Լոս-Անճելըսի Ֆորտի անուան Թատերասրահը (Ford Amphi-theatre), Կիրակի, Յունիսի 29ին պիտի հիւրընկալէ իւրայատուկ երեկոյ մը՝ «Աստղածորան երկնքի տակ երգահանդէս»ը, իբրեւ Լոս Անճելըս-Երեւան քոյր քաղաքներու համագործակցութեան անդրանիկ ձեռնարկը, որով քոյր քաղաքներու տարբեր կատարողներ անսովոր կարգադրութեամբ իրարու մօտ գալով պիտի տօնախմբեն Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի միջեւ հետզհետէ աճող կապերը:
Prana Caffe-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք այս բացօթեայ երեկոյթին երաժշտական տարբեր դերերով հանդէս պիտի գան տաղանդաւոր կատարողներ, ինչպէս՝ Visa-ն, Ներսիկ Իսպիրեանը եւ Տարօն նուագախումբը, Արմէն Մովսիսեանը եւ տարբեր ձայներու տիրող՝ Michael-ը: Նաեւ, երեկոյթի ընթացքին, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը եօթին, անակնկալ հիւրեր եւ զուարճախօսներ պիտի ցուցաբերեն իրենց տաղանդը։
Լոս Անճելըս-Երեւան քոյր քաղաքներու ընկերակցութիւնը հիմնուած է 2007 թուականին։ Ան մաս կը կազմէ քոյր քաղաքներու միջազգային ընկերակցութեան, որ իր կարգին հիմնուած է 1950 թ. ԱՄՆի նախագահ Տուայթ Այզընհաուրի հրամանով, նպատակ ունենալով՝ ձգտիլ ազգերու միջեւ համերաշխութեան եւ բարեկամական կապեր ստեղծել ու զարգացնել աշխարհի տարբեր երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ:
Լոս Անճելըս-Երեւան քոյր քաղաքներու ընկերակցութեան նպատակն է նորանոր կամուրջներ հաստատել երկու քաղաքներուն միջեւ, եւ անոնց քաղաքներու բնակիչներուն միջեւ յարաբերութեան նոր կապերու հաստատումով՝ նոր բարեկամական կապեր ստեղծել Հայաստանի եւ ԱՄՆի միջեւ՝ մշակոյթի, տնտեսութեան զարգացման, գիտութեան, առողջապահական սպասարկութիւններու, սպորտի եւ առեւտուրի փոխանակման ոլորտներուն մէջ:
Քոյր քաղաքներու գործակցութեան յաջողութեան առաջնահերթ կռուաններէն մէկը դրամահաւաքն է, որու միջոցով կարելի պիտի ըլլայ ֆինանսաւորել ծրագրուելիք տարբեր ձեռնարկներ, ըլլան անոնք տնտեսական, մշակութային, ուսումնական թէ գիտական մարզերու մէջ:
Իբրեւ կազմակերպութիւն, ընկերակցութիւնը հետեւողականօրէն կ՚աշխատի քաջալերել հայ մշակոյթի տարածումը Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ«Աստղածորան երկնքի Տակ» երգահանդէսը, կազմակերպութեան ատենապետուհի Սիւզի Խանզադեանի գնահատումով, մէկն է այդ ուղղութեամբ կատարուած ճիգերէն։ Կարեւոր է այստեղ նշել, թէ այս եւ նմանօրինակ ձեռնարկներէն գոյացած եկամուտն է, որ պիտի ֆինանսաւորէ ընկերակցութեան զանազան ծրագիրները։
Լոս Անճելըս-Երեւան քոյր քաղաքներու ընկերակցութիւնը ներկայիս իր ծրագիրներուն մէջ ունի Երեւանի մէջ հիմնական վերանորոգութեան կարիք ունեցող դպրոցներու պարագան:
Երգահանդէսին հասոյթը պիտի յատկացուի դպրոցներու համար խիստ կարեւոր պիտոյքներ հայթայթման եւ կարասիներու վերանորոգման:
Կազմակերպութիւնը կը ջանայ ստեղծել աշակերտներու եւ մասնագէտներու փոխանակման ծրագիր մը՝ Երեւանի հետ գիտելիքներ եւ փորձառութիւններ փոխանակելու նպատակով:
Երեւանը խորհրդանշող Յուշակոթողի մը կառուցումը նաեւ ընդգրկուած է ծրագիրներու մէջ, որոնց համար ընկերակցութիւնը կը յուսայ նիւթական աջակցութիւն ստանալ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանէն: