Հայօրէն դաստիարակուած է իր ծննդավայր Պուրճ Համուտի մէջ, Լիբանան։ Ատեն մը ապրած է Ֆրանսա, նախ Մարսէյլ, ապա Փարիզ, ուր կազմաւորուած է իր արուեստի ճաշակը։ Ապա՝ Մոնթրէալ, Նիւ Եորք, ուր ծանօթացած է յայտնի լուսանկարիչ Յարութիւն Չոլաքեանին, որմէ «վարակուած է լուսանկարչական արուեստի սիրով»։ Սուրէն Չեքիճեանի պատրաստած Պապեանի կենսագրութենէն կ’իմանանք նաեւ, որ Չոլաքեանի հետ Պապեան աշխատած է «որպէս օգնական եւ թափանցած է լուսանկարչութեան գաղտնիքներուն եւ գտած է ինքզինք իրագործելու ուղին»։
Գալուստի գործերու առաջին բաժինը Նիւ Եորքի կեանքէն առնուած նկարներն են, զորս Չեքիճեան կը համարէ անոր լաւագոյն գործերը, «թէ իբրեւ արուեստի գործեր եւ թէ որպէս եօթանասունական թուականներու արխիւային նիւթ։
Չէքիճեան Պապեանի գործերը գնահատելու ատեն կը վկայակոչէ Վահէ Պէրպէրեանին խօսքերը անոր մասին. «Գալուստին քամերան աչք է, ազնիւ, հետաքրքիր եւ սիրով լեցուն։ Իր մէջ կայ աղուոր վարակիչ միամտութիւն մը, ինչ որ շատ կարեւոր է արուեստագէտին համար։ Վարպետներու յատուկ այդ միամտութիւնն է, որ թարմ կը պահէ իր նկարները, չ’արտօներ, որ սինիիզմը իր գործերէն ներս սպրդի»։
Քանդակագործ Արթօ Չաքմաքեանի բնորոշումով՝ «Գալուստ Պապեան արուեստագէտի համար լուսանկարչութիւնը պահի սոսկ արձանագրութիւնը չէ։ Այն կեանքի բազմաթիւ արտայայտութիւնների մէջ ներթափանցելու միջոց է»։
1975էն թորոնթոյաբնակ դարձած Պապեանի ոսպնեակէն մեզի փոխանցուած են սփիւռքահայ բազմաթիւ արուեստագէտներու՝ Արամ Հայկազի, Յակոբ Կարապենցի, Ասատուր Պզտիկեանի, Գրիգոր Պըլտեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Աթոմ Էկոյեանի, Վահէ Պէրպէրեանի եւ բազմաթիւ ուրիշներու լուսանկարները։ Այս շարքը կը հանդիսանայ Գալուստի գործերու երկրորդ բաժինը՝ ըստ Չեքիճեանի։
Երրորդ բաժինը կը ներկայացնէ «իր հայաստանեան այցելութեան ընթացքին նկարած լուսանկարներու հաւաքածոն, որ բաժնուած է չորս մասերու. յուշակոթողներ, պարզ ժողովուրդ, հայրենի արուեստագէտներ եւ Սերկէյ Փարաճանով»։
Պապեանի այս լուսանկարներու շարքը ութսունական թուականներուն բազմիցս ցուցադրուած է, սփիւռքահայ հասարակութեան ծանօթացնելով Հայաստան աշխարհը իր «բնական վիճակին մէջ»։
Փարաճանովի լուսանկարներու շարքը հաւանաբար Պապեանի ստեղծագործական կեանքի ամէնէն յիշատակելի ու կարեւորագոյն իրագործումներէն է, գոնէ իր հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին այդպէս զգացի ես, իր պատմելու ձեւէն, իր խանդավառութենէն, իր արդար հպարտութեան դրսեւորումէն։
2006ի Նոյեմբերին, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Գալուստ հրաւիրուեցաւ Հայաստան եւ Երեւանի մէջ տուաւ ցուցահանդէս մը, ներկայացնելով հայաստանցի եւ արտասահմանցի արուեստագէտներու, մտաւորականներու, գրողներու դիմանկարներու շարան մը, որու մէջ իր արդար բաժինը ունի համաշխարհային շարժանկարի մեծագոյն հսկաներէն Սերկէյ Փարաճանովը։
Գալուստ Հայաստան իր առաջին ճամբորդութեան ատեն, 1980ի Սեպտեմբերին, այդ ժամանակաշրջանի համար իրապէս խիզախ քայլ մը առած է՝ փնտռելով, գտնելով Փարաճանովի թիֆլիսեան հասցէն, Երեւանէն հասնելով այնտեղ, մտնելով տնային կալանքի ենթարկուած խորհրդային այլախոհի բնակարանէն ներս, ամբողջ ժամեր անցընելով անոր հետ, հաղորդուելով անոր անձին ու արուեստին եւ հրաշալի պատեհութիւնը ունենալով նկարել զայն՝ իր յարկէն ներս, իր բնական, հարազատ միջավայրէն ներս։
«Լուսանկարումի մանրամասնութիւնները կարեւոր չեն… միայն կ’ուզէի ընդգծել, թէ ասպարէզիս ամէնէն յիշատակելի ու հարստացնող փորձառութիւնը ապրեցայ այդ օր», կ’արձանագրէ Գալուստ իր այդ օրը նկարագրած մէկ յօդուածին մէջ։
«Բազմատաղանդ Փարաճանով իր տարերքի մէջն էր, իր հարազատ ջուրերուն մէջ։ Լուսանկարումը վերածուեցաւ տօնահանդէսի։ Չեմ յիշեր քանի անգամ զգեստ ու դիրք փոխեց։ Խորհրդանշաններով յագեցած «փարաճանովաբոյր» շրջապատը լաւագոյնս օգտագործեցի, հաստատում մը ընելու կամ հոգեվիճակ մը ընդգծելու համար, կը գրէ Պապեան՝ ինքն ալ իր տարերքին մէջ եղած ըլլալը մատնելով։
Ես իմ նկարած անձերուն հետ ընկեր կը դառնամ, կը մտերմանամ, յարգանք ցոյց կու տամ անոնց եւ իրենք կը վստահին ինծի, վար կը դնեն իրենց զէնքերը եւ հանգիստ, հարազատ, անմիջական կը ներկայանան ոսպնեակին, կ’ըսէ այս անգամ ինծի, անձնապէս Գալուստ Պապեան, «Ասպարէզ»ի խմբագրատան մէջ նստած։
Դասական դիմանկարը այլեւս ժամանակավրէպ է, կ’ըսէ ան, մարդը պէտք է նկարել իր շրջապատին, իր միջավայրին մէջ, Ազնաւուրը, օրինակ, մեծ բազկաթոռի մը վրայ նստած լուսանկարելը անհեթեթ է, պէտք է զինք բեմի վրայ նկարել, այնտեղ, ուր Ազնաւուրը կը գտնէ իր իսկական դէմքը։
Ոճդ ինչպէ՞ս կը բնորոշես, հարցումին կը պատասխանէ մասնագիտօրէն, «էտիթորիըլ»՝ երեւի խմբագրումով լուսանկարչութիւնն է իրը, ոչ լրագրական լուսանկարչութիւնը, որ կը պատմէ եւ միայն պատմութեան, լրագրութեան մէջ կ’իմաստաւորուի։ Իր գործերը պէտք է առանձին ոտքի մնան, առանձին արժէք ներկայացնեն։
Արուեստաբան Մոսվէս Ծիրանի զինք «բանաստեղծ լուսանկարի»չ, կամ «լուսանկարիչ բանաստեղծ» կը կոչէ։
«Ոսպնեակը պարզ արհեստագիտական հասկացողութեամբ միջոց մը չէ Գալուստի համար, այլ պաստառ մը, ուր երփներանգ-լուսաստուերի զուգահեռ, կը խտանան ու կը բացուին նաեւ մարդկային նուրբ ապրումներ, յոյզեր եւ վիճակներ։ Ահաւասիկ հոս է, որ լուսանկարչութիւնը կը վերածուի արուեստի ու բանաստեղծը ի յայտ կու գայ իբրեւ ստեղծագործող լուսանկարի»չ, կը գրէ Ծիրանի։
Ես սիրողական մակարդակով կը նայիմ Փարաճանովի նկարներուն, որոնց պատճէնները հետը բերած է, եւ նոյնիսկ այս խամրած, սեւ-ճերմակ օրինակներուն մէջ ինծի համար կը բացուի Փարաճանովեան գոյներու հարստութիւնը՝ լոյսի խաղերու, հակասութիւններու ընդմէջէն։
Յոյս ունինք, եւ կարծեմ այդպիսի մտադրութիւն մը կայ, որ մօտ ապագային Գալուստ Պապեանի նկարները տեսնենք Լոս Անճելըսի մէջ՝ յատուկ ցուցահանդէսի մը ընթացքին։