…։ Այս բոլոր կարիքներուն հասնելու համար, «ԴաւթեանՄարիամեան» հաստատութեան վարչութիւնը կը դիմէ իր եւ իր յիսունէն վաթսուն անդամներու ծանօթշրջապատին, բարերար ազգայիններուն, նուիրատուութիւններ հաւաքելու եւ ծախսերը հոգալու համար։
Վարչութեան նախագահ Վահէ Ծատուրեանին հետ կը զրուցենք, կը փորձենք հասկնալ թէ ինչո՞ւ այս առաքելութիւնը ստանձնած է իր ընկերներուն հետ, ինչպէ՞ս կ’իրագործեն այդ առաքելութիւնը։
Հազարաւոր հայ աշակերտներ ձուլումէ փրկելու առաքելութիւնն է իրենցը։
Հայկական վարժարաններու թիւը սահմանափակ է։ Օրինակ, Կլէնտէյլի մէջ բնակող շուրջ տաս հազար հայ աշակերտական տարիք ունեցող երախաներէն հազիւ մէկ փոքր մասն է, որ բախտ ունի հայկական վարժարան յաճախելու։
«ՄարիամեանԴաւթեան» հաստատութեան ճիգերով, կարելի եղած է յատուկ ծրագիր մը կեանքի կոչել, որու շնորհիւ շուրջ հազար աշակերտներ հայերէն լեզուն ճանչնալու, հայերէն սորվելու, հայ արուեստին ու մշակոյթին ծանօթանալու հնարաւորութիւն ստացած են։
Աշակերտները ծրագրին մասնակցելու համար կը վճարեն տարեկան չորս հարիւր քսանհինգ տոլար, մասնավճարներով։
Գործադրուող ծրագիրը, շաբաթական չորսժամեայ դասընթացք մըն է, երկու օրերու ընթացքին օրական երկու ժամ տեւողութեամբ, հիմնականին մէջ կէսօրէ ետքերը, ժամը 2:30էն 4։30, կամ երեքէն հինգ։ Ծրագիրը սկսած էր նախակրթարանի աշակերտներու համար, մինչեւ վեցերորդ դասարան։ Հիմա արդէն եօթներորդ եւ ութերորդ դասարանցիներն ալ կրնան մասնակցիլ։ Աշակերտներուն համար պատրաստուած են յատուկ դասագիրքեր, որոնք այնպէս դասաւորուած են, որ աշակերտին կը փոխանցեն ոչ միայն լեզուի մասին գիտելիքներ, այլեւ կը ծանօթացնեն մշակոյթին, պատմութեան, աւանդութիւններուն, կենցաղային ու ազգային մեր սովորութիւններուն։ Ձեւով մը հայկական իրականութեան հետ աշակերտը հաղորդակից պահելու նպատակին կը ծառայեն թէ՛ ծրագիրները եւ թէ՛ դասագիրքերը։
Աշակերտները ընդհանրապէս ոչ միայն Կլէնտէյլի շրջանէն են, այլ Պըրպանքէն, Թահանկայէն, Սանլանտէն, Լա Քրէսէնթայէն եւ Նորթ Հոլիվուտէն։ Կլէնտէյլի Ճան Մարշալ վարժարանի մէջ սկսած ծրագիրը ներկայիս կ’ընդգրկէ քսանվեց դպրոցներ։
Ճատրակի եւ արուեստի դասընթացքներու համար հաստատութիւնը յաջողած է նոյնիսկ յատկացումներ ստանալ կառավարական պիւտճէներէ։ Ընդհանրապէս շրջանի քաղաքային, գաւառային եւ նահանգային կրթական պատասխանատուներու հետ յարաբերութիւնները միշտ սիրալիր եղած են։ Շրջանի կրթական վերահսկիչ Մայքլ Էսքէլանթէ մեծապէս նպաստած է այս գործի յաջողութեան, հնարաւորութիւն ստեղծած է, որ հաստատութիւնը իր ծրագիրները գործադրելու համար կարենայ վարձել հանրային վարժարաններու դասարաններն ու սրահները։ Ծրագրին նեցուկ կանգնող կամ աջակցող այլ կրթական գործիչներու շարքին են Կրէկ Գրիգորեանը, Նայիրի Նահապետեանը, Թոյլին Ուակնըրը, Թաք Սամպարը, եւ այլք։
Նշենք, որ շրջանիս հայ համայնքին համար մեծ նուաճում մը ապահովուեցաւ երկու տարի առաջ, երբ Թամըս Ճեֆըրսըն նախակրթարանի մէջ հայերէն լեզուն մտաւ պետական կրթական ծրագրի մէջ, որպէս օտար լեզուներէն մէկը՝ սպաներէնի, ֆրանսերէնի կամ գերմաներէնի կողքին։ Այսինքն, հայ թէ օտար աշակերտներ, փորձնական շրջանի մը համար, հայերէն լեզու կրնան սորվիլ իրենց դպրոցին մէջ իբրեւ մաս կրթական ընդհանուր ծրագրին։
Այսու հանդերձ, մեծ թիւով նոր հայեր եկած են հաստատուելու այս շրջանները, որոնց մեծ մասը նիւթական վատ վիճակի մէջ է, չի կրնար վճարել տարեկան սակը։ «ՄարիամեանԴաւթեան» հաստատութիւնը որեւէ մէկը նիւթականի պատճառով չէ մերժած եւ պիտի չմերժէ։
Բացի նորեկներու ստեղծած ճնշումէն, ծրագիրը ինք բաւական ընդարձակուած է. արուեստի, պարի, երաժշտութեան, նկարչութեան դասեր աւելցած են, որոնք յաւելեալ ծախսի դուռ բացած են հաստատութեան համար։
Միեւնոյն ժամանակ, երկրի տնտեսութիւնն ալ իր բացասական ազդեցութիւնը կ’ունենայ նուիրատուութիւններու նուազման տեսակէտէն։
Այս բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով եւ ծրագիրներու զարգացումը ապահովելու ճիգով, «ՄարիամեանԴաւթեան» հաստատութեան ղեկավարութիւնը որոշած է կազմակերպել թելեթոն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 22-ին։
Հաստատութիւնը «Միասին պայքարենք ձուլման դէմ» ընդհանուր կարգախօսով իր կազմակերպած այս թելեթոնէն կ’ակնկալէ գոյացնել շուրջ հարիւրյիսուն հազար տոլար, զոր պիտի յատկացնէ իր ծրագիրը շարունակելու, հարստացնելու ու ճոխացնելու նպատակին։
************************************************
Մէջբերում մը մեր աշխատակից Օննիկ Հայրապետեանի մէկ զեկոյցէն
«Իրանի Թեհրան մայրաքաղաքում յատուկ վարկ ու համբաւ են վայելում կրթական մի շարք օճախներ։ Նրանց շարքին են գտնւում Թեհրանի «Դաւթեան» տղայոց եւ «Մարիամեան» օրիորդաց հայկական միջնակարգ դպրոցները, որոնք երկար տարիներ ծառայել են ու դեռեւս շարունակում են ծառայել իրանահայ կրթական եւ մշակութային կարիքներին։ Շուրջ վաթսունամեայ իրենց կեանքի ընթացքում, այս կրթական կեդրոնները տուել են հազարաւոր շրջանաւարտներ, որոնցից պատկառելի մի թիւ իր կարեւոր ներդրումն է կատարում իրանահայ կրթական, մշակութային, հասարակական ու քաղաքական կեանքում՝ տալով որակաւոր ուսուցիչներ, դերասաններ ու մշակութային գործիչներ։
Յիրաւի այս շրջանաւարտներից մի խումբ, տոգորուած ազգային շնչով եւ հաւատալով ազգային դաստիարակութեան կարեւորութեան, շուրջ քսանմէկ տարի առաջ, Լոս Անճելըսի մէջ ունեցաւ գեղեցիկ եւ ազգօգուտ մտայղացում. այն է՝ հիմնել «Դաւթեան եւ Մարիամեան» անունը կրող մի կրթական հաստատութիւն, որը սկզբից եւ եթ իր վեհագոյն նպատակը դարձրեց ամերիկաբնակ հայ մատղաշ սերնդի հայեցի դաստիարակութեան կենսական գործը»։