Մէկ ամիսէն, աւելի ճշգրիտ՝ Օգոստոս 14ին, «Ասպարէզ» պիտի դառնայ հարիւր տարեկան: Այդ օրը լոյս պիտի տեսնէ թերթի հարիւրերորդ տարուան առաջին համարը: Այնուհետեւ լոյս տեսնող իւրաքանչիւր թիւ յոբելենական պիտի դառնայ:
Դար մը ծառայութիւն: Անսակարկ, ամբողջական, սիրով:
Հպարտութեամբ կը նայինք անցեալին, կը ներշնչուինք մտաւոր այն հսկայական շտեմարանով, որ ամփոփուած ու պահպանուած է թերթի հազարաւոր էջերուն վրայ: Կը փորձենք հարազատ մնալ այն բիւրեղեայ աւանդութեանց, որոնք կերտուած են զոհաբերութեամբ, նուիրումով՝ ոչ միայն ուղղակի «Ասպարէզ»ի յարկին տակ 1908էն սկսեալ իրար յաջորդած խմբագրական կազմերուն, այլեւ թերթը բոլոր ժամանակներուն պահող, անոր նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնող, անոր դժուարութիւնները կիսող, անոր նուաճումներով երջանկացող սերունդներուն:
Իբրեւ շաբաթաթերթ սկսած, Ֆրեզնոյի պանդուխտները հայրենիքին կապող լրագիրը, փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս, դարձաւ եռօրեայ, ապա օրաթերթ, դարձաւ երկլեզու, ճոխ շաբաթաթերթով: Երբեք չնահանջեց, երբեք չընկրկեցաւ, միշտ փնտռեց իր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու ուղիներ, միշտ մնաց սկզբունքային, գաղափարական, անզիջող: Այդպէս եղաւ, որովհետեւ ուղեցոյցը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր, իր ծրագրով, իր հաւատամքով ու դաւանանքով եւ արժէքային համակարգով:
Այդպէս եղաւ, որովհետեւ իր ընթերցողները միայն այդ կը սպասէին իրմէ, կ’ակնկալէին ու կը պահանջէին իրմէ: «Ասպարէզ» չէր կրնար չենթարկուիլ իր տէրերուն, իր ոչ թէ բաժանորդներուն, այլ բաժնետէրերուն:
Այժմ, թերթի խմբագրութիւնը, նշանաւորելու համար հարիւրամեայ այս երեւոյթին դարեդարձը, կը նախապատրաստէ յոբելենական ձեռնարկներու շարք մը, որոնց մասին հերթաբար տեղեակ պիտի պահէ ընթերցողները, բարեկամներն ու համակիրները:
Այսօր, կը դիմենք բոլորիդ: Իւրաքանչիւր ընթերցողի, որ մեզի փոխանցէք ձեր խօսքը, շնորհաւորականը, թերթի յոբելեանը ողջունող ձեր երկտողը, ձեր նամակը, ձեր գրութիւնը: Շնորհաւորանքներու շարքը պիտի սկսի լոյս տեսնել թերթի հարիւրամեայ առաջին համարին մէջ, Օգոստոս 14ին:
Այսու կը դիմենք նաեւ մեր աշխատակիցներուն, հեռու եւ մօտիկ մտաւորականներուն, որ «Ասպարէզ»ի հարիւրամեայ յաջորդական թիւերուն մէջ լոյս ընծայեն իրենց մտածումները, գաղափարները եւ վերլուծումները՝ ընդհանրապէս հայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ մասնաւորապէս «Ասպարէզ»էն իրենց ակնկալութիւններու մասին:
Կը խնդրենք, որ այս գրութիւնը ընդունուի իբրեւ բաց հրաւէր ուղղուած բոլորին, ուղղուած բոլորիդ: